Մենք` Լիբանանահայերս Առանձին Չենք
13 Հուլիս 2020 Ժամանակի ընթացքին Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական թէ ընկերային կացութեան աստիճանական վատթարացումին եկան միանալու անցնող ամիսներուն քաղաքական անբարեդէպ զարգացումներն ու վերջապէս «Քորոնա» ժահրի առողջապահական թէ ատկէ յառաջացած տնտեսական պայմաններու գահավիժումը:Լիբանանցի քաղաքացին այսօր աննախընթաց կացութեան մէջ է, որ նոյնիսկ կարելի չէ բաղդատել լիբանանեան պատերազմի սեւ օրերուն, գէթ տնտեսական իմաստով:
Այս իրավիճակէն հեռու չէ եւ չէր կրնար ըլլալ լիբանանահայութիւնը, որ տասնամեակներ ամբողջ յաջողեցաւ տոկալ Լիբանանն ու հայութիւնը հարուածող տարբեր փոթորիկներու` ապահովելով իր գոյատեւումն ու միաժամանակ արիւնատար երակը եղաւ համահայկական ընդհանրական ճիգին եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու զարգացման ի սպաս:

Տագնապի առաջին օրերէն պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ հանդէս եկան Լիբանանի հայութեան մէջ դերակատարութիւն ստանձնած տարբեր շրջանակներ` սկսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետէն, հոգեւոր պետեր, քաղաքական, բարեսիրական, կուսակցական թէ միութենական հեղինակութիւններ, մինչեւ անհատ բարերարներ եւ անյայտ սրտցաւ ազգայիններ:
Հակառակ պատահական դժգոհութեանց, բամբասանքի թէ չարախօսութեանց, անհիմն ամբաստանութեանց թէ քարոզչական մտածուած եւ քաղաքական նպատակներով թիրախաւորման, լիբանանահայութիւնը ցարդ, մեծապէս կրցաւ ինքզինք պահպանել ու ապրեցնել իր առօրեան:
Այսուհանդերձ, ոչ մէկ ատեն պատահած է, որ Լիբանանի հայութեան եւ մեր հայ օճախին գոյութիւնը ինքնանպատակ եղած ըլլայ:
Փաստօրէն, Լիբանանի հայութիւնը ապրած, գոյատեւած, պայքարած է համայն հայութեան գոյատեւման ուժեղացման ու զարգացման համար:
Այն օրերուն, երբ տկար հոգիներ շիրմաքար կ՛ուզեն դնել Լիբանանի հայութեան վրայ, ահա կը վերընձիւղուի համահայկական գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` օժանդակութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի հայութեան, այն խոր համոզումով, որ Լիբանանի մէջ հզօր հայկական օճախը, հզօրութիւն է ու արժէք համայն հայութեան համար:
Տագնապի առաջին օրերու նախաձեռնութիւններուն միացան աւելի մեծ ու կազմակերպուած աշխատանքներ: Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան գաղութներ, կրօնական հեղինակութիւններ թէ անհատներ միացան այս ճիգին:
Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեան զուգահեռ, վերջին օրերուն մենք սկսանք շօշափել ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախաձեռնած հանգանակութեան գործնական արդիւնքները, որոնք պիտի շարունակուին անկասկած:
Հայաստան, Արցախ, արաբական երկիրներ, Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններ, Քանատա, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ, Աւստրալիա եւ հոն, ուր դաշնակցական կառոյց կը գործէ, հակառակ համաշխարհային ճգնաժամին, մեր ընկերները, արդէն իսկ արթուն եւ գիտակից պատրաստակամութեամբ լծուած են Լիբանանի հայութեան կարիքներուն հասնելու անյետաձգելի գործին:
Վստահ պէտք է ըլլալ, որ դաշնակցական նախաձեռնութիւն մը միայն դաշնակցական մարդու զօրակցութեամբ չի յաջողիր եւ դաշնակցական նախաձեռնութիւն մը չի մնար միայն դաշնակցական շրջանակներու օժանդակելու ծիրին մէջ:
Այն, ինչ որ կը կատարուի Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, վստահօրէն կը դրուի Լիբանանի հայութեան ծառայութեան մէջ:
Տագնապահար է Լիբանանը:
Տագնապի մէջ է Լիբանանի հայութիւնը:
Բայց առանձին չէ Լիբանանի հայութիւնը:
Վստահաբար առանձին պիտի չմնայ:
Կը բաւէ պահել հաւատքը, կամքը, աշխատելու վճռականութիւնը, եւ կը գոյատեւէ Լիբանանի հայութիւնը:
Կը բաւէ անձնական տկարութիւնները չընդհանրացնել ու պատասխանատուութիւններէ չխուսափիլ, եւ կը գոյատեւէ լիբանանահայութիւնը:
Կը բաւէ բարձր պահել Լիբանանի հայ մարդուն արժանապատուութիւնը, եւ վստահաբար կը գոյատեւէ լիբանանահայութիւնը:
Լիբանանի հայութեան գոյատեւումը իւրաքանչիւր հայ բազուկի պարտաւորութիւնն է: Նախ մենք, Լիբանանի մէջ:
Ու ապա համայն հայութեան, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր հայ օճախը:
Մենք առանձին չենք:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ