Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնին. Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Եւ Մտաւորական Հաղորդավար Ղասսան Շամի Իրենց Ականատեսի Վկայութիւնները Ներկայացուցին «Արցախի Հանրապետութիւնը Լիբանանցիներու Վկայութեամբ» Խորագրեալ Զրոյցի Ընթացքին
07 Մարտ 2020 Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 6 մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Հանրապետութիւնը` լիբանանցիներու վկայութեամբ» խորագրեալ զրոյց-հաւաքը` ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երեսփոխաններ Շամել Ռուքոզի, Էտի Մաալուֆի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններ Ալեքս Մաթոսեանի եւ Յակոբ Թերզեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Սամի Ժեմայելի ներկայացուցիչ Փիեռ Ժալըխի, լիբանանեան տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, նախկին նախարար Ռիշար Գոյումճեանի, ինչպէս նաեւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտանի, Ահրար կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամունի եւ նախկին երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուիի ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ Հայ դատի հայ թէ ոչ հայ բարեկամներու հոծ բազմութեան:
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով Ցոլեր Թալաթինեան ողջունելէ ետք ներկաները արաբերէնով նշեց ձեռնարկին շարժառիթն ու հիմնական խորագիրները: «Հայկական հարցը դատն է այն ազգին, որ կառչած էր եւ է՛ իր պատմութեան, իր իրաւունքներուն եւ իր նահատակներուն», ըսաւ Թալաթինեան` նշելով, որ եթէ մէկը կը զօրակցի մարդկային իրաւանց պահպանման, ժողովուրդներու ինքնորոշման, ճակատագիրի տնօրինման եւ խաղաղ ու արժանապատուութեամբ ապրելու պահանջներու իրագործման, ապա անպայման կը զօրակցի Հայ դատին ու Արցախի հարցին, որովհետեւ ատիկա կը փաստէ, որ անոնք անկեղծօրէն կը զօրակցին այդ սկզբունքներուն ու արժէքներուն:
Ձեռնարկի հանդիսավար, «Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն յայտագիրներու հաղորդավար Հալա Հատտատ իր կարգին ողջունելով ներկաները զրոյցը վարեց` հերթաբար հարցումներ ուղղելով օրուան զեկուցաբերներուն` թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտինի, միջազգային յարաբերութեանց մասնագէտ դոկտ. Լէյլա Նիքոլայի եւ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Ղասսան Շամիի, Ստեփանակերտի մէջ կայացած Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութեան տպաւորութեան մասին:
Հաղորդավար Ղասսան Շամի գրական յատուկ ոճով գովերգեց Արցախի եւ յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Շուշիի գեղատեսիլ տեսարաններն ու պարզած մշակութային թէ զբօսաշրջային տեսարժան յատկութիւնները: Մէջբերումներ կատարելով արաբ հանրածանօթ բանաստեղծ Մութանապպիէն` Ղասսան Շամի դրուատեց Արցախի ժողովուրդին հիւրասիրութիւնն ու ցուցաբերած խիզախ կեցուածքները վասն անկախութեան: Ան շեշտեց Արցախի բնական տուեալներու, տեսարժան վայրերու եւ այլ իւրայատկութիւններու օգտագործումին կարեւորութիւնը ի սպաս Արցախի քարոզչութեան եւ առաւել եւս ծանօթացման: Շամի ընդգծեց, որ Արցախը մշակութային բացօթեայ թանգարան է: Մէջբերումներ կատարելով Նափոլէոն Պոնափարթէն եւ ֆրանսացի մտաւորական Փիեռ Ժոզեֆ Փրիւտոնէն` Ղասսան Շամի անհրաժեշտ նկատեց հայութեան եւ յատկապէս Արցախի տնտեսութեան հզօրութեան եւ ապահովութեան երաշխիքի կարեւորութիւնը` ամրագրելու համար անոր անկախութիւնը: Ան իր վկայութիւնը սկսաւ հայերէն «բարեւ» բառով եւ եզրափակեց «մնաք բարով» ըսելով:
Իսկ դոկտ. Լէյլա Նիքոլա բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան, հայութեան ու Հայ դատի մարմինի այս նախաձեռնութիւնը, գովերգելով Արցախի գեղատեսիլ վայրերն ու Շուշիի ռազմավարական ամրակուռ դիրքը: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հոկտեմբեր 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ գումարուած Արցախի բարեկամներու յատուկ խորհրդաժողովին աշխարհասփիւռ պատուիրակներու մասնակցութիւնը, որոնցմէ շատեր ծագումով լիբանանահայեր էին եւ տակաւին կը կրէին իրենց լիբանանեան ինքնութիւնը, ինչ որ խորապէս ազդած է վրան: Այս գծով ան նաեւ յիշեցուց, թէ ինչպէս ՀՅԴ-ն երեսփոխանական ընտրութեան նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին իր պարզած պաստառներուն վրայ հայկական ու լիբանանեան դրօշներով կը ներկայանար, ինչ որ իր մօտ խթանած է հպարտութեան ու ազգային պատկանելիութեան խոր զգացումները: Դոկտ. Նիքոլա յայտնեց, որ շրջանի ժողովուրդները, յատկապէս լիբանանցիները, հայերը եւ ասորիները ենթարկուեցան նոյն ճակատագիրին: «Մենք` լիբանանցիներս, Համաշխարհային Ա. պատերազմին մեր թիւին մէկ երրորդը կորսնցուցինք սովի պատճառով, միւս մէկ երրորդը` գաղթի, ու այսօր մենք հոս մնացեալի սերունդին ժառանգորդներն ենք», ընդգծեց ան թելադրելով, որ աշխարհասփիւռ հայեր իրենց մեծաթիւ քուէարկողներով կրնան տեղական (Քանատա եւ այլն) թեկնածուներուն իրենց քուէն խոստանալ, պայմանով որ տուեալ թեկնածուները ճանչնան Արցախի անկախութիւնը: «Միջազգային օրէնքի դիտանկիւնէն, նկատի ունենալով, որ հայեր հինէն ի վեր կը բնակին Արցախի մէջ եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու օրով նկատուած են իբրեւ բռնարարքի ենթարկուած փոքրամասնութիւն` իրենց արդար իրաւունքն է ինքնորոշման տնօրինման եւ անկախ պետականութեան իրագործման պահանջի արծարծումը միջազգային պատկան հարթակներու վրայ, յատկապէս հիմնուելով 1933-ին Մոնթեվիտէոյի դաշնագիրի տրամադրութեանց վրայ», ընդգծեց դոկտ. Նիքոլա` շեշտելով, որ Արցախ ամէն բանէ աւելի պէտք ունի տնտեսական օժանդակութեանց եւ ապահովութեան ամրագրումի: «Երկաթը տաք-տաք կը ծեծեն», շեշտեց Նիքոլա: Իսկ հարցումի մը պատասխանելով` ան յայտնեց, թէ Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը ամէնէն աւելի Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ արծարծել միջազգային պատկան հարթակներու վրայ: Ան լիբանանցիներուն թելադրեց ընդառաջել ու մասնակցիլ դէպի Արցախ կատարուող որեւէ շրջապտոյտի առաջարկի կամ հրաւէրի:
Իր կարգին, թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին բարձր գնահատեց Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ճիգերը` Հայ դատի թէ Արցախի անկախութեան պահանջներու իրագործման գծով, նշելով, որ անիկա առանցքային դեր ունի եւ խթան կը հանդիսանայ այս ուղղութեամբ տարուող քայլերուն: Ան անուններով դրուատեց նշեալ մարմինի անդամները: Դոկտ. Նուրէտտին նմանապէս գովերգեց Երեւանի եւ Արցախի գեղեցկութիւնն ու կարեւորութիւնը` թուելով նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի բարեմասնութիւնները: Ան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի անկախութեան ամրագրման ճիգերուն` զայն նկատելով արդար դատ մը, որուն լուծումը սակայն պատերազմներէ աւելի կախեալ է շրջանային քաղաքական հաշուարկներէ: Ան անհրաժեշտ նկատեց Ստեփանակերտի օդակայանի վերաբացումը, որ «թէեւ դժուար է, սակայն կարելի է հարթել Ռուսիոյ միջամտութեամբ»:
Ապա երեք զեկուցաբերները զրուցավար Հալա Հատտատի հետ հերթաբար պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ յատկապէս Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին մասին արաբերէնով տեսահոլովակ մը:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:
aztagdaily.com