ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մշտապէս Երիտասարդ Է
07 Փետրվար 2022
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ 5 փետրուար 2022-ին:
Սովորութիւն դարձած է յատուկ թուական չունեցող այդ օրը նշել ամէն տարի` նոյեմբեր կամ դեկտեմբեր ամիսներուն: Այդպէս ալ եղաւ սփիւռքի բազմաթիւ վայրերուն մէջ, ուր տարուան մը գործունէութեան հրապարակային հաշուետուութեան կողքին, բանախօսները առիթ ունեցան նաեւ ուրուագծելու յառաջիկայ գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները: Նոյնը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ, աւելի քան ամսուան մը յապաղումով:
ՀՅ Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովէն շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ կայացած կուսակցութեան 131-ամեակին նուիրուած այս միջոցառումը առիթ կ՛ընծայէ կատարելու քանի մը պարզ մտորումներ անցած երկարատեւ գործունէութեան ու անմիջական գալիքին մասին:
131 տարիներու անխափան գոյութիւնը եւ շարունակական գործունէութիւնը կրնան մտածել տալ, որ Դաշնակցութիւնը անցեալին մէջ բանտարկուած զառամեալ կազմակերպութիւն մըն է: Նման մտածողութիւն ունեցողները չեն ուզեր տեսնել, որ պատմական դէպքերու ամբողջ ընթացքին, անոր բոլոր հանգրուաններուն, Դաշնակցութիւնը գիտցած է ըլլալ ժամանակին վկան ու ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է ազգային-քաղաքական գործընթացներուն: Սխալներ գործա՞ծ է Դաշնակցութիւնը. այո՛, անկասկած: Անբաւարար տեղեկացուածութիւնը, երբեմն սխալ նախատեսութիւնները, երբեմն ուժերու անբաւարարութիւնը զայն առաջնորդած են պարտութեան, որ հանրային կարծիքին համար համազօր է սխալի: Իսկական սխալը կամաւոր, գիտակցուած շեղումն է ազգային գաղափարէն, որ Դաշնակցութեան էութիւնն իսկ է:
Բայց մենք ինչո՞ւ կը խօսինք քանի մը «սխալներու» մասին, երբ Դաշնակցութեան պատմութիւնը լեցուն է սխրանքներով ու յաղթանակներով: Ոչինչ ընող, միայն խօսող ու գործելէ խուսափող կազմակերպութիւնները կրնան անսխալական ըլլալ, հրապարակի վրայ մշտապէս ներկայ եղողը յաղթանակներ կը կերտէ, երբեմն ալ կը պարտուի: Ժամանակաւոր պարտութիւնը կը հանդիսանայ դաս եւ ուղեցոյց ապագայ պայքարներու եւ յաղթանակներու համար:
Ինչպէ՞ս կը բացատրուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պայքարին այժմէականութիւնը 131 երկար տարիներու պատմական բոլոր փուլերուն:
Դաշնակցութիւնը քարացած քաղաքական վարքագիծ ունեցող կազմակերպութիւն չէ: Աշխարհի մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, ուժի կեդրոններու բախումները, տնտեսական ու ընկերային կացութիւնը, հայ ժողովուրդի վիճակը եւ նաեւ իր շարքերուն պատրաստակամութիւնը հիմք կը ծառայեն, հանգամանալից քննարկումներէ ետք, ռազմավարութեան մը մշակման` Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Ռազմավարութիւնը առկայ իրողութիւններու ու ժամանակակից մարտահրաւէրներու լոյսին տակ կը սահմանէ առաջնահերթութիւնները եւ կը վերանորոգէ առաջադրանքները: Ասիկա կը կատարուի Դաշնակցութեան գաղափարական առաջնորդ հանդիսացող Ծրագիրին հաւատարմութեան անշեղ գործադրութեամբ: Ընդհանուր ժողովի մշակած ռազմավարութիւնը, պարտադիր բոլոր միաւորներուն համար, Դաշնակցութեան պայքարը մշտապէս կը պահէ համահունչ ապրուած ժամանակին ու ընթացիկ իրողութիւններուն:
Այս երեւոյթը գաղտնիքներէն մէկն է, չըսելու համար կարեւորագոյնը, Դաշնակցութեան երիտասարդութեան ու պայմաններուն յատուկ, այժմէական գործունէութեան:
Դաշնակցութեան աշխարհով մէկ սփռուած միաւորները ռազմավարութիւնը կը գործադրեն իրենց պայմաններուն յատուկ միջոցներով, ուրիշ խօսքով` իրենք կ՛որոշեն շրջանին յատուկ մարտավարութիւնը: Կազմակերպական, աշխատանքային այս ապակեդրոնացումը սահմանափակուած է քաղաքական-բարոյական կեդրոնացումով, որ կը բխի Ծրագիրին ու որդեգրուած ռազմավարութեան անշեղ հաւատարմութեամբ:
Այս սկզբունքներու գործադրութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը տարբեր հորիզոններու տակ կը մնայ հաւատարիմ ժամանակի պահանջներուն, միշտ ժամանակակից, միշտ միասնական, մշտապէս երիտասարդ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com