ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Արցախը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Թնճուկին մէջ. Հաղորդակցութեան Ուղիներէն Մինչեւ Խաղաղութիւն

21 Դեկտեմբեր 2021

Նոյեմբեր 29-էն 3 դեկտեմբերին, Երեւանի, Գորիսի եւ Ստեփանակերտի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, 2 դեկտեմբերին Գորիսէն ճամբայ ելանք դէպի Արցախ։ Գիշերը սկսած եւ շարունակուող ձիւնին, Արցախ տանող ճամբուն վրայ, ստեղծած գեղեցիկ բնական պատկերները արատաւորուեցան երբ մուտք գործեցինք Լաչինի անցք։

Ասիկա երրորդ այցելութիւնս էր Արցախ, սակայն, այս անգամ փոխան հայկական բանակի մեքենաներուն՝ այդ ճամբուն վրայ կ’երթեւեկէին ռուսական բանակի մեքենաները, իսկ աջ ու ձախ նայելով ոչ շատ հեռու հեռաւորութեան վրայ կը տեսնէինք ազրպէյճանական դրօշները՝ բռնագրաւումի, հայրենի հողի ու բազմահազար երիտասարդ կեանքերու կորուստի դառն իրականութեան յուշարարները։

Շուշիի մուտքին, նախապէս մեզ դիմաւորող «Շուշի» ցուցանակը թրքական ու ազրպէյճանական դրօշով զարդարուած «Շուշա»-ով փոխարինուած, եւ ազրպէյճանական բռնագրաւումի ուժերու անդամները ռուսական բանակի վերջին անցարգելէն քանի մը քայլ անդին կանգնած տեսնելէ ետք, կը տապալի մինչ այդ տեսածներդ պատրանք ու վատ երազ նկատող ինքնախաբէութիւնը, եւ գարշելի իրականութիւնը իր ամբողջ տգեղութեամբ կը դառնայ աւելի քան տեսանելի։

«Պատմութեան մէջ կան աղէտներ, որոնք կարծես ճակատագրի լրբենի մէկ արարքն են», կ’ըսէ ֆրանսացի գրող, քաղաքագէտ, դիւանագէտ եւ պատմաբան Ֆրանսուա Օկիւսթ Շաթոպրիան (1764-1829)։ Արցախի ներկայ իրավիճակին համար մեղաւորները բազմաթիւ են, սակայն ճակատագիրը այդ մեղքէն անմասն է։ Թէեւ յաղթանակը բազմաթիւ հայրեր ունի, եւ պարտութիւնը որբ է, Արցախի մէջ պարտութեան հայրերը, սակայն, բազմաթիւ են։ Այստեղ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն անհերքելի ապիկարութեան եւ անոնց դաւադրական ընթացքի հիմք տուող պատճառներուն կողքին գոյութիւն ունին աշխարհաքաղաքական թնճուկին յատուկ պատճառներ։ Վերջիններս տեսնելու համար հարկ է տեսնել այն, ինչ ամերիկացիք կը կոչեն «աւելի մեծ պատկերը» (the bigger picture)։

44-օրեայ պատերազմը աւարտեցաւ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի յունուար 11-ի յայտարարութիւններով, որոնց վրայ հետագային աւելցաւ 2021 թուականի նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւնը։ Նշեալ յայտարարութիւններուն կարեւոր կէտերէն մէկը կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման։ Այդ կէտի կատարումը մէկ բաժինն է հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք հաղորդակցութեան կապերու համաշխարհային ու աշխարհաքաղաքական մեծ ծրագիրներուն։ Ճիշդ է, ատիկա վերջինիս մէկ փոքր բաժինն է, սակայն խիստ կարեւոր բաժին մըն է՝ նկատի ունենալով, որ Հարաւային Կովկասը այն տարածքն է, ուր զիրար կը խաչաձեւեն հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք հաղորդակցութեան ծրագիրները։ Իրողութիւն մը, որ յառաջ կը բերէ հետեւեալ հարցումը. Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման գաղափարը Արցախեան Բ. պատերազմի արդի՞ւնք է, թէ՞ պատճառ, պատերազմէն ե՞տք ծնաւ, թէ՞ արդէն գոյութիւն ունէր…։ Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան միջազգային ընտանիքի լռութեան իրողութիւնը կու գայ ջուր լեցնելու «պատճառ»-ի թեզի ջաղացքին. լռութիւնը, ի վերջոյ, համաձայնութեան նշան է։

Այժմ ստեղծուած է տարանցիկ երկիր դառնալու շուրջ մրցակցութիւն մը։ Ազրպէյճան արագ շարժելով գրաւեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գորիս-Կապան ճամբան եւ սկսաւ տուրքեր գանձել իրանեան բեռնատար մեքենաներէն։ Հայաստանի իշխանութեան կրաւորական կեցուածքն ու այդ տարածքը իրողապէս թշնամիին զիջիլը, ինչպէս նաեւ այդ ճամբուն իբրեւ այլընտրանք կառուցուած Տաթեւ-Աղուանի ճամբուն անյարմարութիւնը կը թուին պատճառ դարձած ըլլալ, որ Իրան հրաժարի Հայաստանը իբրեւ տարանցիկ երկիր նկատելէ։

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները 8 դեկտեմբերին՝ յղում կատարելով իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդեցին, որ Իրանի Միջազգային տարանցման եւ փոխադրամիջոցի վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Ժաւատ Հետայաթի յայտնած է, թէ իրանեան կողմի առաջարկով՝ Իրան, Ազրպէյճան եւ Վրաստան համաձայնած են Արաբական ծոցը Սեւ ծովուն կապող տարանցիկ ճամբու կազմակերպման շուրջ։

«Վրաստանը եւ Իրանը համաձայնագիրի հիմնական կողմերն են, որովհետեւ Իրան ելք ունի դէպի Պարսից ծոց, իսկ Վրաստանը երկու կարեւոր առեւտրական նաւահանգիստներ ունի Սեւ ծովուն արեւելքը։ Միւս կողմէ՝ Վրաստան եւ Ազրպէյճան մեծ ջանքեր գործադրած են իրենց փոխադրամիջոցային ենթակառոյցները բարելաւելու եւ զարգացնելու համար, ուստի մենք փորձած ենք այս երկու երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը ընդլայնել», ըսած է իրանցի պաշտօնատարը։

Արցախի հարցին մէջ նշանակալից են նաեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները։ Այդ երկու երկիրներու ռազմաքաղաքական շահերը զիրար կը հակասեն՝ վկայ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի վերջերս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին նուիրած «թրքական աշխարհ»-ի քարտէսը, որուն մէջ ներառուած են Ռուսիոյ որոշ շրջաններ։ Փետրուարին, թրքական պատկերասփիւռէն արդէն ցուցադրուած էր «Սթրաթֆոր»-ի նախատեսութեամբ «թրքական ազդեցութեան ընդլայնման» քարտէսը, որուն վրայ էին Ռուսիոյ հարաւային շրջանները՝ ներառեալ Խրիմը, Քուպանը եւ Ռոսթովի մարզը։

Երկու երկիրները, սակայն, ինչպէս Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 16 դեկտեմբերին նշեց. «Ամէն անգամ փոխընդունելի լուծումներ կը գտնեն Սուրիոյ եւ այլ հարցերու շուրջ»։ Ահա այդ պատճառով ալ Փեսքով «Ար.Թի.Վի.Այ»-ի լրագրող Թինա Քանտելաքիի համապատասխան հարցումին ոչ անկեղծ պատասխան մը տալով ըսաւ. «Ռուսիան չի գտներ, որ Թուրքիան կը փորձէ նոր Օսմանեան կայսրութիւն կառուցել»։

Երկու երկիրներու ռազմաքաղաքական շահերը զիրար կը հակասեն, սակայն, անոնք առայժմ կը յաջողին մարտավարական փոխընդունելի լուծումներ գտնել։ Ահա այս ծիրին մէջ է, որ Ռուսիան Թուրքիոյ արտօնեց մուտք գործել Հարաւային Կովկաս, սակայն ոչ Արցախի տարածք։

Ներկայ դասաւորումը մարտավարական ըլլալով, բնականաբար, նաեւ ժամանակաւոր է։ Պիտի գայ ժամանակ, երբ կացութիւնը պիտի փոխուի եւ երկու կողմերուն միջեւ մարտավարական ոչ հայանպաստ ներկայ լուծումը ժամկէտանց պիտի դառնայ եւ դադրի ընդունելի ըլլալէ. այդ ատեն Արցախի մէջ հաստատուած ներկայ սթաթիւս քոն փուլ պիտի գայ։

Ռուսական կողմը արդէն ատոր նախապատրաստուած է՝ Արցախի Հանրապետութեան մնացորդած տարածք իբրեւ խաղաղապահ ուղարկելով ելեկտրոնային պատերազմի սարքերով եւ այլ տեսակարար զէնքերով զինուած իր մասնայատուկ ուժերը։ Պահ մը բաղդատեցէք Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերն ու Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերը եւ արդէն յստակ կը դառնայ, թէ ռուսական ուժերուն առաքելութիւնը միայն խաղաղապահութիւնը չէ, անոնց ուշադրութեան կեդրոնը միայն ներկան չէ, այլ նաեւ՝ ապագան։

Այս առումով՝ նշանակալից էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ 11 դեկտեմբերին հրապարակուած, եւ Մոսկուայի կողմէ Ուաշինկթընին բանակցութեան իբրեւ նիւթ ներկայացուած, Ռուսիոյ, ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին պայմանագրերու նախագիծերու առաջին փաստաթուղթի կէտերէն հետեւեալը. «Հրաժարիլ Ուքրանիոյ, Արեւելեան Եւրոպայի, Անդրկովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի որեւէ զինուորական գործողութիւններէ»։ Այստեղ «Անդրկովկաս»-ի ակնարկը թերեւս առաջին հերթին Աբխազիոյ եւ Հիւսիսային Օսեթիոյ կը վերաբերի, սակայն թէ´ Արցախի մէջ, թէ´ այնտեղ՝ Աբխազիոյ եւ Հիւսիսային Օսեթիոյ մէջ խաղաղապահ ուժերը նոյնն են, եւ եթէ Վրաստանը ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցն է, Արցախի մէջ ռուսական ուժերու ներկայութենէն դժգոհ եղող Ազրպէյճանն ալ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ այդ ուժերէն հաւասարապէս դժգոհ եղող Թուրքիոյ դաշնակիցն է։

Ռուսական կողմին մօտ թերեւս գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը կամ տեղեկութիւնը, թէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մը պարագային՝ Վրաստանն ալ յարձակում (պիտի) գործէ Աբխազիոյ եւ Հիւսիսային Օսեթիոյ վրայ, իսկ Ազրպէյճանն ալ Արցախի։

Համենայն դէպս, մեզի կը մնայ պատրաստ ըլլալ ահազանգին՝ այն անխուսափելի պահուն, երբ ի վերջոյ «դանակը պիտի հասնի ոսկորին» եւ Մոսկուան ու Անգարան այլեւս պիտի չկարողանան մարտավարական լուծումներով յետաձգել իրենց միջեւ բախումը։ Մինչ այդ՝ չկայ խաղաղութիւն, այլ՝ միայն զինադադար։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
horizonweekly.ca

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
«Հայուն վերջին խելքը»… Պիտի մնա՞

Ծանօթ խօսք է. մէկ լուսանկար յաճախ հազար բառ կ'արժէ: Միայն հպանցիկ ակնարկ մը

17 Մայիս 2025
Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ըն

15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Ա

17 Մայիս 2025
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Երևան

Մայիսի 16-ին ՀՅԴ անդամ, Հայաստանի Հանրապետության Ազգային Ժողովի պատգամավոր Արթ

16 Մայիս 2025
Արցախի հիմնահարցը քաղաքական օրակարգի վ

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ

16 Մայիս 2025
Առայժմ չկա գործիքը, որն իմպիչմենտը կհա

Իմպիչմենտ սկսենք, կկանգնենք կոտրած տաշտակի առաջ, չսկսելու պատճառը ծիծաղի առարկ

16 Մայիս 2025
Աղքատ… Մեծահարուստը, Կամ Վիթխարի ՄԵԾը՝

«Իմ սեփական պարտէզիս մէջ, այլեւս ատելութեան սերմերը չեմ ցաներ: Կեանքը դաժան դա

16 Մայիս 2025
Երկխոսության բացակայությունը իշխանությ

Մայիսի 15-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հ

16 Մայիս 2025
Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկր

Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմա

16 Մայիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց

16 Մայիս 2025
Որքան էլ ունենանք տարաձայնություններ,

Արտաքին և ներքին մարտահրավերները կառավարելն այս իշխանության ուժերից վեր են, ին

15 Մայիս 2025
Պարտությունը պարտության հետևից բերում

Քաղաքական մեծամասնությունն ունի գիծ, որից բխում են նրա բոլոր որոշումները: Մեզ

15 Մայիս 2025
Ակնարկ. Ի՞նչ ազդանշաններ սպասել Ստամբ

Ստամբուլում, այսօր՝ մայիսի 15-ին Ռուսաստանի եւ Ուկրաինայի պատւիրակութիւնների մ

15 Մայիս 2025
Իշխանությունները չեն հասկանում իրենց պ

Ամեն ինչ տեսել եմ, բայց այս աստիճանի այլանդակություն, ուրիշ բառ չեմ կարողանում

15 Մայիս 2025
Իրանի բեկումնային պատգամը

Մայիսի 12-ի իմ յօդուածի հարցադրութեանց շրջագծին մէջ, ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործը

15 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը 1914 թ. օգոստոսին, Առաջին համա

15 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Հայերի կարծիքով՝ միայն իրենք են անմիաբ

Հայերը հաճախ գանգատվում են, որ իրենք պառակտված ազգ են՝ սխալմամբ կարծելով, որ մ

13 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company