Յայտարարութիւն ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէի
24 Մայիս 2023
Փաշինյանի ազգադաւութիւնն ու նուաստացումը չափ ու սահման չունին։ Առանց բառերը ծամելու, վերջապէս բացէ ի բաց յայտարարեց, թէ ինք կը ճանչնայ Ազերպէյճանի հողային տարածքները ներառելով Արցախը։
Երբ գործակալ դաւաճան մը իր ամբողջ թիմով իշխէ ցանկացած երկիր՝ այս պիտի ըլլայ անխուսափելի աւարտը։ Արդարեւ, 5 տարիներ շարունակ, ժողովուրդը իր առաջնահերթութիւններէն շեղելով, կեղծ թեմաներով նրանց մոլորեցնելով՝ Հայաստանն ու Արցախը տարաւ արիւնալի պարտութեան եւ նուաստացուցիչ անձնատուութեան, հասցնելով հայութեան այս անբաղձալի եւ տխրահռչակ ճանաչումին։
Սա, ապազգային եւ ապաշնորհ վարչակարգին սերտուած ու ծրագրուած քաղաքականութիւնն էր՝ որդեգրելով դանդաղ եռացած կաթսայի մեթոդը։
Արցախը ազատագրուած է ազատամարտիկներու նուիրումով եւ ազատատենչ Հայ ազգի սխրանքներով։ Արցախը ոռոգուած է հազարաւոր հայորդիներու արեամբ։ Արցախը Հայկական է ու կը մնայ Հայկական, ի հեճուկս նիկոլներու ու անոր ետին կանգնած ուժերու դաւադրութեանց։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէն, խստօրէն կը դատապարտէ այս դաւաճանական արարքն ու ապօրինի ճանաչումը, եւ կը յայտնէ, թէ դրածու «ղեկավար» մը իրաւունքն ու իրաւասութիւնը չունի, Արցախի եւ Հայ ազգի ճակատագիրը որոշելու։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէ
24 մայիս 2023թ