Ցաւակցագիր
29 Մայիս 2021
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ԶՄՄԱՌ, ԼԻԲԱՆԱՆ
Հոգեւոր Հայրեր,
Խոր ցաւով իմացանք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման գոյժը։
Բարձր կը գնահատենք երանաշնորհ պատրիարքին հոգեւոր եւ ազգանուէր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Անոր կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական ոլորտներուն մէջ թողած մեծ աւանդը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն, հոգեւոր եղբայրներուն եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի բոլոր անդամներուն:
Լոյս Իր հոգւոյն եւ յաւերժութիւն Իր յիշատակին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կենտրոնական խորհրդի նախագահ
26 Մայիս, 2021թ.