Այս Օրը
10 Դեկտեմբեր 2021
ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-րդ տարեդարձն է այսօր. տարեդարձը` այն կուսակցութեան, որ հպարտաբեր պատմութիւն ստեղծեց ո՛չ միայն իրեն, այլեւ իր ժողովուրդին համար:
Պարզ սովորութեամբ չէ, որ կը տօնուի այս տարեդարձը, այլ իբրեւ առիթ` անդրադառնալու այն գործին, զոր կատարած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, հաղորդուելու այն մթնոլորտին, զոր ստեղծած է ան` մեր ժողովուրդի հոգիներուն մէջ քանդակելով հայ հողի հանդէպ պաշտամունքի աստիճանի հասնող սէր եւ նուիրում:
Աւանդ մըն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Պատմական իր փորձառութեամբ, քաղաքական գիտակցութեամբ եւ հասունութեամբ: 131 տարիներու պատկառելի աւանդ մը, որ սակայն տարիներու թիւ չէ միայն, այլ գաղափար է, գո՛րծ է: Գաղափար մը, որ վերացականութիւն չէ, այլ` կենդանի եւ շօշափելի արտայայտութիւն: Գաղափար մը, որ ժողովուրդի լայն շերտերը կ՛ոգեւորէ եւ շարժումի մէջ կը դնէ: Հայրենիքի գաղափարն է այդ. ամբողջական, գերիշխան ու հզօր հայրենիքի գաղափարը, որուն համար աւելի քան դար մը մարտնչած է ան` Սասունէն Վան, Սարդարապատէն Բաշ Ապարան, Մարտակերտէն Մարտունի, Շուշի եւ Վարանգաթաղ:
Դաշնակցութիւնը իր 131-ամեայ գործունէութեամբ աստիճանաբար բիւրեղացուց ամբողջական հայրենիքի այդ գաղափարը, որուն իրականացման համար ան կերտեց քաղաքական միտք, մշակեց Ծրագիր, գործելաոճ եւ կառոյց` իր շուրջ համախմբելով հայութեան գործօն, հաւատաւոր ու հայրենասէր բոլոր տարրերը:
Դաշնակցութիւնը, սակայն, միայն գաղափարի կուսակցութիւն չեղաւ: Գեղեցիկ է գաղափարը, բայց առանց իրականացման` անբովանդակ խօսք է, անտեղի մտամարզանք: Դաշնակցութիւնը` գերազանցօրէն գործի կուսակցութիւն, ջանաց գաղափարը գործի՛ վերածել` իր անդամական շարքերն ու համակիրներու լայն շրջանակը մղելով տեւական գործունէութեան եւ զոհաբերութեան: Մինչ ուրիշներ անգործութենէ տառապեցան, Դաշնակցութեան գործը դուլ ու դադար չունեցաւ: Դաշնակցութիւնը գործեց մեր կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ. հոն, ուր հայ կեանքի կազմակերպման հարկը զգացուեցաւ, Դաշնակցութիւնը եղաւ առաջին ներկան: Հոն, ուր հայութեան եւ Հայաստանի ձայնը բարձրացնելու պահանջը դրուեցաւ, Դաշնակցութիւնը չբացակայեցաւ երբեք: Իսկ հոն, ուր հայութեան բռնաբարուած իրաւունքներու հետապնդման օրակարգը ներկայացաւ, Դաշնակցութիւնը միշտ եւ ամէնուր եղաւ առաջին գիծերու վրայ:
Յոգնութիւն եւ դադար չճանչցաւ Դաշնակցութիւնը: Ընկրկում եւ յուսալքում չունեցաւ ան: Կը բաւէ աչքի առջեւ ունենալ վերջին շրջանի անցուդարձերը միայն: Արդարեւ, հայ իրականութեան մէջ կա՞յ քաղաքական ուժ մը, որ հակառակ վերջին մէկ տարուան աննպաստ պայմաններուն` այնքան բեղուն գործունէութիւն ունեցած ըլլայ, որքան` Դաշնակցութիւնը: Կա՞յ կուսակցութիւն մը, որուն երիտասարդական միաւորներն ու ուղեկից միութիւնները նոյեմբեր 9-էն ետք Արցախի մէջ այնքան ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած ըլլան, որքան` Դաշնակցութիւնը: Իսկ կա՞յ, հայկական բանակէն անկախ, կազմակերպ որեւէ միաւոր, որ արցախեան վերջին պատերազմին այնքան նահատակ տուած ըլլայ, որքան` Դաշնակցութիւնը:
Այսպէս էր Դաշնակցութիւնը անցեալին: Այսպէս է միշտ:
Հարազատ ծնունդը` իր պատմական միջավայրին, Դաշնակցութիւնը հայ կեանքի ամէնէն ճգնաժամային պահերուն իսկ կարողացաւ կացութիւններ շրջել, իրավիճակներ պարտադրել: Թօթափեց հայութեան պարտադրուած պարտութեան եւ յուսահատութեան ամօթը: Վերակերտեց հայ հոգին` իր ամէնէն ընտիր զաւակներուն արեան մկրտութեամբ եւ անչափելի զոհողութիւններով: Ստեղծեց նոր հայեր, ընդունակ` գաղափարներու համար պայքարելու եւ նահատակուելու: Այդ հայերը, համեստ բանուորէն մինչեւ մեծանուն մտաւորականն ու քաղաքագէտը, գիտցան ստեղծել նոր պատմութիւն. աննահանջ պայքարի, «Յարատե՜ւ կռիւ»-ի պատմութիւն, որուն էջերը գրուեցան բիւրաւոր նուիրեալներու աննկուն ջանքով ու կամքով, աննման վճռակամութեամբ եւ արիութեամբ: Տասնամեակները այնուհետեւ դադրեցան դէպքերու արձանագրութիւն ըլլալէ, դարձան ազգային հերոսապատում. մարդիկ դադրեցան այլեւս մահկանացուներ ըլլալէ, դարձան անմահներ` մահուան ճամբաներու վրայ, յանուն հայրենիքի փրկութեան, յանուն գաղափարական նուիրումի եւ յեղափոխական խիզախութեան:
Ամէն տարի, ահաւասիկ, ա՛յս պատմութիւնն է, զոր կը նշենք. այս անցեալը, որ անցեալ մը չէ միայն, այլ` ներկայ մը ու ապագայ մը:
Հետեւաբար մեծարանքի նշում մը չէ 131-ամեակի տօնակատարութիւնը, այլ վերահաստատում մը` գաղափարի ու գործի այն մնայուն արժէքներուն, որոնցմով զինուած` պատմակերտ այս կուսակցութիւնը իր երթը պիտի շարունակէ հաստատ ու աներեր, այն խոր գիտակցութեամբ, որ միայն զօրաւորներուն կը տրուի բարոյական իրաւունքը աւելի քան մէկ դար մնալու պատմութեան մա՛յր էջին վրայ:
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
aztagdaily.com