Սաթենիկ Արղութեան (Մատինեան, 1874-1930). «Ծաղիկ» անուանուած յեղափոխական հայուհիին ոգեշնչող աւանդը
12 Դեկտեմբեր 2019 Հայոց յուշատետրին մէջ իր ոգեշնչող էջը ունի հայ կնոջ բացառիկ կերպար մը՝ Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան, որ իր կեանքով, գործով ու գաղափարապաշտութեամբ՝ ուրոյն տեղ կը գրաւէ 19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումին, զայն հունաւորած եւ առաջնորդած նուիրեալներու փաղանգին մէջ։Սաթենիկ Արղութեան 56 տարեկան էր Դեկտեմբեր 12ի այս օրը, 1930ին, երբ Փարիզի մէջ առ յաւէտ փակեց աչքերը եւ գնաց միանալու քանի մը տարի առաջ մահացած իր գաղափարի ու կեանքի ընկերոջ՝ Իշխան Յովսէփ Արղութեանին։
Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան ծնունդը նախապատրաստած երիտասարդ հայորդիներու թիֆլիսեան «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակի ամէնէն աշխոյժ անդամներէն հանդիսացաւ Սաթենիկ Մատինեան։

Ընդհանրապէս Մատինեան ընտանիքը — իր բոլոր անդամներով՝ այրիացած մայրով ու երեք զաւակներով — հաւաքատեղին, հիւրընկալը եւ աշխոյժ մասնակիցը եղաւ հայ յեղափոխականները ի մի խմբելու շարժման ծաւալումին։
Մատինեաններու տան մէջ քով-քովի եկան Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի օրինակով հայ յեղափոխական հայորդիները, որոնք Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարով տոգորուած՝ պարզեցին յեղափոխական բոլոր ուժերն ու խմբակները ի մի բերելու, ազգային-յեղափոխական ոգիով սերունդ թրծելու, Դէպի Երկիր պայքարի գացող խումբեր կազմակերպելու եւ նոյնինքն Երկրի հայութեան սկսած կռուին մեծ թափ տալու պայքարին։
Սաթենիկ Մատինեան հազիւ 14-15 տարեկան պարմանուհի մըն էր 1880ականներու վերջերուն, երբ արդէն իբրեւ համակ կրակ ու բոց յեղափոխականի՝ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Դաշնակցութեան ստեղծման ճիգերուն։ Սաթենիկի յեղափոխական առաջին քայլերուն վրայ տիրական ներգործութիւն ունեցաւ յատկապէս Իշխան Յովսէփ Արղութեան։ Սկիզբէն իսկ մեծ սէր մը զարգացաւ երկուքին միջեւ եւ Սաթենիկ հետագայ իր ողջ կեանքը կապեց Իշխանին ու Դաշնակցութեան՝ հայ յեղափոխական շարժման անմնացորդ նուիրուելու անդառնալի ուխտով։
«Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան (1890-1950)» անունով Հ.Յ.Դ. Վաթսունամեակին առթիւ իր խմբագրած նշանակալի գործին մէջ, Սիմոն Վրացեալ հետեւեալ խիտ պատկերով կը ներկայացնէ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի այս անմոռանալի դէմքը.-
«Սաթենիկը ծնուել էր Ղարաբաղում, 1874թ. Սեպտ. 25ին։ 9 տարեկան հասակին մտել էր Թիֆլիսի առաջին իգական Գիմնազիոնը, բայց հիւանդութեան պատճառով, առանց աւարտելու, դուրս էր եկել 6րդ դասարանից։ Յետոյ ձեռք էր բերել ժողովրդական դպրոցների վարժուհու վկայական։ Իր ժամանակը եւ եռանդը, սակայն, նա նուիրել էր յեղափոխական գործին՝ հայրենասիրական խմբակների մէջ։ 1892ին, Արղութեանի, Յոնան Դաւթեանի, Դումանի եւ միւս ընկերների հետ անցաւ Թաւրիզ՝ ուսուցչութեան պաշտօնով, միաժամանակ կանանց խմբերի կազմակերպիչ էր եւ Դաշնակցական կոմիտէի անդամ։ Մինչեւ 1897 թ. մնաց Ատրպատականում եւ եռանդուն գործունէութիւն ունեցաւ Թաւրիզի ու Սալմաստի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մէջ։ Խանասորի արշաւանքից յետոյ վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց աշխատել Դաշնակցութեան մէջ։ 1899ին, Մոսկուայում, ամուսնացաւ Յովսէփ Արղութեանի հետ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ մահ, բաժանեց ամուսնու կեանքն ու գործը։ Մեռաւ փարիզում, 1930թ. Դեկտ. 12ին»։
Հակիրճ եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուած Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անձն ու գործը, կեանքն ու նուիրաբերումը Հայկական Յեղափոխութեան՝ բառին ամէնէն խոր եւ ընդգրկուն իմաստով ներշնչման վարակիչ օրինակ մը եղան 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդութեան, յատկապէս յեղափոխական հայուհիներուն համար։
Ինչպէս Սերոբ Աղբիւրի կինը՝ Սօսէն, Ռոստոմի կինը՝ Եղիսաբէթը կամ Համօ Օհանջանեանի կինը՝ Ռուբինան եւ Կարօ Սասունիի կինը՝ Լօլան — միայն ներկայացուցչական դէմքեր յիշատակելու կարգով -, Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան առանձնայատուկ խորհրդանիշ մը դարձաւ հայ կնոջ մասնակցութեան՝ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին։ Ոչ միայն անձամբ նախաձեռնողն ու մասնակիցը եղաւ ամէնէն յանդուգն յեղափոխական գործողութեանց, այլեւ ընտանիք պահեց ու յեղափոխականի անսակարկ անձնազոհութիւն ներշնչեց իր կեանքի ընկերոջ։
Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան յեղափոխական իր կեանքին ու գործունէութեան առաջին իսկ քայլերէն արժանացաւ «Ծաղիկ» յեղափոխական ծածկանունին, որովհետեւ իսկապէս պայքարունակութեան եւ անձնուիրումի անզուգական ծաղիկ մը եղաւ։
Շուրջ քառասուն տարուան յեղափոխական պայքարի եւ ազգային-հասարակական ծառայութեան օրինակելի վաստակ մը կապուեցաւ Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անունին։
1892էն 1897 երկարող իր գործունէութեան առաջին շրջանը կեդրոնացաւ Թաւրիզի մէջ եւ յատկանշուեցաւ յեղափոխական գաղափարներ տարածելու, մարտունակ սերունդ պատրաստելու եւ հայկական ազատամարտին զօրակից կանացի կազմակերպութիւններ առաջացնելու տենդագին ծառայութեամբ։
Սոսկ վարժուհի եւ հասարակական գործիչ չեղաւ Սաթենիկ։ Նաեւ՝ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ թէ՛ դէպի Երկիր զէնքի փոխադրութեան գործին եւ թէ, այդ ճամբուն վրայ, դաշնակցական խումբերու մղած կռիւներուն մէջ։
Առաջին այդ շրջանի գործունէութեան բարձրակէտը եղաւ Խանասորի արշաւանքին կազմակերպումը, որուն գլխաւոր դէմքերէն եղաւ Իշխան Արղութեան՝ նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ միշտ իր կողքին ունենալով Սաթենիկը։
Խանասորի արշաւանքէն ետք, երբ Իշխան ձերբակալուեցաւ պարսիկներուն կողմէ, որոնք ցարական իշխանութեանց յանձնեցին ռուսական անցագիր կրող հայ յեղափոխականը, Սաթենիկ վերադարձաւ Թիֆլիս, որպէսզի մօտ ըլլայ եւ օգնէ Մետեխի բանտը նետուած զէնքի ու գաղափարի իր ընկերոջ։ Այնուհետեւ՝ երբ Իշխանը աքսորեցին Ռուսաստան, Սաթենիկ արդէն իբրեւ կողակից միացաւ իր կեանքի ընկերոջ աքսորական կեանքին։
1903ին անոնք արդէն վերադարձած էին աքսորէն եւ երկուքով աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցան հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ ծաւալած հայկական համաժողովրդային շարժման կազմակերպումին մէջ։
Սաթենիկ Արղութեան պատնէշի վրայ էր նաեւ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ժամանակ, երբ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու հարկադրանքը առաջացաւ եւ մարտական ուժերու թիկունքը պահելու հրամայականը շեշտուեցաւ։
Վրայ հասաւ 1907-1909 թուականներուն ցարական իշխանութեանց ծաւալած հալածանքը ընդհանրապէս հայ մտաւորականութեան եւ յատկապէս դաշնակցական գործիչներու դէմ՝ զանգուածային ձերբակալութիւններու հիման վրայ Դաշնակցութեան Դատավարութիւնը կազմակերպելով։ Իշխան ձերբակալեալներու շարքին էր, իսկ Սաթենիկ դրօշակիրներէն էր ցարական հալածանքին դէմ թափ առած համաժողովրդային բողոքի շարժումին։ Իշխան դարձեալ աքսորուեցաւ Ռուսաստանի խորերը եւ Սաթենիկ ու իրենց զաւակը՝ Արփիկ ընկերացան Իշխանի։
1914ին ցարական իշխանութիւնը ներում շնորհեց բոլոր աքսորեալ դաշնակցականներուն, որոնց շարքին՝ Արղութեանները վերադարձան Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցան հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան։ Իշխանին վստահուեցաւ կամաւորական գունդերէն մէկուն հրամանատարութիւնը։
Սաթենիկ գործի վրայ էր նաեւ այնուհետեւ, երբ Իշխան Արղութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը հանդիսացաւ նորաստեղծ Թիֆլիսի Հայ Ազգային Խորհուրդին եւ, իբրեւ այդպիսին, գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումի 1918ի Մայիսեան հերոսամարտներուն մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Իշխան ընտրուեցաւ նախ Հայաստանի Խորհուրդին, ապա Հայաստանի խորհրդարանի անդամ։ Իսկ 1919էն ետք, երբ Իշխան նշանակուեցաւ Պարսկաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, Սաթենիկ նորովի թափով լծուեցաւ դիւանագիտական ասպարէզէն ներս նորաստեղծ հայոց պետականութեան արտաքին օժանդակութիւն հասցնելու գործին։
1921ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն յետոյ, Արղութեանները իրենց կարգին ընտրեցին տարագրութիւնը եւ հաստատուեցան Փարիզ, ուր Իշխան Յովսէփ Արղութեան վախճանեցաւ 1925ին, իսկ հինգ տարի անց՝ 12 Դեկտեմբեր 1930ին, նոյնպէս շիջեցաւ Հայկական Յեղափոխութեան աներեր Ծաղիկը՝ Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանը։
Իր յիշատակի ոգեկոչման յատկացուած այս անդրադարձը կ՛արժէ եզրափակել Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանին նուիրուած Մալխասի հետեւեալ վկայութեամբ (առնուած անոր «Ապրումներ» հատորէն).-
«Ութսունական թուականներու վերջերը, Թիֆլիսի մէջ, Մատինեաններու տունը մտաւորական եւ յեղափոխական օճախի հանգամանքն ունէր։
«Մայր Մատինեանը եւ իր երեք զաւակները՝ Սաթենիկ, Նատալիա եւ Նիկոլ, ամբողջովին նուիրուած էին շարժման։ Դեռ դպրոցական աշակերտուհի մը, Սաթենիկ յափշտակութեամբ կը հետեւէր իրենց տունը հիմք առած Դաշնակցութեան սկզբնական քայլերուն։
«Վերջէն Սաթենիկը իր յեղափոխական գործունէութեամբ յայտնի դարձաւ, բայց սկզբնական տարիներուն Նատալիան էր Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն հետ, որ տարաւ ամէն կարգի զրկանք եւ նեղութիւն՝ յանուն գաղափարի։ Տարիներ շարունակ անոր անկողինը մէկ Մետեխի բանտը, մէկ իրենց տունը կը փռուէր։ Ամբողջովին անձնուիրութիւն, այդ բացառիկ օրիորդը Դաշնակցութեան լաւագոյն աւանդութիւններու իսկական ներկայացուցիչը մնաց մինչեւ իր մահը…
«1892 թուականին, ստուար խումբի մը հետ, որուն մէջ կային Յովնանը, Դումանը, Իշխանը (Երուանդ, Դաչօ), Թորոսը, Սաքոն ու շարք մը ուրիշ նախակարապետներ հայ յեղափոխութեան, Սաթենիկը կը մեկնի Թաւրիզ (Պարսկաստան), որպէս ուսուցչուհի, միակ ասպարէզը, ուր նորահաս օրիորդ մը սովորաբար կրնար օգտակար լինել իր ազգին։
«Ամէն տեղ էր ան, ուր կենդանի գործը կը պահանջէր։ Թաւրիզի կանանց եւ աշակերտական խմբերու հոգին էր.- Զէնք փոխադրող էր Սալմաստ։ Խոյ էր, Դերեկի վանքն էր, Ղարս էր, անվերջ անդադրում շարժման մէջ։
«Խանասորի արշաւանքէն վերջ Երուանդը (Իշխանը) կը ձերբակալուի եւ, ատեն մը Պարսկաստանի զարհուրելի բանտերուն մէջ տառապելէ յետոյ, կը յանձնուի ռուս կառավարութեան, որ զայն հինգ տարով կ’աքսորէ Արշանկէլի սառուցեալ շրջանը։
«Սաթենիկ առանց տատամսելու կը հետեւի իր սիրած երիտասարդին։ Եւ աքսորի մէջ երկու հայ յեղափոխական աչքառու գործիչները կ’ամուսնանան (Արղութեանները ունեցան միակ զաւակ մը՝ Արփիկը — Ն.)։
«Կամաւորական շարժումին, Իշխանը կը նշանակուի 4-5րդ միացեալ գունդերու հրամանատար։ Ով որ մօտէն հետեւած է այդ աշխատանքներուն, գիտէ որ գունդի նախապատրաստական աշխատանքներուն մղիչ ոգին Սաթենիկն էր։
«1925ին, երկարատեւ հիւանդութենէ մը վերջ, մեռաւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանը՝ մեր յեղափոխական պատմութեան շքեղ մարտիկներէն մէկը։
«Մինակութեան մէջ, Թեւաթափ արծիւի մը նման, հետզհետէ թառամեցաւ եւ Դաշնակցութեան Ծաղիկը, որը որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ՝ մեր պատմութեան մէջ եզակի դիրք մը ունի»։
Ն.
old.arfd.am