Ժողովուրդի Զարթնումը Խաբէութենէն
20 Դեկտեմբեր 2021
Հայաստանի մէջ դէպքերու ընթացքը իրաւացի կը դարձնէ հետեւեալ հարցումը. ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ 2018 թուականի իշխանափոխութիւնը, զոր կատարողները յեղափոխութիւն կոչեցին: Նախկին բոլոր իշխանութիւններն ալ անթերի չէին: Քաղաքագիտութեան մէջ ընդունուած է, որ բոլոր նորանկախ պետութիւններուն մէջ, ուր քաղաքացիական հասարակութիւնը չէ ձեւաւորուած տակաւին, ժողովրդավարութեան կիրարկումը կ՛առաջնորդէ քողարկուած սակաւապետութեան, իսկ ազատական տնտեսութիւնը` մենաշնորհներու ստեղծման: Անկախութեան առաջին երեսնամեակին, այս երեւոյթները, ժխտական ու վնասաբեր` անկասկած, տեսանելի էին ու կը տիրապետէին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային գործունէութեան:
Միւս կողմէ, անկախութեան համար պայքարը սկսաւ Ղարաբաղի Հայաստանին կցումի պահանջին, այսինքն` Հայ դատի հանգրուանային պահանջատիրութեան շեղումով, որ իր սաղմին մէջ կը պահէր սկսած ազատագրական պայքարի ժխտումը: Շեղումը ձախողեցաւ, եւ մենք ունեցանք կրկնակ յաղթանակներ, Հայաստան անկախացաւ, իսկ Արցախ ո՛չ միայն ինքնորոշուեցաւ իբրեւ հայկական պետութիւն, այլ նաեւ ընդարձակուեցաւ տիրանալով իր պատմական տարածքին մեծագոյն մասին: Անկախականներու այն խմբաւորումը, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան տիրացած էր, չյաջողելով ձերբազատուիլ արցախեան հարցէն, պարտութիւն կրեց:
Արտաքին ուժերու դրդումով, երեսնամեակ մը առաջ պարտուածներուն յետնորդները ձեռնարկեցին արցախեան բեռէն ազատուելու գործընթացին: Արցախեան պայքարէն ճակատային հրաժարումը բացայայտօրէն ապազգային, ուրեմն անհեռանկար ըլլալով, հարկ էր շեղել հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը տարբեր ուղղութեամբ: Այդ ուղղութիւնը Հայաստանի մէջ տիրապետող վարչաձեւին ձաղկումն էր, չափազանցուած տուեալներով, սուտով, պարսաւանքով ու դատապարտումով:
Իսկական նպատակը քողարկող այս դաւադրութիւնը, որ լաւապէս ուսումնասիրուած ու նախապատրաստուած էր, յաջողեցաւ: Ժողովուրդը, որ աւելի լաւ կեանքի մը ակնկալութիւնը ունէր արդարօրէն, խաբուեցաւ ու զօրավիգ կանգնեցաւ արկածախնդիր խաբեբաներու խմբակի մը, որ իրեն երկրային արքայութիւն կը խոստանար:
Արցախէն ձերբազատումը համարեա յաջողցնելէ ետք, տիրող վարչախումբը այժմ կ՛ուզէ կարգաւորել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Արցախի պարագային եթէ արդիւնքը հազարաւոր զոհերու եւ հողային կորուստի գնով էր, դարաւոր թշնամիին հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ի՞նչ գնով կրնայ տեղի ունենալ: Դէպքերու ընթացքը կը վկայէ նախնական ինչ որ պայմանաւորուածներու մասին, որ թող չզարմացնէ մեզ, տագնապալի պայմաններու մէջ յաճախ կիրարկուած գաղտնի ձեւաչափ է:
Խաբուած ժողովուրդը մասնակիօրէն արթնցած է: Խորքին մէջ խաբուած ըլլալու ցաւագին իրողութիւնը ընդունելու հոգեբանական դժուարութեան մէջ է հանրութիւնը: Երբ մասնակի ըմբոստութիւններ կը յայտնուին, իբրեւ թէ ժողովուրդի կարծիքին ու ձգտումներուն հաւատարիմ իշխանութիւնը կը դիմէ… բռնութեան, օգտագործելով ոստիկանութիւնն ու դատական համակարգը: Բոլոր սուտ յեղափոխութիւնները, ի վերջոյ, ինքնապաշտպանութեան բնազդէն մղուած` յանգնած են բռնատիրութեան: Հայաստանի մէջ կիրարկուող վարչակարգը սկիզբէն իսկ ամբողջատիրական նկարագիր ունէր. այժմ հսկայաքայլ կը դիմէ դէպի բռնատիրութիւն:
Ինչպէ՞ս կասեցնել այս դէպի անդունդ գահավիժումը: Զուսպ ու համբերատար աշխատանքով ժողովուրդի զարթնումը դարձնելով անշրջանցելի, բացատրելով, քարոզելով, շփումներ հաստատելով բոլորին հետ: Մանաւանդ համախմբելով բոլոր առողջ ուժերը, իրականացնել նոր պոռթկում մը, որ իր յորձանքին մէջ սրբէ ու տանի ապազգային վարչախումբը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com