Լիբանանահայութիւնը Ընդառաջեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի` Արցախի Զօրակցութեան Համար Հաւաքուելու Կոչին
10 Հոկտեմբեր 2020
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` 9 հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնի կից կառատան մէջ տեղի ունեցաւ «Բոլորս հաւաքուինք Արցախի համար» խորագիրով ձեռնարկ:
Ներկայ էին հոգեւոր պետեր, քաղաքական ներկայացուցիչներ, օտար քաղաքական անձնաւորութիւններ, երիտասարդներ եւ ժողովուրդ:
Լիբանանի եւ Արցախի Հանրապետութեան քայերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացումը կատարեց Գէորգ Գատեհճեան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 27 սեպտեմբերէն ի վեր արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին պատճառով նահատակուած հայորդիներուն յիշատակը:
Ապա ներկաները դիտեցին այս առիթով պատրաստուած եւ Արցախի մէջ ծաւալած վերջին պատերազմին նուիրուած տեսերիզ մը:
Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք թուրքերուն եւ ազերիներուն թոռները կը փորձեն աւարտել այն, ինչ որ ձախողեցան ընել իրենց նախնիները` իրականացնել փանթրքութեան իրենց երազները:
Ան շեշտեց, որ Անգարայի խենթ սուլթանն եւ Պաքուի փտած բռնատէրը հազարերորդ անգամն ըլլալով կրակ բացած են հայկական մշակոյթին վրայ, անոնց հրասայլերը անգամ մը եւս մարդ կը սպաննեն, բնակարաններ կը քանդեն` կարծես հայերուն արգիլուած ըլլայ իրենց պապենական հողերուն վրայ ապրիլ եւ բարգաւաճիլ:
Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ բարբարոսները օգտագործեցին քաղաքակիրթ աշխարհին լռութիւնը` իրենց ահաւոր ոճիրներուն զարկ տալու, իրենց յանցագործութեան մէջ հասնելով հոն, որ վարձկաններ եւ ահաբեկիչներ հաւաքեցին Լիպիայէն, Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն ու Փաքիստանէն, զանոնք օդանաւով Թուրքիայէն Ազրպէյճան փոխադրելով: Այդ վարձկաններուն միջոցով, Իսրայէլի ու Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, արգիլուած զինամթերքով կը փորձեն ծունկի բերել ազգ մը, որ որոշած է կառչիլ կեանքին, հողին եւ կեանքի գնով պաշտպանել հայրենիքը:
Իր խօսքին մէջ երեսփոխանը յայտնեց, թէ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ երրորդութիւնը, որ չարիքի աղբիւր է, հանդարտութիւն պիտի չունենայ մինչեւ չիրականացէ իր ծաւալապաշտութեան ծրագիրները, չտիրէ շրջանի հարստութիւններուն եւ հողատարածքներուն: Անոր համաձայն, այս երրորդութեան երազները մահացու են եւ զիրենք ու ուրիշներ պիտի առաջնորդեն դէպի անդունդ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ հին, բայց չհինցող այս դաւը լարուած է ազգի մը դէմ, որ միայն գործած է խաղաղութեան եւ կայունութեան համար, մշակոյթներու երկխօսութեան, կրօններու եւ մարդու իրաւունքներու յարգումի, պետութեան անկախութեան եւ ճակատագիրի ինքնորոշման իրաւունքին համար, իսկ զէնք վերցուցած է միայն ու միայն պաշտպանուելու նկատառումով:
Միջազգային ընտանիքը, որ ջատագով է մարդկային եւ անասուններու իրաւունքներուն, բնութեան պահպանման, պարզապէս զուսպ դատապարտումներ կատարեց, կողմերուն կոչ ուղղելով դադրեցնելու կռիւները` այսպիսով նաեւ հաւասարեցնելով յարձակողն ու յարձակումի ենթարկուողը, ջարդարարն ու զոհը:
Եթէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար Արցախը պարզապէս հողատարածք է, զոր կ՛ուզեն գրաւել իրենց ծաւալապաշտական մոլուցքին յագուրդ տալու համար, իսկ միջազգային ընտանիքին համար անիկա լոկ գլխացաւ է, որմէ կը փորձեն խուսափիլ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը չնեղացնելու համար, ապա ամբողջ հայութեան համար ասիկա գոյապայքար է:
Այս բոլորէն մեկնած Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ իբրեւ դատ ունեցող ժողովուրդ, հայեր ու արաբներ, ասորիներ եւ քիւրտեր, բոլոր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու զաւակներ պէտք է շեշտը դնեն կարգ մը կէտերու վրայ: Առաջին հերթին ան նկատել տուաւ, որ այս տագնապը քաղաքական-պատմական է` հազարամեակներէ ի վեր հոն բնակող հայերուն եւ զայն բռնի ուժով խլել ուզող Ազրպէյճանի միջեւ, այսինքն` շատ հեռու է կրօնական բնոյթ ունենալէ: Ապա շեշտեց, որ այս պատերազմը պատերազմ է աշխարհի որեւէ վայրի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայու դէմ: Ըստ Բագրատունիի, այս պատերազմը Իսրայէլի օրհնութեամբ կատարուած է, ան զէնք կը մատակարարէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին, ուստի այս պատերազմին հետապնդած նպատակներէն է հարուածել շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, մարտերուն շրջագիծը ընդարձակել, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ իրենց ծաւալապաշտական նպատակներուն: Ան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ նկրտումները, տարբեր երկիրներու հարցերուն միջամուխ ըլլալու երեւոյթը, որպէսզի իրականանայ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու թրքական ծրագիրը:
«Մենք զուտ գոյապայքար կը մղենք: Այս պատերազմը պիտի ըլլայ վերջինը, որ արդարութիւն եւ իրաւունք պիտի իրականացնէ», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:
Բագրատունի արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց կանգնելու հայութեան կողքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ` նշելով, որ հայերը միշտ աջակցած են արաբական դատերուն, իսկ ներկայիս ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին նեցուկ կանգնիլ կը նշանակէ պայքար մղել ինքնին ահաբեկչութեան դէմ:
Յակոբ Բագրատունի նաեւ բարձր գնահատեց հերոս զինուորներու եւ նահատակներու անձնուէր առաքելութիւնը` հաստատելով, որ հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի արտօնէ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը, ոչ մէկ ձեւով պիտի ենթարկուի ոճրագործ Թուրքիոյ եւ երբեք տեղի պիտի չտայ շրջանային ու միջազգային փոխհամաձայնութիւններուն դիմաց:
Ապա ցուցադրուեցաւ օրեր առաջ Արցախի մէջ նահատակուած հերոս Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ կռիւ» երգին տեսերիզը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Յակոբ Հաւաթեան, որ հայերէնով իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած այս պատերազմի նախօրեակին արդէն ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ծաւալապաշտական եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները, շանթաժներ, սահմանային գիծի մնայուն խախտումները, ապատեղեկատուութիւնը, բանակցային բոլոր գործընթացները ձախողեցնելու ճիգերը եւ պատերազմի ընտրանքը պարտադրելու սպառնական արտայայտութիւնները վաւերական հիմք կը ծառայեն, որ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեամբ շղթայազերծուած այս յարձակումները համընդհանուր պատերազմի տարողութիւն եւ կանխամտածուած ու կանխորոշուած հանգամանք ունին:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այս պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, միջազգային ընտանիքին ամչկոտ կարգ մը նախաձեռնութիւնները եւ յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ հայութիւնը առանձին է այս պատերազմին մէջ, սակայն բոլոր ժամանակներէն աւելի մարտունակ, աւելի միակամ եւ աւելի պատրաստ է` պաշտպանելու Արցախը եւ հայութիւնը:
Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ պահանջատէր լիբանանահայութիւնը այս գոյապայքարին մասնակիցն է ու անկեղծ կամաւորը, ինչպէս եղած է ժամանակակից հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն:
«Այո՛, սփիւռքի մայրաքաղաք Պուրճ Համուտէն կու գանք բարձրաձայնելու, որ մենք առաջնագիծին կանգնող հայ զինուորի կողքին ենք: Հերոսածին մայրերու ու որդեկորոյս հայրերու ցաւը, վիշտը եւ հպարտանքը կիսելու հայավայել ապրումը համակած է բոլորս: Իւրաքանչիւր հայ զինուորի եւ ազատամարտիկի կորուստը կը խռովէ մեր էութիւնն ու հոգին: Հայու կերտած նոր դիւցազներգութիւնը հայկականութեան նոր արմատներ կը հաստատէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ», ըսաւ ան:
Յ. Հաւաթեան հաստատեց, որ այս հաւաքին նպատակն է զօրակցութեան կողքին գօտեպնդուիլ իրարմով եւ շարունակել սրբազան գործը` աւելցնելով, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօր պատերազմը ռազմաճակատի կողքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ հանրային կարծիքի մօտ, ուստի իւրաքանչիւր հայ ընելիք ունի` լուսաբանութեան եւ ճիշդ տեղեկութիւններու փոխանցման առումով: Ան նշեց, որ պայքարող Արցախի պաշտպանութեան տարբեր կարիքներուն անսալու համար պարտաւոր ենք բերելու նաեւ մեր նիւթական աջակցութիւնը, որ, անկախ իր նիւթական արժէքէն, ունի բարոյական խորիմաստ արտայայտութիւն, եւ իւրաքանչիւր հայորդիի մասնակցութիւնը անշուշտ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կարեւոր է ու թելադրական: Այս ծիրին մէջ ան յայտարարեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կազմակերպած է ժողովրդային հանգանակութիւն` վստահ ըլլալով, որ մեր ժողովուրդը միահամուռ կերպով պիտի անսայ այս կոչին եւ իր լուման ներդրէ Արցախի պաշտպանութեան սուրբ գործին:
Յակոբ Հաւաթեան ներկաները հրաւիրեց խոնարհելու հայոց բանակի ու հայ կամաւորներու վաստակին դիմաց, որոնք կրակէ իրենց մկրտութիւնը ստացան Արցախ աշխարհի լեռներուն վրայ ու իրենց արեամբ ոռոգեցին մեր գոյապայքարը, «որպէսզի ան ընդարձակուի, ուժեղանայ ու լիանայ եւ մենք բոլորս ապրինք հայօրէն հպարտ, բարձրաճակատ, այլ ազգերու նման եւ աւելի»:
Ապա Հաւաթեան խօսքը ուղղեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին` նշելով, որ լիբանանահայութիւնը անոր համար սրտամօտ ու հոգեհարազատ համայնք է, ծանօթ ենք անոր սրտի զարկերակներուն, որոնք Արցախով միշտ աւելի արագ թափ կ՛առնեն: «Լիբանանահայութիւնը եւ Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքը ձեր կողքին են եւ խորապէս կ՛ըմբռնեն ու ամբողջականօրէն զօրավիգ են ձեր համոզմունքին, որ ո՛չ ոք` բարեկամ թէ թշնամի, Արցախին կրնայ պարտադրել իր ժողովուրդին արդար իրաւունքները ոտնահարող նոյնիսկ փոքր որոշում», ըսաւ ան:
Յակոբ Հաւաթեան հաստատեց, որ իբրեւ դաշնակցականներ անգամ մը եւս կը վերահաստատեն իրենց դաշնակցականի երդումը` կեանքի գնով ու պատուով շարունակելու, ծառայելու ու նուիրաբերելու հայութեան անկորնչելի իրաւունքներուն եւ այսօ՛ր Արցախի պայքարին:
«Վերջապէս, սիրելի՛ լիբանանահայութիւն, որ միշտ ընծայաբերած ես ընտիրներդ, այսօր եւս ընծայաբերեցիր ազնուասիրտ ու հերոսասիրտ, հայ մշակոյթի նուիրեալ, ազգային յեղափոխական երգերով մարտի դաշտը պայթեցուցած ու իր զինակիցները տոգորած Գէորգ Հաճեանը: Ան արժանաւորապէս այսօր մաս կը կազմէ նահատակներու նորօրեայ հսկայ փաղանգին: Այո՛, Գէորգն ու դաշնակցական իր ազատամարտիկ գաղափարակից ընկերները պահեցին բարձունքը, որպէսզի անառիկ մնայ Արցախը: Նուիրեցին իրենց թանկագինը, որպէսզի ապրի հայութիւնը եւ շարունակուի Դաշնակցութեան ու հայութեան սուրբ գործը», եզրափակեց Հաւաթեան:
Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին Արարատ Ահարոնեան, Հրաչ Կայծակեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Զոյա Պարաղամեան:
aztagdaily.com