Տիկին արտգործնախարար սա Ցեղասպանութիւն է
27 Ապրիլ 2021
Տիկին արտգործնախարար սա Ցեղասպանութիւն է:
Այլեւս յիմար խաղերու տեղ չկայ:
Ես կը փորձեմ կարճ ակնարկ մը կատարել Բայդընի կողմէ Ցեղասպանութիւն բառի օգտագործման և Շուեդիոյ մէջ անոր ստեղծած արձագանքներու մասին:
Երկար ժամանակ ես համոզուած էի, որ Շուեդիոյ մեջ ոչ մէկը հետաքրքրուած է ցեղասպանութեան թեմայով աւելին ճանաչման պահի կարեւորութեամբ… Ուստի կառավարութիւնը կրնար երկար տարիներ շարունակ իր սիրախաղը հանգիստ տանիլ Թուրքիոյ հետ:
Ես հաճելիօրէն զարմացած եմ առաջացած հակազդեցութեամբ . այս երկու օրերու ընթացքին մենք տեսանք, թէ ինչպէս շարքային քաղաքացիներ, ակտիւ անհատներ, զանգուածային լրատուամիջոցներ, խոշոր թերթեր, կարծիք գրողներ, փորձագէտներ և մտաւորականներ սկսան դատապարտումի մեծ արշաւ արտգործնախարարին ցուցաբերած վատ դատողութեան դէմ։
Ամէն ինչ սկսաւ թուիթերի վրայ , երբ ապրիլ 24ին մի քանի ժամ Շուեդիոյ մէջ Տրենդինգ էր massövergrepp արտայայտութիւնը… Անգլերէնով մօտաւորապես mass abuse, զանգուածային չարաշահումներ… զայրացած ձայներ կուգային ամէն կողմէ.
Արդէն երկու օր է, ինչ Շուէդիան զայրացած է Ան Լինդի թվիթէն, ուր ան անխոհեմօրէն Ցեղասպանութեան փոխարեն օգտագործեց շուէտացիներու համար անծանօթ Massövergrepp բառը: Նախարարը մի նոր բառ հօրինեց խուսափելու համար իր պատասխանատւութենէն.
Գրեթէ բոլոր խոշոր լրատուամիջոցները անխտիր կը քննարկէին այդ հարցը, եւ կեղծաւորութեան մէջ կը մեղադրեն արտգործնախարարին:
Իսկ Արտաքին գործերու նախարարը բացակայ է … Ան կը հրաժարի տէր կանգնիլ իր իսկ բառերու ընտրութեան:
Ժամանակին Շուէտի մեջ ոչ մէկը գիտեր թէ ինչ է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր գաղութը երկար տարիներ փորձած է հասարակական կարծիք ստեղծելու կողքին նաեւ հասնիլ քաղաքական շրջանակներու. ես իմ կարգին Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով նկարահանած եմ 4 ֆիլմեր, որոնք ցուցադրուած են շուետական հեռուստատեսութեամբ։
Այսօր առաւօտեան Շուեդական պետական ռադիոն լուրերու իր ծրագրէն 15 րոպե տևողութեամբ քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը…. 15 րոպեն երկար ժամանակ է… հրաւիրուած էր նաեւ պրոֆեսոր պատմաբան իրաւագէտ Օվե Բրինգը, որ պարզաբանեց, որ միակ խնդիրն այն է, որ կառավարութիւնը չի ցանկանար առճակատումի երթալ Թուրքիոյ հետ … Եւ այսպիսի բառախաղերով խուսափիլ քաշքշուկներէ ու հնարաւոր հետեւանքներէ, երբ բոլորը գիտեն որ պատմական իրականութիւնը Ցեղասպանութիւն է եւ միայն ու միայն Ցեղասպանութիւն:
Այսօր իշխանութեան է Սոցիալ-դեմոկրատական կառավարութիւն, մի կուսակցութիւն որու բարձրագոյն համագումարը յստակ դիրքորոշում ընդունած է խնդրի վերաբերեալ և կառավարութեան յանձնարարած ոչ միայն ճանաչել Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլև աշխատիլ և աջակցիլ անոր ճանաչմանը ամբողջ աշխարհի մէջ:
Երկարատև ջանքերն արդիւնք կուտան… Բայց դեռ շատ ընելիքներ կան:
Ահա մի քանի վերնագիր խոշոր լրատուամիջոցներէն.
*Հանրային ճնշումը խստանում է Էն Լինդի դեմ
* Անն Լինդի թվիթին դէմ ուժեղ հակազդեցութիւններ
* Շուեդիան պէտք է խօսի բարձր և պարզ եւ հետեւի Բայտընի օրինակին
* Դա ցեղասպանություն էր Ann Linde
* Ի՞նչով է զբաղուած արտաքին գործերու նախարարը
* Քննադատութեան փոթորիկ Արտաքին գործերու նախարարի հասցէին
Սիւզան Խարտալեան