Սուրիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւոներ Զօրակցեցան Հայ Ժողովուրդին Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ
08 Հոկտեմբեր 2020
Չորեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Ժողովրդական Ժողովի (Խորհրդարան) հերթական նիստի ժամանակ ելոյթ ունեցան պատգամաւորներ Ժիրայր Ռէիսեանը, դոկտ. Նապիլ Թաամէն եւ դոկտ. Նորա Արիսեանը:
Պատգամաւորները իրենց ելոյթներուն մէջ նախ ներկայացուցին արցախեան հակամարտութեան պատմութիւնը եւ մանրամասն տեղեկատուութիւններ հաղորդեցին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած ներկայ լայնածաւալ պատերազմի մասին: Անոնք Սուրիոյ ժողովուրդի անունով զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովրդին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ՝ դատապարտելով ազրպէյճանա-թրքական եւ վարձկան ահաբեկիչներու խմբաւորումներու կողմէ Արցախի եւ Հայասատանի խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումը եւ Արցախի ժողովուրդի դէմ իրականացուող լայնամաշտաբ ռազմական յարձակումները:
aztagdaily.com