ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ուքրանիա, Մարգարտածաղիկ եւ Ճատրակ

10 Փետրվար 2022

Բնական է, որ որեւէ հայու համար, Հայաստանի իրադաձութիւնները, վատ ու լաւ զարգացումները (վերջինները՝ համեմատաբար սակաւ) մնան մտահոգութեանց գլխաւոր կիզակէտ, մեր դիմագրաւած ներքին ու շրջանային արհաւիրքներէն ձերբազատումը՝ գլխաւոր սեւեռակէտ: Այսուամենայնիւ, Հայաստանի սահմաններուն մօտ ու հեռու՝ տեղի կ’ունենան աշխարհը ցնցող դէպքեր, որոնք չեն կրնար անտարբեր ձգել մեզ, որովհետեւ այլ երկիրներու ու ժողովուրդներու պէս՝ մենք ալ կը գտնուինք անոնցմէ տարածուող մագնիսական դաշտին մէջ, տեղի ունեցածները ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կ’ազդեն մեր հայրենիքին եւ հաւաքական կեանքին վրայ. այդպէս եղած է մի՛շտ, սակայն վերջին տարիներուն, մանաւանդ Արցախեան Շարժումէն ասդին, եւ այդ տագնապի կտրած տաք ու գաղջ փուլերուն, մասնաւո՛րաբար 44-օրեայ պատերազէն ետք, այդ բոլորը շատ աւելի այրող ներգործութիւն կ’ունենան մեր մորթին վրայ (ծանօթ մանրամասնութիւններ թուելը կը նկատենք աւելորդ): Ստեղծուած է վիճակ, որ կը նմանի գիշերը գող բռնած տղուն կացութեան: Հայրը թելադրեր է զաւկին, որ թո՛ղ տայ իրենց տունը մտած գողը, գլխուն փորձանք չբերէ. «Բայց… Հայրի՛կ, ես զինք ազատ կը ձգեմ, ի՛նք օձիքս չի ձգեր», պատասխաներ է տղան…

Մեր սահմաններէն հեռու տեղի ունեցող այդ զարգացումներուն նորագոյն օղակներէն մէկն էր տարեսկիզբին, Ղազախստանի մէջ պատահած շարժումը, որ սկզբնապէս ընկերային տագնապի մը պատմուճանով ներկայացաւ (վառելանիւթի սակերու բարձրացման դէմ բողոքի ցոյցեր, այլապէս՝ արդար), սակայն շուտով իրականութիւնը բացայայտուեցաւ եւ ընդհուպ հակակշիռի տակ բերուեցաւ (եւ ի՜նչ արագութեամբ): Ռուսիա տեսաւ, որ իր «ետեւի պարտէզ»ին մէջ իր շահերը խնդրոյ առարկայ դարձած են, գործի անցաւ եւ… մեր Հայաստանն ալ օգնութեան կանչենց, զսպելու համար ոտնձգութիւնը: Արեւմուտքին, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ դուռները անվերապահօրէն բանալու պատրաստուող Հայաստանի իշխանաւորները կարողութիւնը չունէին մերժելու Ռուսիոյ «խնդրանքը». անկէ ծագած բազմագոյն մեկնաբանութիւնները տարածուեցան, արձագանգները կը ղօղանջեն մինչեւ այսօր, բազում ու հակադիր «թելադրանքներ» կը հասցէագրեն Երեւանի իշխանութեանց եւ քաղաքական բեմի դերակատարներուն, մեր ամբողջ ժողովուրդին:

ՄԱՐԳԱՐՏԱԾԱՂԻԿ ԵՒ…

Ղազախտսանէն առաջ ու անկէ ետք, կար ու կը մնայ շատ աւելի սուր տագնապ մը, որ կը կոչուի Ուքրանիա: Երբեք կարելի չէ անտեսել այլ տագնապալի միջավայրեր, որոնք կը կոչուին Միջին Արեւելք, Հոնկ Քոնկ, Չինաստանի ույղուրներ, Հիւսիսային Քորէա, գաղթականներու-բռնագաղթուածներու տագնապ՝ ո՛չ լոկ մարդակային երեսով, ու… շարքը երկար է, եթէ նախընտրենք մնալ քաղաքական դէպքերու բնագաւառին մէջ, անոնց չառնչենք առողջապահական ծանօթ պատուհասն ու անկէ ծնած՝ ընկերային-տնտեսական նահանջները:

Սեւ ծովու հիւսիսը տարածուող այդ երկիրը, որ 2014-էն ի վեր յաճախ կեդրոնական մէկ կիզակէտը դարձած է Արեւելք-Արեւմուտք վերստին սաստկացող հակամարտութեան, վերջին շաբաթներուն, այսինքն՝ Ղազախստանի հարցին անշքացումէն-անթեղումէն ի վեր, մտած է այնպիսի հունի մէջ, որ հզօր ու «երկրորդական» երկիրներու վարիչներուն ձեռքը տուած է մարգարտածաղիկ մը, որպէսզի անոր թերթերը փերթ առ փերթ փրցնելով, շունչը բռնած՝ քայլ պահեն աշխարհի քարտէսին վրայ տեղի ունեցող եռուզեռին հետ: Մարգարտածաղիկը, գիտենք, ունի ժողովրդական անուն մը՝ «ապրիմ-մեռնիմ»ի ծաղիկ (մանուկներ անոր թերթերը մէկ առ մէկ կը փրցնեն եւ կը փորձեն ստուգել, թէ վերջին թերթը ապրելո՞ւ, թէ՞ մեռնելու «պատգամ» պիտի բերէ, իսկ սիրահարները այս ծաղիկը կը գործածեն «կը սիրէ-չի սիրեր»ը ստուգելու նպատակով): Տարբերութիւնը այն է, որ մերօրեայ մարգարտածաղիկին թերթերը փրցնողները կը յանկերգեն՝ «Պատերազմ պիտի պայթի-պիտի չպայթի», եւ անշուշտ, մտահոգութիւնները միայն Ուքրանիայով չեն սահմանափակուած, այլ կը հասնին աշխարհի հեռաւոր հորիզոնները, կ’ուրուագծեն Գ. Աշխարհամարտի մը ուրուականը:

Եւ իսկապէս, եթէ Ուքրանիոյ շուրջ տեղի ունեցող մրցակցութիւններուն (եւ անկէ ճառագայթողներուն) համայնապատկերը աչքի առջեւ բերենք, կարելի է հետեւցնել, որ Բ. Աշխարհամարտէն ասդին, կ’ապրինք հազուադէպօրէն ա՛յսքան սպառնալից պայմաններու մէջ: Աւելի քան 60 տարի առաջ, կար Քուպայի տագնապը, որ աշխարհը բերաւ-դրաւ կորիզային հրթիռներով աշխարհամարտի մը սեմին (Քենետի-Խրուշչով հակարդութիւնը եւ… Խրուշչովի նշանաւոր կօշիկը): Անկէ ետք, եկաւ «Պաղ պատերազմ»ը, յետոյ՝ ձիւնհալ եւ տեսակ մը (անհաւատալի) սիրաբանութիւն, յետոյ՝ Խորհրդային Միութեան տարանջատումն ու հզօրներու ազդեցութեան գօտիներու վերադասաւորումը (այդ օրերուն, բարենպաստ ալիքներ հասան նաեւ Հայաստան աշխարհ, եղան խելամիտ մարդիկ, որ զայն օգտագործեցին եւ մեր հայրենիքը վերանկախացաւ, Արցախի մեծ մասը ազատագրուեցաւ…): Եւ ահա, տասնամեակներ ետք, փորձ կը կատարուի այդ օրերուն սկիզբ առած ուժերու վերադասաւորման նորագոյն փուլը բանալու, ու կրկէսին մէջ իբրեւ ախոյեաններ հրապարակ կու գան աւանդական մրցակիցները՝ Արեւելքն ու Արեւմուտքը (որոնք երկու աշխարհամարտերուն պահ մը մէկդի դրած էին աւանդականը եւ միացեալ ճակատ կազմած՝ կայսերական ու հիթլերական Գերմանիոյ դէմ):

…ՃԱՏՐԱԿԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԽԱՂ

Մարգարտածաղիկին թերթերը մէկ առ մէկ փրցնող մարդուն՝ քաղաքական-դիւանագիտական-զինուորական շարժումներուն հետեւողին համար, դժուար չէ տեսնել, որ ճատրակի ինչպիսի՜ նուրբ եւ վտանգալից, բացայայտ եւ քողարկեալ խաղեր կը խաղցուին զինուորական եւ դիւանագիտական դաշտերու մէջ. ռուսական ուժեր կեդրոնացած են Ուքրանիոյ սահանին մօտ, Ռուսիա եւ Պելոռուսիա միացեալ ռազմափորձեր կ’ընեն, Միացեալ Նահանգներ հազարաւոր զինուորներ կը հասցնէ Ուքրանիոյ մերձակայ երկիրներ, պալթեան երկիրները կը քաջալերեն «ինքնապաշտպանութեան ռազմափորձեր»ու, ռուսական «հաւանական յարձակում»ի մը դէմ, ՆԱԹՕ-ի երկիրներէ զէնք կը հոսի դէպի Ուքրանիա (արդէն մոռցուած է, որ կարճ ատեն մը առաջ, Պելոռուսիա եւ Լեհաստան այլ ճակատումի մը կ’երթային՝ գաղթականներու դէպի Լեհաստան հոսքը արգիլելու հարցով): Զինուորական շարժումներուն խորապատկերը կը կազմեն փոխադարձ ամբաստանութիւններով ու սպառնալիքներով՝ հետզհետէ աւելի՛ բարձրագոչ «երգչախումբերը», որոնց բարձրախօսները զետեղուած են հակադիր զօրակայաններուն մամուլի պատուհաններուն վրայ:

Զինուորական ճատրակի տախտակին զուգահեռ, վերջին 2-3 շաբաթներուն, ականատես ենք շատ աշխուժ երթեւեկներու, որոնք կը կատարուին աշխարհի հզօր պետութիւններուն եւ ազդեցիկ մայրաքաղաքներուն միջեւ: Աշխարհի ամէնէն ծանր հրետանիները, Պայտընէն մինչեւ Մաքրոն, Ճոնսըն, Շոլց եւ ուրիշներ (ինչպէս՝ Էրտողան եւ արեւելեան եւրոպական երկիրներու նուազ ծանր հրետանիներ), անձամբ եւ նախարարներու միջոցով, փէշերը հաւաքած, գործի լծուած են, կը վազվզեն դէպի Մինսք, Մոսկուա եւ այլուր: Եռուզեռը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր. ինչպէ՞ս կանխարգիլել բռնկումը, որմէ առաւել կամ նուազ չափով աղէտ պիտի բաշխուի երկու հակադիր զօրակայաններու «զինուորներուն» եւ «հրամանատարներուն», անմիջականօրէն՝ Ուքրանիոյ, յետոյ նաեւ՝ եւրոպական երկիրներու: Հրապարակ կը նետուին «լուծման տարազներ», ուրիշներ գաղտնի կը պահուին:

Խորքին մէջ, վախցուած ճակատումէն շահաւոր մը պիտի չըլլայ (շահողներուն մասին կը խօսինք այլապէս), իսկ վնասներուն նախահաշիւը կարելի չէ կատարել, այլ միայն նախաճաշակ մը ունենալ՝ հետեւելով Ծոցի, Աֆղանիստանի, Միջին Արեւելքի, Արաբական թերակղզիին, ափրիկեան եւ այլ ցամաքամասերու վրայ մղուող «մանր» բայց մահասփիւռ պատերազմներուն, անշուշտ առանց մոռնալու մեր Արցախն ու Հայաստանը:

Բնականաբար, մարդկութիւնը կը ցանկայ, որ ճատրակի զուգահեռ մրցումները չյանգին յաղթողի-պարտուողի կացութեան, այլ գտնուի հաւասարութեամբ ելք մը գտնելու տարազ մը:Կը թուի, թէ դիւանագիտական ելքի մը նժարը քիչ մը յուսատու կը դառնայ, սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ եղածը ճատրակի վարպետներու միջեւ «գլուխ կոտրոց» մրցում մը չէ, որ ընդհանրապէս հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կը դիտուի, այլ՝ երկիրներու եւ մարդկութեան ճակատագիրն է խաղի դրուողը: Իսկ Եւրոպան հաւանաբար չէ մոռցած (արդեօ՞ք) աշխարհամարտներէն իր կրածները…

Ո՞Վ Է ԻՐԱՒԱՑԻՆ

Ստեղծուած վիճակին մէջ, կը ծագի բնական հարցում մը. ո՞վ է իրաւացին:

Արագ ակնարկով մը ոստոստենք տրուած բացատրութիւններուն եւ ինքնարդարացումներուն գլխաւոր գիծերուն վրայէն:

Ռուսիա, որ հսկայական ուժ կեդրոնացուցած է Ուքրանիոյ սահմանամերձ գօտիին մէջ, երդում-պատառ կ’ըլլայ, թէ ներխուժելու ծրագիր չունի, սակայն նաեւ կը յայտարարէ, թէ իրեն համար անընդունելի, եւ իր ռազմավարական եւ այլ շահերուն դիտանկիւնէն՝ վնասակար կը նկատէ իր ազդեցութեան գօտիէն ներս ՆԱԹՕ-ին նոր թափանցումները: Մոսկուա կը յիշեցնէ, որ երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ եւ «Պաղ պատերազմ»ին վերջակէտ մը դրուեցաւ, համախոհութիւն կար, որ նախկին ախոյեաններուն՝ ՆԱԹՕ-ի եւ Վարշաւայի Ուխտի զօրակայանի ազդեցութեանց գօտիներէն ներս փոխադարձ ներթափանցումներ պիտի չկատարուէին: Աշխարհը այդ օրերուն ունէր ուժերու դասաւորման այնպիսի պատկեր մը, որ Վարշաւայի Ուխտը շոգիացաւ, ՆԱԹՕ-ն ինքն իրեն իրաւունք տուաւ իր ազդեցութիւնը տարածելու դէպի նախկին խորհրդային երկիրներ ու խորհրդայիններուն արբանեակները հանդիսացող շրջաններ (պալթեան եւ արեւելեան եւրոպական երկիրներ, հասաւ մինչեւ Իրաք եւ այլուր), նախկին մրցակիցներէն շատերուն առջեւ բացաւ լիիրաւ կամ ընկերակից անդամ դառնալու դուռները: Այս բոլորը տեղի ունեցան ի վնաս Խորհրդային Միութիւնը ժառանգած Ռուսիոյ եւ անոր գործակիցներուն իսկ Ռուսիան ի վիճակի չէր չհանդուրժելու այս շարժը (չանտեսենք տնտեսական շահակցութիւնները…):

Իր շահերն ու ազդեցութեան գօտիները ըստ կարելւոյն պահպանելու համար, Ռուսիա ստեղծեց զինուորական-ապահովութեան եւ տնտեսական գործակցութեան ծանօթ համակարգերը: Անոնց անդամ է նաեւ Հայաստանը, սակայն վերջին տարիներուն բաց գաղտնիք է, որ Հայաստանի մէջ կան, Վրաստանի հետեւողութեամբ՝ Արեւմուտքին մերձենալու, մինչեւ իսկ ռուսական զօրակայանը փակելով՝ ՆԱԹՕ-ին հող տալու ընտրանքը հետապնդողներ. ու զարմանալի չէ, որ «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք, Հայաստան այցելող առաջին բարձրաստիճան պատուիրակներէն մէկը կը կոչուէր… Ճոն Պոլթըն, իսկ Երեւան-Մուսկուա զինակցական-բարեկամական կապերը անկէ ի վեր քանիցս անցան չերմ ու պաղ փուլերէ:

Մինչ Ռուսիա կը յանկերգէ միայն իր շահերն ու ազդեցութեան գօտին պահպանելու նախանձախնդրութիւնը, Արեւմուտքը, Ուաշինկթընի խմբավարութեամբ, կ’ըսէ, թէ ՆԱԹՕ-ին տարածումը, նոր անդամներու ներգրաւումը պէտք չէ որեւէ արգելքի դիմաց կանգնի: Այս տեսակէտը կ’արդարացուի ըսելով, որ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի որոշելու, թէ ո՞ր զօրակայանին կ’ուզէ մաս կազմել, այսինքն, եթէ Ուքրանիա (կամ ուրիշ մը) որոշէ անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին, Ռուսիա իրաւունք պէտք չէ ունենայ արգելք դնելու: Նորագոյն տարազը՝ Ուքրանիան իբրեւ «չէզոք գօտի» ճանչնալն է: Արեւմուտքը չի սիրեր խօսիլ այն բաներուն մասին, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Ուքրանիոյ մէջ իբրեւ ռուսամէտ ճանչցուած իշխանութիւն մը (Պելոռուսիան աւելի յստակ դիրքորոշում ունի ի սկզբանէ) օր մըն ալ փոխարինուեցաւ Արեւմուտքին սիրահար եւ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու ախորժակներով տոգորուած վարչախումբով մը, կամ թէ ինչո՞ւ աշխարհի այլ շրջաններու մէջ ժողովուրդներու կոկորդէն վար կը հրուի արեւմտեան ժողովրդավարութիւն եւ արժէքներ որդեգրելու կեղծ ու համէ զուրկ պատառները, ասոր-անոր կը պարտադրուի ընտրել այս կամ միւս «զօրակայանը»: Անտեսելի չէ, անշուշտ, նախկին խորհրդայիններուն զինակիցներուն եւ արբանեակներուն մօտ հակա-Մոսկուա տրամադրութիւններուն պատճառները, որոնք 50-ական եւ 60-ականներէն ի վեր ծանօթ դրսեւորումները ունեցած են Հունգարիոյ, նախկին Չեխոսլովաքիոյ, Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Բնականապար չէ մոռցուած, որ դէպի արեւմուտք թեքելու ուքրանական «շարժում»ին՝ Մոսկուայի հակադարձութիւնը եղաւ բաւական կտրուկ. Խրիմը ի վերջոյ կցուեցաւ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ արեւելեան՝ Տոնպաս նահանգը, ռուսական աջակցութեամբ, ինքնավարութեան տարազ մը գտաւ եւ կրնայ… առաջին ռազմադաշտը դառնալ՝ եթէ պատերազմ մը պայթի. արդէն երկար ատենէ ի վեր մեկնաբանութիւններ եւ նախատեսութիւններ կ’ըլլան, թէ Տոնպասը կրնայ Ռուսիոյ յառաջապահ զինուորը ըլլալ՝ Քիեւի դէմ պատերազմի մը պարագային, եւ Խրիմը կ’ունենայ… երկուորեակ մը:

Մէկ խօսքով, թէ՛ Ռուսիա եւ թէ Ուաշինկթըն (իրենց դաշնակիցներուն հետ) մարդկութեան կը ներկայանան կարծէք թէ ի վերուստ իրենց տրուած իրաւունքները պաշտպանելու դիրքերէ: «Այս գօտին իմս է, հոն ոտք չդնես»ը երկուքին կողմէ մէջտեղ նետուած է իբրեւ վահան եւ նախայարձակում մը արդարացնելու զէնք, կարծէք թէ կ’անտեսուի նաեւ այն, որ աշխարհի մէջ ուժերու պատկերը այն չէ, ինչ որ էր «Պաղ պատերազմ»ի, ձիւնհալի եւ Խորհրդային Միութեան քայքայման փուլերուն: Ռուսիա հիմա ինքզինք աւելի՛ հզօր կը զգայ, քան 30 տարի առաջ (երբ Կորպաչովին յաջորդեց Ելցինը), կ’աշխատի բացայայտօրէն պահպանել իր շահերը:

Փետրուարի առաջին շաբաթավերջին, արեւմտեան լրատու աղբիւրներ մինչեւ իսկ գործածեցին «հին զէնք» մը, «սխալմամբ» յայտարարելով, որ ռուսական ուժերը արդէն յարձակման անցած են Ուքրանիոյ վրայ: Լուրը շուտով յետս կոչուեցաւ, սակայն աշխարհի յիշողութեան մէջ արթնցաւ սարսուռ պատճառած այլ ստայօդ դրուագներ. Իրաքի վրայ յարձակումն ալ արդարացուած էր սուտ լուրերով, նոյնը պատահած էր Ծոցի առաջին պատերազմին, Քուէյթը պաշտպանելու ելած դաշնակից ուժերուն կողմէ…:

ՄԻԱՄՏՈՒԹԻ՞ՒՆ Է…

Փոխադարձ մեղադրանքներուն, ինքնարադացման ճիգերուն եւ պատերազմի թմբկահարման բարձացուցած աղմուկին մէջ, ո՛չ ոք կը մտածէ ձայն բարձրացնել ու հարց տալ, թէ Արեւելքն ու Արեւմուտքը ինչո՞ւ պէտք է իրենք իրենց իրաւունք տան աշխարհը իրենց միջեւ ազդեցութեան գօտիներու բաժնելու, ինչո՞ւ զինու ուժի դիմելու սպառնալիքներ պէտք է հնչեն՝ տարակարծութիւններ դարմանելու համար (մենք՝ հայերս այս «քաղաքականութեան» ծանր հետեւանքները կրած ենք անցեալին ու վերջերս), մինչդեռ, աշխարհամարտեր տեսած եւ նախ՝ Ազգերու Լիկա, ապա՝ ՄԱԿ (նաեւ բազում այլ օգտակար կազմակերպութիւններ) ձեւաւորած աշխարհը արժանի է շատ աւելի լաւին:

Նման հարցում հնչեցնողը կը նկատուի միամիտ, պարզամիտ կամ աշխարհի իրականութիւններէն ինքզինք խզած… «ծակ գլուխ»:

ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԿԻՍԱԹԱՓԱՆՑ ԳԻԾԵՐ

Սպասելով, որ Ուքրանիոյ «հրդեհ»ին կանխարգիլման համար գործող «հրշէջներ»ը աշխարհն ու մեզ հասցնեն մարգարտածաղիկին՝ «պատերազմ պիտի չպայթի» աւետող վերջին թերթին, փորձենք հակիրճ ակնարկ մը նետել հրապարակներէն անդին, լուսանցքներու եւ վարագոյրներու ետին ընդնշմարուող ու հաւանական զարգացումներու վրայ, որոնց մասին բարձրաձայն չի խօսուիր, կամ ընդհանրապէս կը պահուին լուսարձակներէ հեռու:

ՇԱՀԵՐՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ ԵՒ…

Պէտք է բացորոշ կերպով տեսնել, որ տագնապին լուծման ի խնդիր գործողները, յայտարարուած ընդհանրական շահերէն, խաղաղութեան պահպանման ձգտումէն անդին, ունին մասնակի, մինչեւ իսկ անձնական շահեր: Թուենք մէկ քանին:

Միացեալ Նահանգներ, «ռուսական արջը» զսպելու, եւ եւրոպացի դաշնակիցներն ալ այդ սայլին լծելու իր հետամտութեան մէջ, ունի բազմաճիւղ շահեր: Նախ, կայ կարգ մը գիծերու վրայ վարկի անկումի իրականութիւնը: Աֆղանիստանի, իսկ անկէ առաջ՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ (նաեւ ձեւականօրէն՝ Թուրքիոյ), քիչ մըն ալ Չինաստանի դաշտերուն մէջ իրենց կրած «մանր ձախորդութիւններ»էն ետք (մանր՝ Վիեթնամի տագնապին բաղդատմամբ), արեւմուտքցի դաշնակիցները կ’աշխատին նոր նահանջ չկրել Եւրոպայի մէջ, իսկ կիզակէտը այսօր Ուքրանիան է: Շշուկով կը խօսուի, թէ Պայտըն նախապատրաստական աշխատանքի սկսած է, քանի մը ամիս ետք տեղի ունենալիք՝ «պաշտօնավարութեան կիսու» ընտրութիւններուն համար: (Միջանկեալ արձանագրենք: Երբ «Իսլամական պետութեան» մէկ նորագոյն ղեկավարին սպանութիւնը յայտարարուեցաւ քանի մը օր առաջ, Պայտընի ընտրապայքարին այս ու նման «սխրագործութիւններու» բերելիք նպաստին մասին զրոյցներ հնչեցին): Ու երբ Պայտըն կը սպառնայ տնտեսական պատժամիջոցներու դիմել Ռուսիոյ դէմ, պաշտպանելու համար Ուքրանիան (ո՛չ ոք կը խօսի այն մասին, թէ Ուաշինկթըն եւ դաշնակիցները ուղղակի ճակատումի մը պիտի երթան Ռուսիոյ հետ, եւ սա բնականաբար կը մտահոգէ «քաւութեան նոխազ» դառնալու պատրաստուող Ուքրանիան), միաժամանակ, եւրոպացիներուն անուղղակիօրէն «էսդի՜ համեցէք» կ’ըսէ, օրինակ, կը խոստանայ Պալթիկ ծովուն ճամբով Ռուսիայէն հասնող վառելանիւթի նոր խողովակաշարը կասեցնել եւ, որպէսզի եւրոպացիք վառելանիւթի տագնապի չմատնուին՝ «աչք կ’ընէ», թէ ինք կրնայ մատակարարել պակսող բաժինը: Կարգ մը դիտողներ կ’ըսեն, որ սա առաւելաբար քարոզչական տրամադրութիւն կ’արտայայտէ, որովհետեւ ամերիկեան վառելանիւթը գոնէ շատ աւելի սուղ պիտի արժէ եւրոպացիներուն:

Այս բոլորէն անդին, ո՛չ ոք դժգոհութեան կամ բողոքի ձայն կը բարձրացնէ (եւ… զարմանալի չէ) ընդդէմ ամերիկեան ուժերու եւրոպական երկիրներ փութացումին դէմ: Երբ իրաքեան, սուրիական, աֆղանիստանական եւ այլ «արկածախնդրութիւններ» կրակի վրայ կը դրուէին, բաւական սուր բանավէճ տեղի կ’ունենար ամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ, մտահոգութիւններ կը բարձրաձայնուէին, թէ ամերիկացի զինուորներ պէտք չէ ղրկել վտանգաւոր գօտիներ, յիշեցումներ կը կատարուէին վիեթնամեան «նախճիրներու» մասին: (Չենք մոռնար, որ Խորհրդային Միութիւնն ու ժառանգորդ Ռուսիան ալ նմանօրինակ միջամտութիւններով պատմութիւն կերտած են, սակայն հոն նմանօրինակ բողոքի ձայներ լսելի չեն ըլլար…): Այդ ձայները շարունակուեցան յիշեալ տագնապներու ամբողջ տեւողութեան, տարուէ տարի աւելի՛ ուժեղ հնչեցին եւ դարձան… զօրաւոր խաղաքարտ: Ճիշդ է, որ այսօր Եւրոպա ղրկուած ամերիկացի զինուորները անմիջականօրէն պատերազմի դաշտ նետելու ծրագիրներ չկան, սակայն եղածը կարելի չէ դիտել միջամտութեան, գոնէ միջամտութեան պատրաստութեան օղակէն դուրս…

Անդին, Ռուսիա թէեւ մտահոգ է եւրոպական շուկայէն որոշ չափով զրկուելու հաւանականութեամբ, սակայն անդին, գտած է Չինաստանի շուկան (նման ընթացք ունի արեւմտեան ճնշումներու եւ կապանքներու ենթակայ Իրանը): Պատահական չէր, որ Փութին ձմեռնային Ողիմպիականներուն բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ բանակցութիւններ ունեցաւ Չինաստանի իր գործակիցին՝ Ճինփինկի հետ, իսկ գրեթէ նոյն օրերուն, ռուսական, չինական եւ իրանեան ուժեր միացեալ ռազմափորձեր կատարեցին, բացայայտելու համար, որ Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու գօտիներուն մէջ շեշտակի դարձած՝ արեւմտեան ազդեցութեան հզօրացումը հաշտ աչքով չի դիտուիր իրենց կողմէ: Այլ խօսքով, Ռուսիոյ դէմ Ուաշինկթընի եւ դաշնակիցներուն (ՆԱԹՕ-ին) ճանշումներուն հզօրացումը ունեցաւ բնական հետեւանք մը՝ Մոսկուա-Փեքին յաւելեալ մերձեցում: Եթէ մարդիկ յիշողութեան տոպրակը քրքրեն, պիտի տեսնեն, որ անցեալին ալ, նիքսընեան «փինկ-փոնկի քաղաքականութենէն» առաջ եւ ետք, Մոսկուա-Փեքին մերձեցումները եղած են նման շարժումներու պատճառով:

Ֆրանսայի Մաքրոնն ու Գերմանիոյ Շոլցը նմանապէս ունին «մասնակի հաշիւներ»: Որքան ալ որ Եւրոպան դաշնակից է Ուաշինկթընի, կան բացայայտ տարբերութիւններ, նոյն ակնոցը չգործածելու հարկադրանքներ: Եւրոպա մի՛շտ ալ փորձած է ինքզինք ըստ կարելւոյն անվնաս պահել ամերիկեան «տիրակալութենէ» (խօսքը միայն մշակութային մարզին մասին չէ): Եւրոպական միութեան եւ նախընթաց քայլերուն մէջ, ի շարս այլոց, կար Եւրոպայի քաղաքական ու տնտեսական ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ պահպանման նախանձախնդրութիւնը: Եւրոպական ճարտարարուեստի (օրինակի համար՝ ինքնաշարժերու) մեծ ու փոքր ընկերութեանց՝ ամերիկացիներու (համաշխարհայնացած ընկերութիւններու) կողմէ կլանուիլը միայն դրական աչքով չէ դիտուած Եւրոպայի մէջ, թէեւ սա մարզ մըն է, որուն մասին, ինչպէս նշեցինք, բարձրաձայն չի խօսուիր: Երկու պետական մարդիկը, որոնք կը կազմեն Եւրոպայի հզօրանքին առանցքը, ունին, Պայտընի նման, ընտրական հաշիւներ: Մաքրոն ունի վերընտրուելու օրակարգ, Շոլց նոր փոխարինած է Մերքէլը, իր կառավարութեան ընկերակցութեան (քոալիսիոն) մէջ իսկ ունի լուռ մրցակիցներ, հետեւաբար, ուքրանական դաշտին մէջ դիւանագիտական նուաճում մը կրնայ դրամագլուխ ապահովել երկու գործակից պետերուն: Պորիս Ճոնսընի պարագան ալ արհամարհելի չէ, նախ՝ «Պրեքզիթ»ին, ապա նաեւ «արգիլեալ օրերու» գինարբուքներ սարքելներէն ծագած ալիքներուն պատճառով:

Կարելի չէ անտեսել Թուրքիոյ Էրտողանին դերակատարութիւնը, պարզ խօսքով՝ լարախաղացութիւնը: Թուրքիոյ նախագահն ալ, իբրեւ խաղաղարար միջնորդ, կրկէս մտաւ, սակայն ըստ սովորութեան, չծածկեց… ՆԱԹՕ-ին իր հաւատարմութիւնը, երբ Քիեւի մէջ բացայայտօրէն արտայայտուեցաւ Ռուսիոյ դէմ, Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտար»ներու արտադրութեան պայմանագիր ալ կնքեց, պաշտպան կանգնելով Ուքրանիոյ հողերուն ամբողջականութեան եւ Խրիմի վերադարձին: Ան բանականաբար չխօսեցաւ իր այն ախորժակներուն մասին, որոնք ուղղուած են Խրիմին, որուն համար, շուրջ 150 տարի առաջ պատերազմներ ալ մղեց ցարական Ռուսիոյ դէմ, եւ արեւմուտքի օրուան դաշնակիցները իր ետեւէն վազցուց՝ ռուսական տարածումը կասեցնելու նպատակով…: Այլ խօսքով, Էրտողանի համար ալ, Ուքրանիոյ զէնքի շուկան ունի հրապուրիչ երեսներ: Հարց է, թէ Ռուսիա որքա՞ն պիտի հանդուրժէ այսպիսի Թուրքիա մը, որուն համաթուրանական երազները կ’ընդգրկեն ո՛չ միայն հարաւային Կովկասը, անմիջականօրէն՝ Սիւնիքը, այլ նաեւ՝ նոյնինքն Ռուսիոյ կարգ մը շրջանները (Թուրքիոյ մէջ քարտէսներ ալ հրապարակ կը ներտուին, Թուրքիոյ յաջորդ կայսրութիւնը հասցնելով մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, քերթելով Ռուսիոյ հարաւային շրջանները): Մինչ այդ, Թուրքիա կը շարունակէ հրապարակի վրայ մնալ իբրեւ ռուսական զէնքերու յաճախորդ եւ այդպէսով, (իբրեւ թէ) կը զայրացնէ Ուաշինկթընն ու դաշնակիցները, որոնք, յամենայնդէպս, աւելի՛ շօշափելի պատճառներ ունին հանդուրժելու թրքական լարախաղացութիւնը, որ խորքին մէջ մէկ արտայայտութիւնն է ՆԱԹՕ-ի հեռահաս ծրագիրներուն:

…ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ «ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏ»

Մասնակի եւ նուազ լուսարձակ խլող շահեր կան այլ կալուածի մը մէջ, որ կը կոչուի «պատերազմի ճարտարարուեստ», կալուած՝ որ անպայման չի գտնուիր պետութիւններու հակակշիռին տակ, այլ հակառակը աւելի՛ ճիշդ է:

Սկսինք հետեւեալ հարցումով. որո՞նք են մանր ու տարածուն պատերազմներէ «կողմնակի» բայց հսկայական շահեր ապահովողները:

Թուենք քանի մը պատասխան. նախ անոնք՝ որոնք տագնապի գօտիներ ղրկուած զինուորները կը փոխադրեն, կը մատակարարեն հագ ու կապով, ճաշերով, անոնց համար զօրանոցներ եւ յարմարաւէտ կեցավայրեր կը շինեն: Սա թաքուն եւ աներեւակայելիօրէն շահաբեր «ճարտարարուեստ» մըն է, հաւանաբար նոյնքան եւ աւելի՛, որքան է… զէնքի շուկան: Յիշատակենք քանի մը օրինակ. Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ, ամերիկացի զինուորներու զօրանոցներ շինողներ եւ զանոնք հոգացողներ, առօրեայ կարիքներ մատակարողներ շատ իւղոտ պատառներ կուլ տուած են, կառավարական իշխանութիւններու ներկայացնելով բազմապատիկ սուղ մուրհակներ (իսկ ամէնէն աղաղակող օրինակներէն մէկը՝ Իրաքի մէջ նոր վարչակազմ պատրաստելու պատրուակով ղրկուած գումարներէն աւելի քան 7 միլիառ տոլարի «շոգիացումն» էր աւելի քան 15 տարի առաջ): Աւելորդ է ըսել, թէ այդ վճարումները կու գան շահատուրք վճարողներէ, որոնք յաճախ բողոքի ցոյցերու կը հանուին համեմատաբար մանր (թէեւ ո՛չ արհամարհելի) կացութիւններու դէմ:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պէտք չունինք թուելու, ցոյց տալու համար, թէ պատերազմներն ու անոնց պատրաստութիւնն իսկ (նաեւ չպայթելու պարագային) խորքին մէջ ոսկի հաւկիթ ածող հաւ կամ սագ են նման՝ լուսարձակներէ հեռու, «հայրենասիրաբար» գործող ընկրութիւններու եւ անոնց ետին կանգնող՝ պետական մարդոց համար: Հետեւաբար, մարգարտածաղիկին թերթերը փրցնողներ կրնան հարց տալ, թէ ի վերջոյ, Ուքրանիոյ մէջ լայնածիր պատերազմի մը պայթո՞ւմը աւելի շահաւոր պիտի ըլլայ, թէ՞ երկարաձգուող տագնապ մը (բնականաբար սա միակ գործօնը չէ,որ պիտի որոշէ պատերազմի քայլին ճակատագիրը, սակայն սա քողարկուող տարր մըն է):

Զէնքի շուկան շատ աւելի բացորոշ կ’երեւի «պատերազմի ճարտարարուեստ»ի բեմին վրայ: Նորութիւն չէ, որ արտադրողները, որոնք ընկերութիւններ են, եւ ո՛չ թէ պետութիւններ, ինչպիսի՛ հարկադրանքներու դիմաց կը դնեն բեմին յառաջամասին «պարող» պետական մարդիկը: Հաւանաբար չէ մոռցուած, որ հանրապետական Տոնըլտ Թրամփ մը իր արտասահմանեան առաջին ճամբորդութիւնը կատարեց դէպի Սէուտական Արաբիա, լուսանկարներով գովասանքը ըրաւ ամերիկեան «գեղեցիկ զէնքեր»ու, հրաւիրեց առատ-առատ գնելու անոնցմէ, եւ այդ զէնքերը սկսան աւելի՛ առատօրէն գործածուիլ… Եմէնի մէջ, մոռցուեցաւ, որ կար ժամանակ՝ երբ Իսրայէլն էր արաբական աշխարհին եւ անոր ղեկավարի պատմուճանին համար մրցակցողներուն հռչակուած թշնամին: Հիմա, դեմոկրատ Պայտընի կարգն է Ուքրանիան ամերիկեան զէնքերով հրապուրելու, դաշնակիցներուն ախորժակներն ալ յայտնի են (լուսանցք գացած է այն պարագան, երբ Ուաշինթըն «Ֆրանսայի կռնակէն» սուզանաւեր ծախեց Աւստրալիոյ…): Մէկ խօսքով, իշխանութեան գլուխը կանգնողին պատկանելիութիւնը երկրորդական կը դառնայ, երբ երկուքին ալ մղում տուողը նոյն՝ «չտեսնուող հսկաներ»ն են:

Բնականաբար «պատերազմի ճարտարարուեստ»ը ունի բազում այլ պտուղներ, որոնք համտեսելու բախտը կ’ունենան «ընտրեալներ»: Նպատակ չունինք այլ երեսներու ցանկագրումն ու մեկնաբանութիւններ կատարելու, ուրեմն բաւականանաք այս մասնակի ուրուագծումով, որմէ անդին տարածուող հորիզոնները անպայման հեռադիտակի չեն կարօտիր:

Ո՞ՒՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՆՔ ՄԵՆՔ

Ինչպէս նշեցինք մեր առաջին սիւնակին մէջ, Ուքրանիոյ եւ այլ տարածքներու (Ղազախստանը չմոռնանք) մէջ զարգացող, խորացող տագնապները անխուսափելի անդրադարձ, ազդեցութիւն կ’ունենան Հայաստանի ու նման երկիրներու, Կովկասի եւ աշխարհի այլ գօտիներուն վրայ (երանի թէ հակառակն ալ ճիշդ ըլլար, այսինքն, Հայաստան եւս հասնէր իր տագնապները աշխարհով մէկ հենչեցնելու կարողութեան, օգտուիլ ստեղծուած եւ ստեղծուելիք ալիքներէ):

Վերի նշումները կը կազմեն մասնակի խորապատկերը այն զարգացումներուն, որոնք տեղի կ’ունենան Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջը: Ըսել չենք ուզեր, թէ ամէն շարժում, զարգացում կապուած է կամ կախեալ՝ արտաքին իրադարձութիւններէ, սակայն…

Ուրեմն, ՆԱԹՕ-ի (որուն մէկ լարախաղաց անդամն է Թուրքիա) եւ Ռուսիոյ միջեւ ելեւէջող հակամարտութիւններուն (այսօր՝ Ուքրանիա, երէկ՝ Ղազախստան, այլապէս՝ արեւելեան եւրոպական եւ պալթեան երկիրներ, առանց անտեսելու հարաւամերիկեանները) խորապատկերին յառաջամասը կազմող մե՛ր բեմին վրայ է որ կը խաղցուին մէկ կողմէ՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան ու գործակցութեան էջը բանալու, միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ին միջեւ ճօճանակուելու քաղաքական-մարտավարական մրցումները: Մեր բեմի օրակագին վրայ անմիջական ապագային կան նաեւ Անթալիոյ համագումարին մասնակցելու, «Զանգեզուրի անցքը պիտի տանք-պիտի չտանք»ի բանավէճերը, մերթ ընդ մերթ մոռացութենէ դուրս բերուող՝ գերիներու տագնապը (ֆրանսական նորագոյն բարեխօսութեամբ մը խումբ մը գերիներու տունդարձը այլապէս յուշարար մըն էր մեր դիւանագիտական մեքենային իրավիճակին): Կան, անշուշտ, իրողապէս մոռացութեան տրուած Արցախը (հողեր, ինքնորոշման իրաւունք եւ այլն), գրաւեալ գօտիներու մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեանց բնաջնջման ՊԵՏԱԿԱՆ ծրագիրներն ու իրագործումը՝ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց հետ անյիշաչար ոգիով գործակցելու կը վազեն մեր իշխանաւորները, մոռնալով (եւ համոզել փորձելով որ մեր ժողովուրդն ալ մոռնայ) թէ 15 ամիս առաջ ինչպիսի՜ ոճիրներ գործուեցան Արցախի մէջ, ալ ի՜նչ խօսք՝ Ցեղասպանութեան ու հետեւանքներուն մասին: Հապա՞ տնտեսական եւ ընկերային բեռներուն ծանրացումը, ընտրական, դատարանային կալուածները, որոնք այլապէս անհրաժեշտ ուշադրութեան առարկայ են…

Նոյն բեմին վրայ, այս ու այն կողմէ կը հնչեն «Ռուսիոյ պէտք է յարինք», «Արեւմուտքին պէտք է յարինք» ծայրայեղական մարգարէութիւնները, կը զայրանանք, որ մեր խաղաղութիւն մուրալու մեր իշխանաւորներուն ցնորական բարեմտութեան դիմաց, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ամէն օր քիչ մը աւելի՛ ուժեղ կը հնչեցնեն իրենց սպառնալիքները, վարկաբեկիչ խօսքն ու գործը, որպէսզի Հայաստան անվերապահօրէն ընդունի մեր պետականութիւնը իրողապէս (ինչո՞ւ չէ, նաեւ իրաւապէս) չքացնելու միտող առաջադրանքները, եւ ահա Պելոռուսիոյ նախագահէն վրայ կը հասնի Հայաստանը ոտնահարող, սակայն խորքին մէջ որոշ պատգամ մը հնչեցնող յայտարարութիւն մը:

…Կարելի է աւելի մանրամասն եւ երկար խօսիլ նաեւ Ուքրանիոյ տագնապին լուծման հետամտող «ծանր հրետանիներուն» եւ անոնց ետին կանգնող՝ գեր-գե՛ր-հզօրներուն երեւցող ու չերեւցող հաշիւներուն, հաշուարկներուն մասին, բայց կը նախընտրենք չմտնել այլ բաւիղներու մէջ: Կը մնայ հարց տալ, թէ աշխարհը տագնապեցնող, երեւութապէս սահմանափակ կամ լայնածաւալ պատերազմի մը հաւանականութիւնները ուրուագծող այժմու համայնապատկերին մէջ, ի՞նչ կարելի է ընել՝ «նուազագոյն վնասով պրծելու» համար:

Պատասխան(ներ) գտնելը դիւրին չէ, սակայն նաեւ անկարելի չէ: Իմաստուն պետական ղեկավարութեան մը փնտռտուքը, ստեղծուած ալիքներուն միջեւ հաւասարակշռուած նաւավարութեան մը հմտութիւնը աւելի քան բաղձալի են, աւելի՛ն, հրամայական են: Հայաստանի պետական կառոյցները պէտք է բանաձեւեն սխալ եւ վնասաբեր հորիզոններու հետապնդումէն ետդարձ ընելը եւ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷՆ ԲԽՈՂ, անոնց համապատասխան ուղեգիծ մը (քանի մը գիծ նշեցինք, թէ խաղաղարարները ինչպէ՛ս կը հետապնդեն իրե՛նց «մասնակի» շահերը): Որքան բաղձալի պիտի ըլլար, որ այսօրուան իշխանութիւնը ի՛նք ըլլար նախաձեռնողը, սակայն անիկա կրկին ու կրկին, ամէն քայլափոխի ցոյց կու տայ, թէ «այս գործին ատակ մարդը չէ», հետեւաբար, իսկական ընդդիմադիր ճակատներուն, նոյնինքն ժողովուրդի՛ն կը մնայ պարտականութիւնը պետական վարքագիծը հիմնական սրբագրումի ենթարկելու եւ զայն պահելու հեռու՝ ամբոխավարական եւ սնամէջ քարոզչական, մեր հայրենիքը նոր կորուստներու տանող ուղիներէ: Կրկնե՛նք: Դժուար է այժմու պայմաններուն մէջ, սակայն անկարելի չէ, որովհետեւ քաղաքական կեանքը յարափոփոխ է, պէտք է որդեգրել պահուն հարկադրած ճկունութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ նա՛եւ որեւէ դրական անակնկալի:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5-9 Փետրուար 2022

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Պարտությունը պարտության հետևից բերում

Քաղաքական մեծամասնությունն ունի գիծ, որից բխում են նրա բոլոր որոշումները: Մեզ

15 Մայիս 2025
Ակնարկ. Ի՞նչ ազդանշաններ սպասել Ստամբ

Ստամբուլում, այսօր՝ մայիսի 15-ին Ռուսաստանի եւ Ուկրաինայի պատւիրակութիւնների մ

15 Մայիս 2025
Իշխանությունները չեն հասկանում իրենց պ

Ամեն ինչ տեսել եմ, բայց այս աստիճանի այլանդակություն, ուրիշ բառ չեմ կարողանում

15 Մայիս 2025
Իրանի բեկումնային պատգամը

Մայիսի 12-ի իմ յօդուածի հարցադրութեանց շրջագծին մէջ, ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործը

15 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը 1914 թ. օգոստոսին, Առաջին համա

15 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Հայերի կարծիքով՝ միայն իրենք են անմիաբ

Հայերը հաճախ գանգատվում են, որ իրենք պառակտված ազգ են՝ սխալմամբ կարծելով, որ մ

13 Մայիս 2025
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քնն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց

13 Մայիս 2025
Ո՞վ է տիրական ուժը ԱՄՆ -Իրան բանակցութ

Թրամփեան վերջնագրի պայմանաժամը կ՚աւարտի այսօր, Մարտի 12-ին։ Յիշեցնենք, որ

13 Մայիս 2025
Իսրայէ՞լ… Մարդկային օրենքնե՞ր

Իսրայէլի նախագահը՝ Իցհակ Հերցոկ, Երկուշաբթի, 12 Մայիսին Պերլին այցելեց, նշելու

13 Մայիս 2025
ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհնարի

2025 թ․ Մարտ 13-ին, ըստ էութեան մերժելով պաշտօնական Երեւանի՝ համատեղ յայտարարո

12 Մայիս 2025
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company