ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Գուժէ Ընկեր Մանաս Պուճիքեանի Մահը
21 Սեպտեմբեր 2020
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն մեծ վիշտով կը գուժէ մահը վաստակաշատ անդամ, նուիրեալ գործիչ եւ առատաձեռն բարերար ընկեր Մանաս Պուճիքեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020ին:
Ընկեր Մանաս Պուճիքեանի՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, համայնքին եւ Հայ Դատին մատուցած նպաստը եւ ներդրումները անհամար են:
Ան եղած է Հայ Մշակութային Հիմնարկի հիմնադիր անդամներէն. քաղաքական գործիչ մը, որուն մտապատկերը առաջնորդեց այսօրուան Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպման: Անոր առատաձեռնութիւնը տարածուեցաւ համայնքի յառաջդիմութեան՝ ուսումնական հիմնարկներէն մշակութային կազմակերպութիւններու վրայ, եւ ան մեծ ճիգ թափեց հայ ժողովուրդի ձգտումներու իրականացման գործին մէջ:
Ան եղաւ «Ասպարէզ» օրաթերթին տասնամեակներով զօրավիգ կանգնողը եւ բարերարը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր բոլոր անդամներուն կողմէ ցաւակցութիւն կը յայտնէ ընկեր Մանաս Պուճիքեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
20 սեպտեմբեր, 2020թ
asbarez.com