Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը
19 Հունիս 2021
Չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի:
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր: