Թրամփ Ուաշինկթընի Մէջ Անգարայի Վերջին Ջատագովը Կը Մնայ. Հայ Դատ
19 Դեկտեմբեր 2019 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը չէ փոխուած:«Մեր մօտեցումը կ՛արտացոլայ այս տարուան Ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահին արտայայտած յայտարարութեան մէջ», արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած մեկնաբանութեան մէջ կը նշէր նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մորկըն Օրթըկըս:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հրապարակուած ուղերձին մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1915ի իրադարձութիւնները անուանած էր «Մեծ Եղեռն», դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ յստակ չէ, որ «նախագահ Թրամփ որքան հաւատարիմ պիտի մնայ իր հակաամերիկեան դիրքերով ծանօթ մենատէր Էրտողանին»:
«Մինչ հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներուն առաւել քան 98 տոկոսը իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Քոնկրեսի բանաձեւին, նախագահը մեկուսացած կը մնայ եւ Անգարայի վերջին ջատագովն է Ուաշինկթընի մէջ», նշեց Համբարեան:
asbarez.com