«Ազդակ»ի Խմբագրական. 105ը 100ով պայմանաւորուած․ Սեւրի տրամաբանութեան տեսանելիութիւնը
21 Ապրիլ 2020 Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի նշումը անպայման քաղաքական թելերով կը կապուի Սեւրի պայմանագրի եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 100-ամեակին։ Այս փոխկապակցուածութիւնը կը նպաստէ նաեւ ճանաչումէն հատուցում անվերադարձ անցում կատարելու իրաւաքաղաքական որոշումին։Համազգային մակարդակով աշխատանքային նոր գերակայ ուղղութիւններ ճշդելու հրատապ օրակարգի առջեւ ենք։ Մանաւանդ, որ հռչակագրային-հայեցակարգային փաստաթուղթը իբրեւ աշխատանքային ուղեցոց մշակած եւ ստորագրած ենք ազգովին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով։ Խօսքը բնականաբար Համահայկական հռչակագիրին մասին է, որ թէ՛ պետական եւ թէ հասարակական հարթութիւններու վրայ գործնապէս իմաստաւորելու խնդիր ունինք։

Օրախնդիրը միայն ներազգային տարողութիւն չունի։ Քաղաքական իրադարձութիւնները, նոյնիսկ աշխարհաքաղաքական գործընթացները առանց Սեւրի անուն նշելու խորքին մէջ Սեւրի տրամաբանութեան մասին կը խօսին, տարածաշրջանին եւ աւելի մասնակիօրէն Թուրքիոյ ուղղութեամբ ճնշումները սաստկացնելու առումով։ Էրտողանի քաղաքականութիւնը յայնտնապէս կը նպաստէ սեւրեան քաղաքական տրամաբանութեան վերարծարծման։
Պահ մը շրջանցելով հայկական գործօնը նկատենք, որ Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը կը բախի եւրոպական, ամերիկեան, արաբական, քրտական դիմայակէտերու, նշելու համար միայն ամէնէն բացայայտ եւ գործնական դրսեւորում ունեցող պարագաները։ Անգարան չէ յաջողած ձեւաւորել իր առաջադրած անվտանգութեան գօտին Սուրիոյ մէջ, իր յայտարարած նպատակները Լիպիոյ մէջ հեռու են իրականացուելէ, կը կրէ հանգրուանային պատժամիջոցներ համաեւրոպական կառոյցներէն, կը ստանայ յստակ քաղաքական ուղերձներ Ուաշինկթընէն եւ արաբական երկիրներու հետ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման միտումները։Անոնք տեսք կը ստանան սուրիական խորհրդարանին թէ արաբական ծոցի, սկսելու համար, տեղեկատուական եւ վերլուծական կեդրոններու մէջ։
Կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան ճանաչման սպառնալիքին գործնականացման երեւոյթին՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Ներկայացուցչական տան եւ ծերակոյտի քուէարկութիւնները ամերիկեան պաշտօնական ճանաչումի արձանագրութիւն կը կատարեն ըստ էութեան։ Որքան ալ վարչակառավարումը կը յապաղի նման քայլ առնելէ կամ կը փորձէ շրջանցել եզրի օգտագործումը, կատարուածը պարզօրէն Միացեալ նահանգներու պաշտօնական ճանաչումն է։
Ահա այստեղ է, որ ամերիկեան, սկսելու համար, օրէնսդիր շրջանակները կրնան յիշել իրենց նախորդ նախագահներէն՝ Ուիլսընի կատարած իրաւարարաութիւնը տարածքային սահմանագծումներու առումով։ Սեւրին միջազգային հնչեղութիւն տալը եւ այդ շրջածիրին մէջ իրւարարաութեան որոշումին հրատապութիւն հաղորդելը հայ քաղաքական մտքին անյետաձգելի օրակարգն է։
Աշխարհաքաղաքական եւ համազգային բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով հատուցման իրաւական փաստաթուղթերու մշակման նախապէս կայացած որոշումները գործադրելու ազդանշանի պահն է։
Ամբողջ համակարգ մը տասնամեակներ պատրաստեց ճանաչման ենթահողը․ քաղաքական պահը երբ հասաւ գործնական տեսք ստացան այդ թղթարծարները։ Այժմ հատուցման թղթծարարի պատրաստութեան եւ միջազգային հնչեղութեան պահն է։ Բոլոր նախադրեաները նկատի ունենալով։