Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը մտահոգութիւն կը յայտնէ ՀՀ տարածք ատրպէյճանական ներթափանցման գծով
16 Մայիս 2021
Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումով մը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև զարգացող լարուածութեան մասին, յատկապէս հայկական տարածքէն ներս ներխուժման ու ներթափանցման տեղեկութիւններու առնչութեամբ: Այս մասին Մայիս 14-ին տեղեկացուց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
«Մենք հակամարտ կողմերուն կը յորդորենք յարգել նոյեմբեր 10-ին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագիրը և շարունակել բանակցութիւնները կայուն և խաղաղ կարգաւորման համար: Պետք է դադրեցուին բոլոր գործողութիւնները, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը ». նշած է նախարարը իր հրապարակման մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի սահմանատարածքին վրայ ատրպէյճանական շարունակուող ներթափանցումի արարքներուն գծով՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օթթաուայէն կը պահանջէ դատապարտել Հայաստանի դէմ կատարուող սահմանային օրինախտումները:
horizonweekly.ca