ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Խորհրդածութիւններ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Նախօրէին

21 Փետրվար 2022

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Ընդհանուր ժողովը կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը գրեթէ նոյն հերթականութեամբ կը քննէ կուսակցութեան վրայ պարտք դրուած բոլոր օրակարգը, հոն կը քննարկուին Բիւրոյի նախորդ տարիներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներու ընելիքները, աւելի ճիշդ՝ ՀՅԴ ռազմավարական նպատակներն ու առաջադրանքները: Ժողովի աւարտին կ՛ընտրուի կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմինը՝ ՀՅԴ Բիւրոն: Անմիջապէս ըսենք, որ չորս տարին անգամ մը գումարուած ժողովներէ զատ կարելի է աշխարհասփիւռ կուսակցական մարմիներու կամ շարքայիններու խնդրանքին կամ ահազանգի մը իբրեւ արդիւնք արտակարգ ժողովներ եւս գումարել:

Մնալով իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը գումարուած Ընդհ. ժողովներու շրջագիծին մէջ, ըսենք, որ անոր օրակարգին վրայ բնականաբար կը ներառուին բազմաբնոյթ եւ մինչեւ անգամ աշխարհագրական իմաստով տարբեր ցամաքամասերու մէջ առկայ հարցեր, սակայն իր բովանդակութեամբ կը շօշափէ այն բոլոր հարցերը, որոնք անմիջական կապ ունին հայութեան եւ Հայաստանի ճակատագիրին հետ: Հոն է, որ մանրամասն կերպով կը քննարկուի կուսակցութեան քառամեայ անցած ուղին, տարուած աշխատանքները, մեր դիմաց ցցուած հիմնահարցերը եւ զանոնք դիմագրաւելու համար որդեգրուած կեցուածքներն ու ծրագիրները, ձեռք բերուած յաջողութիւններն ու արձանագրուած բացթողումները:

Ընդհանուր ժողովը կը զբաղի նաեւ կուսակցական կազմակերպական, գաղափարական եւ այլ որոշ ներքին հարցերով, ինչպէս` Բիւրոյի կամ շրջաններու քառամեայ գործունէութեան քննարկումն ու արժեւորումը կամ կազմակերպութեան հաշիւներու, արխիւներու եւ ներքին դատական հարցերու քննարկումը, սակայն ժողովի օրակարգի առիւծի բաժինը սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան քաղաքական, ներազգային, Հայ դատի, մշակութային-կրթական, մարզական, բարեսիրական, եկեղեցական, հայապահպանման, նոր գաղութներու վերաբերող խնդիրներու եւ այլ հարցերու քննարկումն ու անոնց լաւագոյն լուծումը գտնելն է:

Այս օրակարգերը ժամանակի ընթացքին կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ` երկրի ու աշխարհացրիւ հայութեան պայմաններուն համապատասխանեցնելու եւ անոր հարցերուն լաւագոյն լուծում տալու համար, սակայն ինչ ալ ըլլան պայմանները Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովներուն վերաբերող կարգ մը սկզբունքներ եւ կէտեր կը մնան անփոփոխ: Այդ օրակարգի կէտերէն են`

– Բիւրոյի քառամեայ գործունէութիւն

– ՀՅԴ քաղաքական ուղեգիծ եւ ռազմավարութիւն

– Միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական կացութեան քննարկում

– Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հարցերու հետապնդում, Թուրքիա

– Հայաստանի Հանրապետութիւն (ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական)

– ԼՂՀ (Արցախի Հանրապետութեան մէջ ռազմական, ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական):

– Նախիջեւան:

– Թուրքիոյ եւ Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող հայութիւն

– Միջին Արեւելքի հայութեան անվտանգութեան հարցեր

– Ընկերվար միջազգայնական եւ ընկերվարական այլ կառոյցներ, շարժումներ

– Հայ դատի գրասենեակներ եւ յանձնախումբեր:

– ՀՅԴ քաղաքական ուղղութիւնը եւ դերակատարութիւնը ներազգային ճակատի վրայ

– Ուղեկից կազմակերպութիւններ

– Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի եւ յարանուանութիւններ

– Հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ

– Կազմակերպական ընդհանուր վիճակ, հարցեր եւ ընելիքներ

– ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ

– ՀՅԴ մամուլ, հեռուստատեսութիւն, համացանցային եւ քարոզչութեան այլ միջոցներ

– ՀՅԴ արխիւ, գրադարան, թանգարան, հրատարակութիւններ

– Տնտեսական վիճակի ընդհանուր գնահատում եւ լուծումներ

Բնականաբար նաեւ բազմաթիւ այլ կէտեր:

Ակնյայտ է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, Արցախի 44-օրեայ պատերազմը եւ հակադաշնակցական դրսեւորումները մեծ հաւանականութեամբ առիւծի բաժինը պիտի առնեն Ընդհ. ժողովին: Քանի որ վերոնշեալ նիւթերը՝ աշխարհաքաղաքական, անվտանգային, քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեւոր-մշակութային, բազմաթիւ մարտահրաւէրներով եւ անխուսափելիօրէն կը յանգի անշրջելի վտանգաւոր հետեւանքներու:

Ուստի, անհրաժեշտ կը նկատենք անդրադառնալ հայութեան կեանքին մէջ հայ ազգի պահանջատիրական, ամբողջական իրաւունքներու տիրութիւն ընող, հայոց պետականութեան հզօրացման, ազգային իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան ջատագովը հանդիսացող ՀՅԴ-ի դերակատարութեան՝ ըլլաʹյ սփիւռքի, ըլլա՛յ հայրենիքի մէջ, լուսարձակի տակ առնել եւ անկեղծօրէն անոր դէմ ցցուող մարտահրաւէրներու շուրջ ագուցումներու որոշ խորհրդածութիւններ կատարել:

ա. Քանի որ հայ ժողովուրդը կը գտնուի թուրք-ազերիներու սարքած հայկականութեան իւրացումի, խեղաթիւրումներու եւ սրբապղծումներու դէմ յանդիման, ու մասնաւորապէս ալ` հայ զանգուած մը, որ միամտօրէն եւ անգէտօրէն իսկապէս կը հաւատայ այս բոլորին, հետեւաբար ՀՅԴ-ն մնայուն կերպով ամէն միջոցի դիմելով պէտք է լուսաբանէ կեղծիքները՝ զանազան միջոցներով: Տարիներու ընթացքին բաւական բան փոխուած է, այդ պատճառով ալ կ՛արժէ վերանայիլ ՀՅԴ-ի գործունէութեան:

բ. ՀՅԴ-ի թշնամիներն ու հակառակորդները կուսակցութիւնը քայքայելու համար ամէն ճիգ կը թափեն փճացնելու համար անոր ակնաղբիւրը եղող հոգին: Այդ գիտակցութեամբ է արդէն, որ թուրք-ազերի իշխանութիւնները, մնալով համաթրքականութեան-համաթուրանականութեան ցեղապաշտական ու ազգայնամոլ ծրագրին հետեւող մոլեռանդ ջահակիրներ, ճիգ չեն խնայեր հարուածելու հայ ազգը՝ ջարդելու եւ կոտորելու, իրագործելու հայոց մշակութային կոթողներու սրբապղծումն ու բնաջնջումը, հայաթափելու հայկական հողերը ու տակաւին` խեղաթիւրելու եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու, իսկ այս բոլորէն ետք ալ լայնածաւալ քարոզչական արշաւ ծաւալելու՝ նենգափոխելով հայոց պատմութիւնը:

գ. Մեր թշնամիները քաջ գիտեն, թէ աշխարհասփիւռ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մէջ հայ ազգի անիրաւուած իրաւունքներու եւ հողային ամբողջականութեան հիմնական պաշտպանն ու պահապանը կը հանդիսանայ ՀՅԴ-ն, հետեւաբար մինչեւ այսօր միտումնաւոր եւ ծրագրուած եղանակով կը գործադրուի ՀՅԴ-ն քայքայելու, տկարացնելու, պառակտելու ծրագրաւորուած լայնատարած աշխատանք, որպէսզի կարենան անդամալուծել եւ կործանել ողջ հայ ազգը, եւ միանգամընդմիշտ վերացնեն ազգային գաղափարախօսութիւնը հայ ժողովուրդի մտքէն ու սրտէն:

դ. «Բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած մեր թշնամիները իրենց գործակալներով միասին, տարիներ շարունակ Հայաստանն ու սփիւռքը պառակտելու սեւ գործին են լծուած: Թշնամին այս ծրագիրին մէջ միշտ ալ յաջողած է մեր մէջ բաժանումներ յառաջացնել եւ մեզ՝ իբրեւ ազգ, տկարացնել: Թշնամիներն ու հակառակորդները օգտագործած են նախ այն անհատները, որոնք չունին ազգային նկարագիր եւ շատ դիւրութեամբ կ՛իյնան թշնամիին ճիրաններուն մէջ:

Արդ, թշնամիներով շրջապատուած եւ մնայուն կերպով մեծ վտանգի ու սպառնալիքի ենթակայ մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է համահայկական կուռ միասնականութիւնը:

ՀՅԴ-ի առաջադրանքներու եւ նպատակներու իրականացման ձգտող ռազմավարութիւն

1.- Մտաւորականութիւն

Մտաւորականութիւնն է, անկասկած, հանրային միտքեր, զգացումներ, մտահոգութիւններ արտայայտողը, գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի, համոզման շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Եթէ թուրքը Հայոց ցեղասպանութեամբ ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան, գլխատած էր այն խաւը, որ կը մշակէր հոգեւոր արժէքներ եւ կը հաւաքէր հայութիւնը անոնց շուրջ, այսօր ան կը դիմէ տարբեր միջոցներու. հայկական որոշ հատուածի մը ուղեղները լուալով` ջլատել զանոնք հայկական ինքնութենէ եւ դարձնել Թուրքիոյ համակիրներ, բարեկամներ:

Հետեւաբար, պէտք է մեծ ներդրում կատարել դաշնակցական մտաւորականներ, յօդուածագիրներ եւ այլ մասնագէտ գրողներ պատրաստելու համար: Իսկ եղածներն ալ՝ արժեւորել, գուրգուրալ եւ քաջալերել զանոնք, քաջ գիտակցելով, որ այսօր մտաւորականութեան եւ գրողի սակաւութիւն կը տիրէ: Միւս կողմէ, շարքային մտաւորական տարրը ներգրաւել կուսակցութեան տարբեր մարմիններու մէջ, չվանել զանոնք: Քանի որ անոնց ներկայութիւնը մի՛շտ ալ հարստացուցած է մեր գաղափարական գանձարանը եւ ստեղծած առաջնորդող մտածողութիւն:

2.- Քաղաքական-ռազմավարական հետազօտութիւններու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծական կեդրոն

ՀՅԴ-ն անհրաժեշտ է, որ ունենայ քաղաքական-ռազմական հետազօտութիւններու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծական կեդրոն մը, որուն նպատակը պէտք է ըլլայ միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ նիւթեր հայթայթել հանրութեան:

Կեդրոնի ծրագիրներէն նախընտրելի է, որ ըլլայ նաեւ առցանց հեռուստաալիք, որ ներկայացնէ տարածաշրջանի եւ աշխարհի տարբեր նիւթեր, որոնք կը հետաքրքրեն Հայաստան-Արցախն ու հայ ազգը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայ ազգի ամէն տեսակի իրադարձութիւններ՝ մշակութային կեանքին, հասարակական կազմակերպութիւններուն, ինչպես նաեւ պաշտօնական եւ միջազգային շրջանակներուն առնչուող թեմաներ:

Քաղաքական-ռազմական հետազօտութիւններու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծական կեդրոնը հարկ է ունենայ հետեւեալ ճիւղաւորումները.

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ, որ կատարէ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական զարգացումներու վերլուծութիւն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ, որ ուսումնասիրէ համաշխարհային զարգացումները տեղեկատուական բնագաւառի մէջ, Հայաստանի եւ հայկական հանրութեան տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿԱՐՃ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ, ուր կը պատրաստուին դիւրահաղորդ եւ մատչելի հայերէնով ազգային ու գաղափարական տեսանիւթեր, որոնց մէջ ներառուին դէմքեր, դէպքեր եւ այլ քաղաքական իրադարձութիւններ: Այս տեսանիւթերը ըլլան արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ այլ լեզուներով:

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ, որուն խնդիրը ըլլայ ուսումնասիրել Սփիւռքի հայ համայնքները եւ մշակել հայկական հանրութեան համախմբման մեթոտները:

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆը կը կազմակերպէ հրատապ թեմաներու շուրջ դասընթացքներ եւ ամառնային դպրոցներ: Կեդրոնին նպատակը ըլլայ քաղաքականացած, ազգային, Հայ դատի, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքի մասին տեղեկութիւններ ներկայացնել, ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը հաստատելու համար:

ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ-ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ, որ պէտք է զբաղի հրատարակութեամբ քանի մը լեզուներով ամսագիրի մը, որուն մէջ վերոնշեալ տեղեկութիւններն ու վերլուծումները ներառուին:

3.- Տեղեկատուական պատերազմին մէջ հմտօրէն սպառազինուելու կարեւորութիւնը

Ազգային ազատագրական պայքարի եւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան հունաւորման կենսական առաքելութեան ի խնդիր հարկ է թէ՛ աւանդական տեղեկատուական ներուժներու, թէ՛ ալ ընկերային ցանցերու միջոցով սպառազինուիլ: Յատկապէս երիտասարդ խաւէն պէտք է պատրաստել տեղեկատուական դաշտի հմուտ ռազմիկներ: Անոնք պէտք է քաջ գիտակցին եւ ծրագրաւորուած իրագործեն ազգային-պետական արժէքներու եւ գաղափարներու քարոզչութիւնը, եւ առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, Դաշնակցութեան քարոզչութիւնը, եւ այլ հիմնախնդիրներ:

Ինչպէս նաեւ, Արցախի ներկայ կացութեան եւ դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներու մասին հետամուտ ըլլալով, խիստ կարեւոր է անոնց համապատասխան արձագանգել բոլոր հարթակներու վրայ:

4.- Վերականգնե՛լ Դաշնակցութեան կազմակերպուածութիւնը

Մեկնելով հայութեան ու Հայաստանի առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներէն, դաշնակցականները պէտք է աւելի դերակատար, աշխուժ եւ վճռականօրէն հետապնդեն Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ լուծման, եւ Հայաստանի պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու յաղթահարման քարոզչական առաքելութիւնը: Ինչպէս նաեւ խիստ կարեւոր է, որ Սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէները մնաուն կերպով ուշադրութեան տակ մնան:

Հետեւաբար, գոյատեւման նախապայմանը ՀՅԴ-ի լաւ կազմակերպուած ըլլալու իրողութեան մէջ կը կայանայ. առանց կազմակերպուած կուսակցութիւն ունենալու, առանց կազմակերպուած անդամներ ունենալու` ո՛չ ամուր կուսակցութիւն, ո՛չ առողջ գործունէութեան եւ ո՛չ ալ ապագայ հեռանկարներով կրնանք սնանիլ ու մեզի հետ սնուցանել մեր շարքերուն մէջ հասակ առնող սերունդները: Գոյատեւումի հիմնական նախապայմանը միայն լաւ կազմակերպուած ըլլալուն մէջ կը կայանայ, եւ կուսակցութիւն մը, որքան ալ կազմակերպուած ըլլայ, անհրաժեշտ է մտածէ իր կազմակերպութեան հիմքերը ու կորիզը վերանորոգելու ու առաւել ամուր հիմերու վրայ զետեղելու մասին։

ՀՅԴ-ի ջահը անմար պահելու եւ գոյատեւելու համար հրամայական է ազգային պատկանելիութեան բարձր գիտակցութիւնը, ուրեմն ամէն հայու պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ կուսակցութեան, անոր հզօրացումին, անով պայմանաւորուած է Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքի բազմաթիւ հիմնախնդիրներու լուծումը եւ կարեւորագոյն ծրագիրներու իրականացումը:

Քաջ գիտակցելով, որ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ ընդհանրական եւ ազգային արժէքներու կարեւորութեան եւ կը դաւանի ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի իտէալին` համոզուած, որ սեփական ու ինքնիշխան հայրենիքի մէջ միայն հայը կրնայ հասնիլ իր ամբողջական ծաղկումին եւ, հետեւաբար, իրեն նպատակ դարձուցած է պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ ինքնութիւնը` Հայաստանի ու համայն հայութեան գոյատեւման առաքելութեամբ:

Այս հիմնական նպատակակէտէն մեկնելով` այսօր ՀՅԴ-ն առաւել եւս պէտք է ձգտի, անկասկած, մարդակերտումի հնոց դառնալ՝ քաղաքական, ռազմական, մտաւորական, տնտեսական գործիչներ պատրաստելով: Բայց մանաւանդ «մենք»-ին հաւատալով, քանի որ յաջողութիւնները միշտ «մենք»-ով են կերտուած, իսկ «ես»-ով՝ փուլ եկած: Առ այդ, այս հիմնաւորումներով է, որ մեր դիմադրողականութիւնը կը զօրանայ:

5.- Գաղափարական

Նկատի առնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհ. ժողովները նաեւ մեր գաղափարական ուղիի պահապաններն են: Բնական է, որ լաւապէս զինուած ըլլանք գիտելիքով, մասնագիտութեամբ, բայց մանաւանդ գաղափարական պատրաստութեամբ, մեր արժէքները պահելով եւ ապազգային ամէն տեսակի երեւոյթի դիմադրելով:

Ամէն ջանք գործի լծել` անոնց միտքն ու հոգին դարբնելու այն ոգիով ու սկզբունքներով, որոնք կ’ամրապնդեն դաշնակցական գաղափարապաշտութիւնը, կը պատրաստեն այն գաղափարապաշտը, որ կը ձգտի հասնիլ աւելի բարձրագոյն իտէալներու կամ շօշափելի տուեալներու, որ կը սիրէ մտքով եւ հոգիով յածիլ այնպիսի բնագաւառներու մէջ, որոնք հեռու են նիւթեղէն իրականութենէ:

Մեր գաղափարախօսութիւնը յաղթանակի հասցնելու համար անհրաժեշտ է հաշուի առնել բծախնդրօրէն եւ գիտականօրէն մշակուած մարտավարական ծրագիր:

Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան բոլոր գործօններու պահպանման եւ զարգացման գլխաւոր միջոցը մտաւորականութիւնն է:

Օգտագործել արդիական ամէն տեսակի մեթոտները, որոնց ազդեցութեան տակ կուսակցական շարքայինները կը դառնան գաղափարի նուիրեալներ եւ Հայ դատի զինուորեալներ` հեռու անհատապաշտութիւնէ:

Անհրաժեշտ է, որ միանգամընդմիշտ ամրագրենք, թէ Դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցը մեզի ուսուցած է ըլլալ գերազանցապէս կարգապահ, գաղտնապահ, արդար, անկեղծ, յանձնառու, անկաշկանդ ու ազատ եւ մանաւանդ բոլոր տեսակի իրողութիւններուն մօտենալ ոչ անձնական դիտանկիւնէ, հարցերու քննարկումները ըլլան բացարձակ դաշնակցական խիղճով, ինչպէս որ մարտի դաշտին վրայ:

Արդ, ՀՅԴ-ն իբրեւ ազգային եւ քաղաքական մեծ կազմակերպութիւն, 132 տարիներ շարունակ իր կեանքը ազգին ու հայրենիքին նուիրաբերած է, եւ ՀՅԴ-ի 34-րդ Ընդհ. ժողովի նախօրէին կը խոնարհինք կուսակցութեան հիմնադիր փաղանգին խնկելի յիշատակին առջեւ, ինչպէս նաեւ ազգին եւ ՀՅԴ-ի տեսլականներուն համար իրենց անձը զոհաբերած բոլոր հերոսներուն, արցախեան վերջին պատերազմի նահատակներուն եւ ննջեցեալ բոլոր շարքայիններու անմար յիշատակին առջեւ, որովհետեւ անոնք դժուարագոյն պայմաններու մէջ յանձն առին հայ ազգի լինելութեան, հայապահպանման, Հայ դատի ու ինքնապաշտպանութեան պարտականութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհ. ժողովը առիթ է վերանորոգելու մեր կամքն ու վճռականութիւնը եւ յստակացնելու մեր յառաջիկայ հաւաքական երթը` դիտել տալով, որ յուսահատութիւն եւ ընկճուածութիւն չճանչցող ՀՅԴ-ն բոլոր պարագաներուն եւ ժամանակներուն եղած է անկեղծ զինուորը ազգին ու անոր տեսլականներու իրագործման:

Վերջապէս, ՀՅԴ 34-րդ Ընդհ. ժողովը պատեհ առիթ նկատելով` կ՛ընդգծենք, որ ՀՅԴ-ն իր առաքելութեան մէջ մնայ միշտ աշխուժ, ազգային պատկանելիութեան բացարձակ գերակայությամբ, ըլլայ միշտ զգօն, եւ այդ գիտակցութեան արեւը մնայ անմար մեր շարքայիններու ու մանաւանդ համակիրներու հոգիներու մէջ: Միւս կողմէ, խիստ կարեւոր է կուռ հաւատքով վառ պահել ազգային գաղափարախօսութիւնը, սերունդներուն ներարկելու ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի տենչը:

Մեզի կը մնայ կառչած մնալ գաղափարական մեր տեսլականին՝ Հայ դատի լուծման՝ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիքի կերտումին, եւ յարիլ Ընդհանուր ժողովէն բխած որոշումներուն ու մենք մեզ դնել այդ ժողովին կամքը արտայայտող եւ անոր որդեգրած որոշումներու գործադրութեան յանձնառութեան տակ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Հայերի կարծիքով՝ միայն իրենք են անմիաբ

Հայերը հաճախ գանգատվում են, որ իրենք պառակտված ազգ են՝ սխալմամբ կարծելով, որ մ

13 Մայիս 2025
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քնն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց

13 Մայիս 2025
Ո՞վ է տիրական ուժը ԱՄՆ -Իրան բանակցութ

Թրամփեան վերջնագրի պայմանաժամը կ՚աւարտի այսօր, Մարտի 12-ին։ Յիշեցնենք, որ

13 Մայիս 2025
Իսրայէ՞լ… Մարդկային օրենքնե՞ր

Իսրայէլի նախագահը՝ Իցհակ Հերցոկ, Երկուշաբթի, 12 Մայիսին Պերլին այցելեց, նշելու

13 Մայիս 2025
ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհնարի

2025 թ․ Մարտ 13-ին, ըստ էութեան մերժելով պաշտօնական Երեւանի՝ համատեղ յայտարարո

12 Մայիս 2025
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company