ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Նոր Տարուան Ընդառաջ

21 Դեկտեմբեր 2021

Քանի մը օրէն պիտի դիմաւորենք 2022 թուականը։ Ի՞նչ նորութիւն կը խոստանայ հայ հաւաքականութեան՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, օրացուցային այս փոփոխութիւնը։ Ցարդ մեր հանրութիւնը սպասած է որ այդ նորութիւնը մատուցուի իրեն եւ ինք նոր լիցքով, նոր կորովով եւ նոր ակնկալութիւններով անհատաբար շարունակէ սեփական կեանքը։ Հաւաքական այս սպասումը տարբեր ժամանակահատուածներու կապուած է տարբեր ազդակներու, ուժերու բարենպաստ դասաւորութեան, վերջին երեսուն տարուն՝ անկախ պետականութեան։

Տարի մը առաջ մեր ամենէն տոկուն համարուած եւ իրական խարիսխը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ահաւոր հարուած ստացաւ եւ այսօր ուղեկորոյս է, խարխափումներու մէջ, իսկ իր քաղաքական վերնախաւը՝ ամէն օր վէճ ու կռուի։

Հայոց պետականութեան կրած ռազմական պարտութեան հետեւանքները՝ Արցախի Հանրապետութեան մաս կազմած ազատագրուած հողերու, առաւել Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի շրջաններու բռնագրաւումը եթէ բացայայտ չողջունեց աշխարհը, այնուամենայնիւ քաղաքական հետեւանքները՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ՊԱՐՏՈՒԱԾ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը խանդավառութիւն առաջ բերաւ մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ, մինչ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ հայոց ռազմական պարտութիւնը օրհնեցին ու փառաբանեցին։

Սիրելի ընթերցող, կրնա՞նք հաւաքաբար յիշել Հայաստանի հետ կապուած դէպք մը կամ անցք մը, որուն դերակատար՝ թէկուզ բարեկամ նկատուած ուժերը, նախապէս մեծ պետութիւններ, այսօր աւելի խառն՝ պետութիւններ եւ անդրազգային հսկայ ընկերակցութիւններ, հայոց շահերը գերադասած ըլլան սեփականին։ Անհեթեթութիւն մըն է հարցումը, բայց կարեւոր է յիշել եւ վերյիշել, որ շահդ դուն պիտի վերցնես այնքանով, որ ինքդ կարող ես։ Մնացածը՝ առաւելագոյնը օժանդակ է, իսկ ոմանք նոյնիսկ խանգարող։

Եթէ ասիկա ականջի օղ դարձնենք եւ երբեք, երբե՛ք չհանենք մեր ականջէն այդ օղը՝ նոյնիսկ ամէն մարտահրաւէրները դիմագրաւելէ եւ յաղթահարելէ ետք, կրնանք ըսել, որ մենք կը հասնինք մեր հաւաքական նպատակին եւ կ’ապահովենք անոր երկարակեցութիւնը, եթէ կամենանք՝ յաւերժութիւնը։

Ուրեմն՝ նոր տարուան սեմին մենք մեզի ըսենք եւ կրկնենք, ժառանգ ձգենք մեզմէ ետք եկող սերունդներուն ալ, որ՝

ա․ անկարելի ոչինչ կայ, ամէն ինչ հնարաւոր է այս աշխարհի երեսին,
բ. մենք ենք մեր ճակատագրի տէրը եւ նպատակներն իրականացնողը, մեր ներկան ու ապագան կերտողը,
գ. մեր նպատակներուն եւ թիրախներուն դիմելէ առաջ հոգանք եւ համապատասխան ներուժ կուտակենք,
դ. ոչինչ պատահականութեան ձգենք, նոյնիսկ մանրուք թուացող մանրամասնութիւնը,
ե. մինչեւ վերջ, բոլոր պայմաններուն մէջ հաւատարիմ ու անդաւաճան մնանք հաւաքական նպատակին։

Ծանր ու դժուար այս օրերուն, երբ անշնչելի է մթնոլորտը եւ ամէն քայլափոխի անակնկալներ կրնան դարանակալել, պիտի չընկճուիս եւ հաւատարիմ պիտի մնաս քու տեսակիդ։

Առ այդ՝ պիտի որոշես որ ի՞նչ պէտք է քեզ այսօր, վաղը ինչի՞ պիտի լծուիս եւ ի՞նչ ժառանգութիւն պիտի թողուս։ Անշուշտ խօսքը հաւաքական կարիքներուն մասին է, որուն բարօրութեան մէջ է որ պիտի գտնես քու եւ շրջապատիդ բարօրութիւնն ալ, ապահովութիւնն ալ, բարգաւաճումն ալ։ Դուն քեզի պիտի համոզես, որ եթէ հարեւանդ դժբախտ է, դուն չես կրնար երջանիկ ու անհոգ ապրիլ։

Իսկ ի՛նչ պէտք է մեզի այսօր։ Կազմակերպութիւն, գործող համակարգ, ուր ամէն ոք իր գործը, պարտականութիւնը խղճմտօրէն կատարելով արդէն մեծապէս նպաստած կ’ըլլայ թէ՛ իր, թէ՛ համայնքի ու աւելի լայն՝ պետութեան ու անոր սահմաններէն դուրս ալ տարածուող ազգին։

Պատկերացուցէք, որ հայ ազգի բաղկացուցիչ մասնիկներուն աշխարհով մէկ դատած-դիզածի փոքր տոկոսը իր ազգային նպատակներու իրագործման յատկացուի․ ոչ միայն դրամի, այլեւ մտքի, ճարտարութեան եւ գիտելիքի արգասիքին չնչին տոկոսը։

Համակարգի, կազմակերպութեան արդիւնքները անհաւատալիօրէն հրաշալի կրնան ըլլալ, եթէ ան նպատակային ու անխափան, աներկմիտ ու արդիւնաւէտ գործէ։ Եւ մենք վստահ ենք, որ ամէն հայ մարդ կ’ուզէ շօշափել այդ հնարաւորութիւնը, ծանօթանալ անոր, հաւատալ եւ վստահիլ։ Աջ ու ահեակ հովանաւոր եւ պաշտպան, թիկունք փնտռելէն աւելի հեշտ ու վստահելի է սեփական համակարգին ապաւինիլը, բախտը անոր կապելը եւ անոր հզօրացման համար աշխատիլը։ Ի վերջոյ այն քուկդ է, քու կերտածն է։

Պետութիւնը կազմակերպութիւն է, համակարգ, իտէալական մեքանիզմ։ Պետութեան հնարաւորութիւնները ամէն օր կարելի է բազմապատկել ինչքան կարող ես, որքան ուզես ու կարենաս։ Մեր ազգը խօսք ունի՝ կամենալը կարենալ է։ Պիտի կամենանք որպէսզի այլեւս ուրիշներու չնախանձինք, օրինակ չբերենք եւ մեր բախտը չփնովենք։

Բայց ի՞նչ պիտի կամենանք, որպէսզի կարենանք եւ այլոց ո՛չ նախանձինք, ո՛չ ալ օրինակ բերենք։

Ահա հարցում մը, որուն դարէ դար պատասխանած են մեր ազգի մտածողները, իմաստունները, իրենց ժամանակի եւ ապրած վայրին համահունչ։ Կիլիկիայէն Հնդկաստան ու Եւրոպա, մեկնելով Մեծ Հայքէն ու վերադառնալով այնտեղ, անցնելով աւելի հիւսիսէն, բոլորը մատնացոյց ըրած են մէկ լուծում՝ Հայաստանի անկախութիւն։ Իսկ հարիւր եւ աւելի տարի առաջ՝ Հայաստան կը ճանչցուէր Վանն ալ, Մուշն ալ, Կարինն ալ, Երզնկան ալ եւ շատ ու շատ բնակավայրեր, առանց հաշուելու բուն Հայաստանէն դուրս հայոց ստեղծած բնակավայրերը ու երբեք չանտեսելով Կիլիկիան։

Եթէ այսօր մենք սեղմուած ենք 29 հազար քլմ․ի մէջ ու կը պայքարինք Արցախի ժողովուրդի պապենական հողերուն վրայ ապրելու, արարելու եւ խաղաղօրէն մահանալու իրաւունքին համար, եթէ պետութիւնը անկարող է իր սահմանները պաշտպանել, իսկ մեր երկրի ու արտերկրի կազմակերպ կառոյցները անճար կը մնան, ձեռք ու ոտք կապուած, մերժուած, անտեսուած, երբեմն նոյնիսկ հալածուած, առաջին հերթին անատակ, անվստահելի եւ օտարի թելադրանքով առաջնորդուող եւ կամքը կատարող իշխանութենէն ու իր առաջին դէմքէն, նա՛եւ հանրութեան լայն զանգուածներու ինքնավստահութեան պակասին, անորոշ մնացած ուղղութեան ու նպատակին, առաջնահերթութիւններու շփոթին, դիւրահաւատութեան, դիւրահաւանութեան։

Մարդիկ հազարներով գացին ընտրեցին անհատ մարդու, որ իրենց շատ բան խոստացաւ․ ո՞վ էր երաշխաւորը․ ո՛չ ոք։ Աւելին՝ հազարաւոր մարդկային զոհեր եւ ահռելի մեծ նիւթական կորուստ պատճառած պատերազմէն ետք, այս անհատը դա՛րձեալ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ստացաւ եւ կառավարութիւն կազմեց։

Լաւ, ո՞վ է այսօր ապաւէնը երբ ժողովուրդի ընտրած ու վերընտրած հայանուն իշխանութիւնը ոչինչի պատասխանատու է եւ ոչինչի երաշխաւոր, իսկ ստեղծուած կացութեան մէջ եթէ ապաւէն կը փնտռես օտար պետութեան մէջ, ալ ուր մնաց քու անկախութիւնը, որուն համար քուէարկեցիր 1991-ին։ Ո՞ւր մնաց քու ազատ կամքդ, որոշումիդ անկախութիւնը։ Մսխուեցան անկախութեան տասնամեակներու եւ անոր նախորդող խորհրդային տարիներու նուաճումները, վասն ինչի՞․ աներաշխիք խոստումներու եւ ամբոխավարութեան, ամբոխահաճ ճամարտակութեան։

Այսօր պէտք է կրկնել եւ չմոռնալ, որ հանրապետութեան այս ապիկար իշխանութիւններու քաղաքական որոշումներով ոչ միայն արժեզրկուած են քու վաստակդ՝ ժողովո՛ւրդ, այլեւ վտանգուած է վաղուան յոյսդ։ Զուր են միաբանելու բոլոր կոչերը, եթէ չէ յստակացուած՝ ինչի՞ շուրջ միաբանիլ։ Անհատներու շուրջ միաբանեցաւ մեծամասնութիւնը ահա երեսուն եւ աւելի տարի, բայց չմիաբանեցաւ գաղափարի շուրջ, չմիաբանեցաւ գաղափարի առանցքին շուրջ համակարգ ստեղծելու։

Պարտութիւնը սթափեցնող պէտք է ըլլայ, որպէսզի վաղը աւելի մեծ կորուստներ չունենաս Հա՛յ մարդ։ Պէտք է ձերբազատուիլ քաղաքական որոշում կայացնող ապիկարէն ու նմաններէն առա՛նց ետեւ նայելու, առանց անցեալի կարօտով ապրելու, առանց օտարէն յուսալու քու պարտքդ եւ իրաւունքդ, որպէսզի պահե՛ս այն ինչ որ այսօր ունիս եւ աշխատիս աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ կորսնցուցածդ ետ բերելու։

Եւ պէ՛տք է ետ բերել, որպէսզի Հայաստանի կորսուած աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատուի տարածքով ու իր հարազատ ժողովուրդով։

Ասիկա անվիճելի է։ Ակնյայտ ճշմարտութիւն, որ այնքան անհասանելի չէ որքան կը թուի։ Եւ ասիկա դեռ սկիզբն է այն մեծ առաքելութեան, որ պարտաւո՛ր ենք ստանձնել եւ անշեղօրէն կատարել, եթէ կը ձգտինք երկար եւ անվրդով խաղաղութեան։

Ամէն ինչ հերթով, ամէն ինչ իր ժամանակին։ Սկիզբը գաղափարի շուրջ միաւորուիլը եւ համակարգի ընդմէջէն գործելով յաղթահարելն է այսօրուան՝ անմիջական վտանգները։ Եւ վստահ եղէք, 2022 թուականը մենք աւելի լաւատես եւ ինքնավստահ, մեր աչքերը չորցուցած եւ ճակատը բարձր կ’աւարտենք։

Նոր խօսք ըսելու համար, հինը պիտի եզրափակել։

Խմբագրական ՅՈՒՍԱԲԵՐ-ի
21/12/2021

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
«Հայուն վերջին խելքը»… Պիտի մնա՞

Ծանօթ խօսք է. մէկ լուսանկար յաճախ հազար բառ կ'արժէ: Միայն հպանցիկ ակնարկ մը

17 Մայիս 2025
Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ըն

15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Ա

17 Մայիս 2025
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Երևան

Մայիսի 16-ին ՀՅԴ անդամ, Հայաստանի Հանրապետության Ազգային Ժողովի պատգամավոր Արթ

16 Մայիս 2025
Արցախի հիմնահարցը քաղաքական օրակարգի վ

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ

16 Մայիս 2025
Առայժմ չկա գործիքը, որն իմպիչմենտը կհա

Իմպիչմենտ սկսենք, կկանգնենք կոտրած տաշտակի առաջ, չսկսելու պատճառը ծիծաղի առարկ

16 Մայիս 2025
Աղքատ… Մեծահարուստը, Կամ Վիթխարի ՄԵԾը՝

«Իմ սեփական պարտէզիս մէջ, այլեւս ատելութեան սերմերը չեմ ցաներ: Կեանքը դաժան դա

16 Մայիս 2025
Երկխոսության բացակայությունը իշխանությ

Մայիսի 15-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հ

16 Մայիս 2025
Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկր

Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմա

16 Մայիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց

16 Մայիս 2025
Որքան էլ ունենանք տարաձայնություններ,

Արտաքին և ներքին մարտահրավերները կառավարելն այս իշխանության ուժերից վեր են, ին

15 Մայիս 2025
Պարտությունը պարտության հետևից բերում

Քաղաքական մեծամասնությունն ունի գիծ, որից բխում են նրա բոլոր որոշումները: Մեզ

15 Մայիս 2025
Ակնարկ. Ի՞նչ ազդանշաններ սպասել Ստամբ

Ստամբուլում, այսօր՝ մայիսի 15-ին Ռուսաստանի եւ Ուկրաինայի պատւիրակութիւնների մ

15 Մայիս 2025
Իշխանությունները չեն հասկանում իրենց պ

Ամեն ինչ տեսել եմ, բայց այս աստիճանի այլանդակություն, ուրիշ բառ չեմ կարողանում

15 Մայիս 2025
Իրանի բեկումնային պատգամը

Մայիսի 12-ի իմ յօդուածի հարցադրութեանց շրջագծին մէջ, ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործը

15 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը 1914 թ. օգոստոսին, Առաջին համա

15 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Հայերի կարծիքով՝ միայն իրենք են անմիաբ

Հայերը հաճախ գանգատվում են, որ իրենք պառակտված ազգ են՝ սխալմամբ կարծելով, որ մ

13 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company