ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

Սաթենիկ Արղութեան (Մատինեան, 1874-1930). «­Ծա­ղիկ» ա­նո­ւա­նո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­հիին ո­գեշն­չող ա­ւան­դը

12 Դեկտեմբեր 2019 Հա­յոց յու­շա­տետ­րին մէջ իր ո­գեշն­չող է­ջը ու­նի հայ կնոջ բա­ցա­ռիկ կեր­պար մը՝ ­Սա­թե­նիկ Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեան, որ իր կեան­քով, գոր­ծով ու գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ՝ ու­րոյն տեղ կը գրա­ւէ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին թափ ա­ռած հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին, զայն հու­նա­ւո­րած եւ ա­ռաջ­նոր­դած նո­ւի­րեալ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։

Սա­թե­նիկ Ար­ղու­թեան 56 տա­րե­կան էր Դեկ­տեմ­բեր 12ի այս օ­րը, 1930ին, երբ ­Փա­րի­զի մէջ առ յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը եւ գնաց միա­նա­լու քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ մա­հա­ցած իր գա­ղա­փա­րի ու կեան­քի ըն­կե­րոջ՝ Իշ­խան Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նին։

Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծնուն­դը նա­խա­պատ­րաս­տած ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­նե­րու թիֆ­լի­սեան «Ե­րի­տա­սարդ Հա­յաս­տան» խմբա­կի ա­մէ­նէն աշ­խոյժ ան­դամ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ ­Սա­թե­նիկ Մա­տի­նեան։

Ընդ­հան­րա­պէս ­Մա­տի­նեան ըն­տա­նի­քը — իր բո­լոր ան­դամ­նե­րով՝ այ­րիա­ցած մայ­րով ու ե­րեք զա­ւակ­նե­րով — հա­ւա­քա­տե­ղին, հիւ­րըն­կա­լը եւ աշ­խոյժ մաս­նա­կի­ցը ե­ղաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ի մի խմբե­լու շարժ­ման ծա­ւա­լու­մին։

Մա­տի­նեան­նե­րու տան մէջ քով-քո­վի ե­կան Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի, ­Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նի եւ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի օ­րի­նա­կով հայ յե­ղա­փո­խա­կան հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնք ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան գա­ղա­փա­րով տո­գո­րո­ւած՝ պար­զե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան բո­լոր ու­ժերն ու խմբակ­նե­րը ի մի բե­րե­լու, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ո­գիով սե­րունդ թրծե­լու, ­Դէ­պի Եր­կիր պայ­քա­րի գա­ցող խում­բեր կազ­մա­կեր­պե­լու եւ նոյ­նինքն Երկ­րի հա­յու­թեան սկսած կռո­ւին մեծ թափ տա­լու պայ­քա­րին։

Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան հա­զիւ 14-15 տա­րե­կան պար­մա­նու­հի մըն էր 1880ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, երբ ար­դէն իբ­րեւ հա­մակ կրակ ու բոց յե­ղա­փո­խա­կա­նի՝ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ստեղծ­ման ճի­գե­րուն։ ­Սա­թե­նի­կի յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն վրայ տի­րա­կան ներ­գոր­ծու­թիւն ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեան։ Ս­կիզ­բէն իսկ մեծ սէր մը զար­գա­ցաւ եր­կու­քին մի­ջեւ եւ ­Սա­թե­նիկ հե­տա­գայ իր ողջ կեան­քը կա­պեց Իշ­խա­նին ու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րո­ւե­լու ան­դառ­նա­լի ուխ­տով։

«­Յու­շա­պա­տում Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան (1890-1950)» ա­նու­նով Հ.Յ.Դ. ­Վաթ­սու­նա­մեա­կին առ­թիւ իր խմբագ­րած նշա­նա­կա­լի գոր­ծին մէջ, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեալ հե­տե­ւեալ խիտ պատ­կե­րով կը ներ­կա­յաց­նէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի այս ան­մո­ռա­նա­լի դէմ­քը.-

«­Սա­թե­նի­կը ծնո­ւել էր ­Ղա­րա­բա­ղում, 1874թ. ­Սեպտ. 25ին։ 9 տա­րե­կան հա­սա­կին մտել էր Թիֆ­լի­սի ա­ռա­ջին ի­գա­կան ­Գիմ­նա­զիո­նը, բայց հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով, ա­ռանց ա­ւար­տե­լու, դուրս էր ե­կել 6րդ ­դա­սա­րա­նից։ ­Յե­տոյ ձեռք էր բե­րել ժո­ղովր­դա­կան դպրոց­նե­րի վար­ժու­հու վկա­յա­կան։ Իր ժա­մա­նա­կը եւ ե­ռան­դը, սա­կայն, նա նո­ւի­րել էր յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան խմբակ­նե­րի մէջ։ 1892ին, Ար­ղու­թեա­նի, Յո­նան ­Դաւ­թեա­նի, ­Դու­մա­նի եւ միւս ըն­կեր­նե­րի հետ ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ՝ ու­սուց­չու­թեան պաշ­տօ­նով, միա­ժա­մա­նակ կա­նանց խմբե­րի կազ­մա­կեր­պիչ էր եւ ­Դաշ­նակ­ցա­կան կո­մի­տէի ան­դամ։ ­Մին­չեւ 1897 թ. մնաց Ատր­պա­տա­կա­նում եւ ե­ռան­դուն գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Թաւ­րի­զի ու ­Սալ­մաս­տի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ։ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քից յե­տոյ վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, ուր շա­րու­նա­կեց աշ­խա­տել ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ։ 1899ին, ­Մոս­կո­ւա­յում, ա­մուս­նա­ցաւ Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի հետ եւ, այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ մահ, բա­ժա­նեց ա­մուս­նու կեանքն ու գոր­ծը։ ­Մե­ռաւ փա­րի­զում, 1930թ. ­Դեկտ. 12ին»։

Հա­կիրճ եւ ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւած ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նի անձն ու գոր­ծը, կեանքն ու նո­ւի­րա­բե­րու­մը ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան՝ բա­ռին ա­մէ­նէն խոր եւ ընդգր­կուն ի­մաս­տով ներշնչ­ման վա­րա­կիչ օ­րի­նակ մը ե­ղան 19րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան, յատ­կա­պէս յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­հի­նե­րուն հա­մար։

Ինչ­պէս ­Սե­րոբ Աղ­բիւ­րի կի­նը՝ ­Սօ­սէն, ­Ռոս­տո­մի կի­նը՝ Ե­ղի­սա­բէ­թը կամ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի կի­նը՝ ­Ռու­բի­նան եւ ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի կի­նը՝ ­Լօ­լան — միայն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քեր յի­շա­տա­կե­լու կար­գով -, ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ խորհր­դա­նիշ մը դար­ձաւ հայ կնոջ մաս­նակ­ցու­թեան՝ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին։ Ոչ միայն ան­ձամբ նա­խա­ձեռ­նողն ու մաս­նա­կի­ցը ե­ղաւ ա­մէ­նէն յան­դուգն յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց, այ­լեւ ըն­տա­նիք պա­հեց ու յե­ղա­փո­խա­կա­նի ան­սա­կարկ անձ­նա­զո­հու­թիւն ներշն­չեց իր կեան­քի ըն­կե­րոջ։

Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան իր կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն ար­ժա­նա­ցաւ «­Ծա­ղիկ» յե­ղա­փո­խա­կան ծած­կա­նու­նին, ո­րով­հե­տեւ իս­կա­պէս պայ­քա­րու­նա­կու­թեան եւ անձ­նո­ւի­րու­մի ան­զու­գա­կան ծա­ղիկ մը ե­ղաւ։

Շուրջ քա­ռա­սուն տա­րո­ւան յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ծա­ռա­յու­թեան օ­րի­նա­կե­լի վաս­տակ մը կա­պո­ւե­ցաւ ­Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նի ա­նու­նին։

1892էն 1897 եր­կա­րող իր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը կեդ­րո­նա­ցաւ ­Թաւ­րի­զի մէջ եւ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­ներ տա­րա­ծե­լու, մար­տու­նակ սե­րունդ պատ­րաս­տե­լու եւ հայ­կա­կան ա­զա­տա­մար­տին զօ­րա­կից կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լու տեն­դա­գին ծա­ռա­յու­թեամբ։

Սոսկ վար­ժու­հի եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ չե­ղաւ ­Սա­թե­նիկ։ ­Նաեւ՝ գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ թէ՛ դէ­պի Եր­կիր զէն­քի փո­խադ­րու­թեան գոր­ծին եւ թէ, այդ ճամ­բուն վրայ, դաշ­նակ­ցա­կան խում­բե­րու մղած կռիւ­նե­րուն մէջ։

Ա­ռա­ջին այդ շրջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան բարձ­րա­կէ­տը ե­ղաւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին կազ­մա­կեր­պու­մը, ո­րուն գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն ե­ղաւ Իշ­խան Ար­ղու­թեան՝ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ միշտ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Սա­թե­նի­կը։

Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քէն ետք, երբ Իշ­խան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ պար­սիկ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց յանձ­նե­ցին ռու­սա­կան ան­ցա­գիր կրող հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նը, ­Սա­թե­նիկ վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, որ­պէս­զի մօտ ըլ­լայ եւ օգ­նէ ­Մե­տե­խի բան­տը նե­տո­ւած զէն­քի ու գա­ղա­փա­րի իր ըն­կե­րոջ։ Այ­նու­հե­տեւ՝ երբ Իշ­խա­նը աք­սո­րե­ցին ­Ռու­սաս­տան, ­Սա­թե­նիկ ար­դէն իբ­րեւ կո­ղա­կից միա­ցաւ իր կեան­քի ըն­կե­րոջ աք­սո­րա­կան կեան­քին։

1903ին ա­նոնք ար­դէն վե­րա­դար­ձած էին աք­սո­րէն եւ եր­կու­քով աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցան հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րաւ­ման դէմ ծա­ւա­լած հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ։

Սա­թե­նիկ Ար­ղու­թեան պատ­նէ­շի վրայ էր նաեւ 1905ի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րուն ժա­մա­նակ, երբ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու հար­կադ­րան­քը ա­ռա­ջա­ցաւ եւ մար­տա­կան ու­ժե­րու թի­կուն­քը պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նը շեշ­տո­ւե­ցաւ։

Վ­րայ հա­սաւ 1907-1909 թո­ւա­կան­նե­րուն ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ծա­ւա­լած հա­լա­ծան­քը ընդ­հան­րա­պէս հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու դէմ՝ զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լով։ Իշ­խան ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րու շար­քին էր, իսկ Սա­թե­նիկ դրօ­շա­կիր­նե­րէն էր ցա­րա­կան հա­լա­ծան­քին դէմ թափ ա­ռած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մին։ Իշ­խան դար­ձեալ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը եւ ­Սա­թե­նիկ ու ի­րենց զա­ւա­կը՝ Ար­փիկ ըն­կե­րա­ցան Իշ­խա­նի։

1914ին ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը նե­րում շնոր­հեց բո­լոր աք­սո­րեալ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին՝ Ար­ղու­թեան­նե­րը վե­րա­դար­ձան ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցան հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու կազ­մու­թեան։ Իշ­խա­նին վստա­հո­ւե­ցաւ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րէն մէ­կուն հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։

Սա­թե­նիկ գոր­ծի վրայ էր նաեւ այ­նու­հե­տեւ, երբ Իշ­խան Ար­ղու­թեան ղե­կա­վար դէմ­քե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ նո­րաս­տեղծ ­Թիֆ­լի­սի ­Հայ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մի 1918ի ­Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, Իշ­խան ընտ­րո­ւե­ցաւ նախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դին, ա­պա Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ։ Իսկ 1919էն ետք, երբ Իշ­խան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Պարս­կաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան, ­Սա­թե­նիկ նո­րո­վի թա­փով լծո­ւե­ցաւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս նո­րաս­տեղծ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ար­տա­քին օ­ժան­դա­կու­թիւն հասց­նե­լու գոր­ծին։

1921ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վերջ­նա­կան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն յե­տոյ, Ար­ղու­թեան­նե­րը ի­րենց կար­գին ընտ­րե­ցին տա­րագ­րու­թիւ­նը եւ հաս­տա­տո­ւե­ցան Փա­րիզ, ուր Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեան վախ­ճա­նե­ցաւ 1925ին, իսկ հինգ տա­րի անց՝ 12 Դեկ­տեմ­բեր 1930ին, նոյն­պէս շի­ջե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­նե­րեր ­Ծա­ղի­կը՝ Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նը։

Իր յի­շա­տա­կի ո­գե­կոչ­ման յատ­կա­ցո­ւած այս անդ­րա­դար­ձը կ­՛ար­ժէ եզ­րա­փա­կել Սա­թե­նիկ ­Մա­տի­նեան-Ար­ղու­թեա­նին նո­ւի­րո­ւած ­Մալ­խա­սի հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ (առ­նո­ւած ա­նոր «Ապ­րում­ներ» հա­տո­րէն).-

«Ութ­սու­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ­Մա­տի­նեան­նե­րու տու­նը մտա­ւո­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան օ­ճա­խի հան­գա­մանքն ու­նէր։

«­Մայր Մա­տի­նեա­նը եւ իր ե­րեք զա­ւակ­նե­րը՝ ­Սա­թե­նիկ, ­Նա­տա­լիա եւ ­Նի­կոլ, ամ­բող­ջո­վին նո­ւի­րո­ւած էին շարժ­ման։ ­Դեռ դպրո­ցա­կան ա­շա­կեր­տու­հի մը, ­Սա­թե­նիկ յափշ­տա­կու­թեամբ կը հե­տե­ւէր ի­րենց տու­նը հիմք ա­ռած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան սկզբնա­կան քայ­լե­րուն։

«­Վեր­ջէն ­Սա­թե­նի­կը իր յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ յայտ­նի դար­ձաւ, բայց սկզբնա­կան տա­րի­նե­րուն ­Նա­տա­լիան էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րուն հետ, որ տա­րաւ ա­մէն կար­գի զրկանք եւ նե­ղու­թիւն՝ յա­նուն գա­ղա­փա­րի։ ­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ա­նոր ան­կո­ղի­նը մէկ ­Մե­տե­խի բան­տը, մէկ ի­րենց տու­նը կը փռո­ւէր։ Ամ­բող­ջո­վին անձ­նո­ւի­րու­թիւն, այդ բա­ցա­ռիկ օ­րիոր­դը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան լա­ւա­գոյն ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու իս­կա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը մնաց մին­չեւ իր մա­հը…

«1892 թո­ւա­կա­նին, ստո­ւար խում­բի մը հետ, ո­րուն մէջ կա­յին ­Յով­նա­նը, ­Դու­մա­նը, Իշ­խա­նը (Ե­րո­ւանդ, ­Դա­չօ), ­Թո­րո­սը, ­Սա­քոն ու շարք մը ու­րիշ նա­խա­կա­րա­պետ­ներ հայ յե­ղա­փո­խու­թեան, ­Սա­թե­նի­կը կը մեկ­նի ­Թաւ­րիզ (­Պարս­կաս­տան), որ­պէս ու­սուց­չու­հի, միակ աս­պա­րէ­զը, ուր նո­րա­հաս օ­րիորդ մը սո­վո­րա­բար կրնար օգ­տա­կար լի­նել իր ազ­գին։

«Ա­մէն տեղ էր ան, ուր կեն­դա­նի գոր­ծը կը պա­հան­ջէր։ ­Թաւ­րի­զի կա­նանց եւ ա­շա­կեր­տա­կան խմբե­րու հո­գին էր.- ­Զէնք փո­խադ­րող էր ­Սալ­մաստ։ ­Խոյ էր, ­Դե­րե­կի վանքն էր, ­Ղարս էր, ան­վերջ ան­դադ­րում շարժ­ման մէջ։

«­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քէն վերջ Ե­րո­ւան­դը (Իշ­խա­նը) կը ձեր­բա­կա­լո­ւի եւ, ա­տեն մը Պարս­կաս­տա­նի զար­հու­րե­լի բան­տե­րուն մէջ տա­ռա­պե­լէ յե­տոյ, կը յանձ­նո­ւի ռուս կա­ռա­վա­րու­թեան, որ զայն հինգ տա­րով կ­’աք­սո­րէ Ար­շան­կէ­լի սա­ռու­ցեալ շրջա­նը։

«­Սա­թե­նիկ ա­ռանց տա­տամ­սե­լու կը հե­տե­ւի իր սի­րած ե­րի­տա­սար­դին։ Եւ աք­սո­րի մէջ եր­կու հայ յե­ղա­փո­խա­կան աչ­քա­ռու գոր­ծիչ­նե­րը կ­’ա­մուս­նա­նան (Ար­ղու­թեան­նե­րը ու­նե­ցան միակ զա­ւակ մը՝ Ար­փի­կը — Ն.)։

«­Կա­մա­ւո­րա­կան շար­ժու­մին, Իշ­խա­նը կը նշա­նա­կո­ւի 4-5րդ ­միա­ցեալ գուն­դե­րու հրա­մա­նա­տար։ Ով որ մօ­տէն հե­տե­ւած է այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն, գի­տէ որ գուն­դի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մղիչ ո­գին ­Սա­թե­նիկն էր։

«1925ին, եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թե­նէ մը վերջ, մե­ռաւ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նը՝ մեր յե­ղա­փո­խա­կան պատ­մու­թեան շքեղ մար­տիկ­նե­րէն մէ­կը։

«­Մի­նա­կու­թեան մէջ, ­Թե­ւա­թափ ար­ծի­ւի մը նման, հետզ­հե­տէ թա­ռա­մե­ցաւ եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Ծա­ղի­կը, ո­րը որ­պէս ի­գա­կան սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ մեր պատ­մու­թեան մէջ ե­զա­կի դիրք մը ու­նի»։

Ն.
old.arfd.am

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company