Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանը «CNN Greece»ի ապատեղեկացնող յօդուածին համար
03 Մարտ 2020
Յունական «CNN Greece» ծանօթ կայքէջին վրայ, 28 Փետրուարին լոյս տեսաւ յօդուած մը՝ ստորագրուած Էվանկելոս Վենեթիսի կողմէ, որ կը ներկայանայ որպէս Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի հարցերու փորձագէտ։
Յօդուածագիրը կը խօսի Խոջալուի դէպքերուն մասին եւ զանոնք կը վերագրէ հայերուն, յայտնելով ծանօթ յանկերգը, թէ հայերը կատարեցին ազերի անմեղ բնակիչներու ջարդը:
(https://www.cnn.gr/focus/apopseis/story/209431/h-sfagi-toy-xotzali-ston-polemo-armenias-azermpaitzan-gia-to-nagkorno-karampax)։ Յանկերգ մը, որ վարժուած ենք լսել ազերիական կողմէն, սակայն այս անգամ «փորձագէտ»ի մը ստորագրութեամբ ներկայացուած գրութիւն մըն է, որ կը փորձէ «փաստացի» երեւիլ, նոյնիսկ ակնարկելով արեւմտեան աշխարհի թերթերու կողմէ եղած հրապարակումներու, որոնք անոնք եւս ազերիական ծանօթ քարոզչութեան արձագանգը տուած են անցեալին։
Անմիջական եղաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հակազդեցութիւնը «CNN Greece»ի յօդուածին համար, որ նամակով մը պատասխանեց կայքէջին եւ մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ պատմական իրողութիւնը եւ ատրպէյճանական սադրանքներն ու ապատեղեկատուական քարոզչութիւնը։