Զօրակցութեան ցոյց՝ Նիւ Եորքի մէջ
03 Հոկտեմբեր 2020 Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1-ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզի հայ համայնքներու բազմաթիւ անդամներ ցոյց կատարեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մերձակայքը գտնուող «Տակ Համարշոլտ» հրապարակը՝ զօրակցելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին, որ հերոսաբար կը դիմագրաւէ ատրպէյճանա-թրքական ռազմական յարձակումը։Աւելի քան երեք հարիւր ցուցարարներ մասնակցեցան այս հաւաքին։ Ներկայ էին նաեւ երկու առաջնորդները՝ Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան (Էջմիածնական թեմ) եւ Անուշաւան Արք․Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմ) եւ իրենց կողքին ունենալով շրջանէն հովիւներ։

Տէրունական աղօթքէն ետք, անոնք խօսք առնելով կոչ ուղղեցին յաւելեալ միասնականութեամբ դիմադրելու այս վճռական ճակատամարտը շեշտելով, թէ Արցախի մէջ մեր հարազատները ենթարկուեցան պատերազմական ահաւոր յարձակումի, շղթայազերծուած Ատրպէյճանի կողմէ՝ թրքական կառավարութեան զօրակցութեամբ։
Անոնք շեշտեցին, թէ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակները ամբողջական սրտով կ՛աջակցին Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մաղթելով շուտափոյթ խաղաղութիւն, որպէսզի շրջանային բարգաւաճումը ընթացք առնէ իրարհասկացողութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ։
Հ․Հ․-ի եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով եւ պաստառներով, երիտասարդներ հետեւողական կերպով եւ բարձրաձայն բացագանչեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ:
hairenikweekly.com