Ակնարկ. Պարտադիր Արեւելումներ
10 Հուլիս 2020 Համաշխարհային առումով կը թուի, որ տնտեսական պատերազմը Ուաշինկթըն-Փեքին յարաբերակցութեամբ կ՛ընթանայ: Տնտեսական բեւեռի վերածուած Չինաստան բոլոր ոլորտներուն մէջ ազգային տնտեսութիւն կայացուցած պետութիւն է, որ արտահանման հսկայական տարածականութիւն գրաւած է արդէն:Փոխուող աշխարհակարգին մէջ կենսաբանութիւնը գերակայ ուղղութիւն է յայտնապէս: Ոչ անպայման բնապահպանութեան դասական ընկալումով յատկանշուող քաղաքական ուժերու յառաջընթացի իմաստով, այլ յատկապէս վարակաբանական շեշտադրումներով:
Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համաշխարհային իրավիճակը կը յուշէ, որ աշխարհը դեռ պատրաստ չէ պայքարելու կերպարանափոխուող կամ բոլորվին նոր վարակներու դէմ:
Արձանագրուեցաւ փաստ, որ առաջին հերթին եւ ամէնէն շատ ախտահարուած աշխարհագրական միջավայրը` Չինաստանը ամէնէն ազդու եւ ամէնէն արագ ու արդիւնաւէտ ձեւերով յաջողեցաւ յաղթահարել ընդհանուր իրավիճակը: Հետագայ միտումները նկատի ունենալով ուրեմն, կենսաբանական զէնքերու կամ հակազէնքերու, վարակներու եւ հակավարակային գործողութիւններու բախուող գործընթացներուն մէջ Չինաստանը պիտի շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնական դիրքերը:

Կերպարանափոխուող համաշխարհայնացումի նախադրեալներ պարզուած են արդէն: Երեւոյթը ինքնին համաշխարհային է: Կենսաբանականն ու տնտեսականը համախառն են եւ կ՛ընթանան անքակտելիօրէն ընդելուզուած տեսքով:
Չինաստանը կը փորձէ իր յառաջատար դիրքերը պահել այս համախառն կացութեան մէջ, թէ՛ կենսաբանական վտանգները յաղթահարելու կազմակերպուածութեամբ եւ թէ՛ տնտեսական ցուցանիշներու թիւերու պահպանումով:
Միւս բեւեռը, տարբեր հանգամանքներով մինչ այժմ չի յաջողիր վերահսկելի դարձնել իրավիճակը: Կեդրոնական եւ նահանգային իշխանութիւններուն միջեւ քաղաքական հակասութիւնները միատեսակ քաղաքականութիւն չեն կրնար ճշդել վարակի դէմ յայտարարուած պայքարին նկատմամբ եւ վերաբացման փորձերուն արագօրէն կը հետեւին վերափակումները:
Շարունակելով համախառնի տրամաբանութիւնը, պարզ է, որ կ՛ազդուի նաեւ տնտեսութիւնը: Եթէ Չինաստանը կը շարունակէ իր արտահանումներու յաղթարշաւը, ապա «Նախ Ամերիկա» կարգախօսը չի սահմանափակուիր ընտրական դաշտին մէջ եւ տարբեր ուղղութիւններով կ՛ամփոփուի ներամերիկեան գիծերու մէջ:
Կենսաբանական-տնտեսականի համախառն ընթացքը անշուշտ կը ստանայ քաղաքական տարողութիւն: Տնտեսական թափանցումներն ու նահանջները տեսականօրէն իրենց հերթին կը յառաջացնեն կամ կը չէզոքացնեն ազդեցութեան գօտիներ:
Ընդհանուր այս տեսութեան մէջ իւրայատուկ պարագայ է Լիբանանը: Քաղաքական դրդապատճառներով ֆինանսատնտեսական պաշարումի տակ է երկիրը: Համաշխարհային դրամատունը, Միջազգային դրամական ֆոնտը չյայտարարուած քաղաքական պատճառներով կը կաթուածահարեն Լիբանանի դրամատնային համակարգը: Մինչ կը գահավիժի երկրի տնտեսութիւնը: Այստեղ, համավարակի վերահսկելիութիւնն ու տնտեսական գահաժիջումը նոյն ուղղութիւններով չեն ընթանար, ի տարբերութիւն չինական օրինակին:
Կ՛արծարծուի արեւելումի խնդիրը: Եթէ Արեւմուտքը պաշարման կ՛ենթարկէ Լիբանանը, քննել կարելիութիւնները` յարելու դէպի Արեւելք: Արեւելք կը նշանակէ ածանցուիլ Չինաստան-Իրան-Ռուսիա առանցքին:
Իրանի նկատմամբ կը կիրարկուի մեկուսացման քաղաքականութիւն. Ռուսիան որոշ առումներով կը կրէ պատժամիջոցներու հետեւանքներ, իսկ Չինաստանը ինքը արդէն տնտեսական համաշխարհային պատերազմի բեւեռն է:
Պարզ չէ ընտրութիւնը. եւ անշուշտ կարելի չէ ըսել, որ միանգամայն նոր արեւելում որդեգրելով լիբանանեան տնտեսութիւնը կը սկսի շնչել: Հայեացքները դէպի տարբեր ուղղութիւն շրջելու անմիջականութեան առջեւ է երկիրը: Արեւմտականացած, ազատ շուկայական ու բաց առեւտուրի դրութենէն դէպի տնտեսական սահմանափակ նոր գործընկերներու անցումը անշուշտ հեզասահ չ՛ըլլար:
Ներլիբանանեան համաձայնութիւն չկայ արեւելումի պարտադիր փոփոխութեան շուրջ: Առ այս պահը չեն երեւիր նախադրեալներ այլընտրանքային ուղիներ որդեգրելով իրավիճակի ծանրութիւնը հանգրուանային ձեւով թեթեւցնելու առումով:
Բեւեռներու պայքարը պիտի շարունակուի: Լիբանանի մէջ, գործող կառավարութեան շուրջ համախմբուիլն է առաջին հերթին, որ կը յաջողի, սկսելու համար, թեթեւցնել այն ծանր հարուածներու ազդեցութիւնը, որուն կ՛ենթարկուի երկիրը:
Այս բոլորէն ետք, քննարկել այլընտրանքային ուղիներու որդեգրման հաւասարակշիռ մօտեցումները` պաշարումի հետեւանքներուն եւ պարտադիր նոր արեւելումով պայմանաւորուած կարելիութիւններուն միջեւ:
«Ա.»
aztagdaily.com