ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Գաղափարի Մարտիկ` Նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Բացում Այնճարի Մէջ

08 Օգոստոս 2023

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, հինգշաբթի, 3 օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետեր եւ խորհուրդի անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, թաղապետեր, համայնքային եւ միութենական` Շրջանային թէ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներ, նահատակ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներ, արուեստագէտ-քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեան, ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով ընդհանուր բանակումի մասնակցողներ, պատանիներ, հայրենակիցներ եւ այս առիթով Պէյրութէն Այնճար ժամանած Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակը յարգող հայորդիներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա Յակոբ Այնթապլեան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց` նշելով. «Այսօր մենք բացումը կը կատարենք կիսանդրիին համահայկական հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը, որուն գաղափարական աշխարհէն ծնունդ առած ու սրտի երակներէն ժայթքող խօսքը իր թափած արեան գնով իսկ գործի վերածած էր»: Ան շեշտեց, որ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ մարգարէաշունչ գաղափարներու արտայայտիչը, հեռատես քաղաքական գործիչը, ազգային արժեհամակարգի անխոնջ պաշտպանը, մտաւոր լայնախոհութեամբ տոգորուած մուսալեռցին, երիտասարդութեան ուժին թունդ հաւատացողը, զէնքը արժեւորողը:

Յակոբ Այնթապլեան հաստատեց, որ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակի առիթով Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի զետեղումը Մուսա Լեռ Այնճարի սրտին, նոյնինքն իր անունը կրող ժողովրդային տան շրջափակին մէջ, անոր նիւթական ներկայութենէն անդին անցնելով կեդրոնը կը վերաթարմացնէ այդ մեծ հեղինակութեան ազգային շունչով ու հզօր ոգիով: Ապա ան վերյիշեցուց Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերը, որոնց մէջ կը շեշտուի, որ «Դաշնակցութիւնը ոգի է ու վաստակ, գաղափարական հզօր կառոյց մը ու հայ ժողովուրդի անշահախնդիր ծառան, որուն գաղափարական մեծ երազն է ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի մը կերտումը:

«Այս սուրբ նպատակը կը պահանջէ յեղափոխականացած ժողովուրդ ու մանաւանդ յեղափոխականացած երիտասարդութիւն: Կամք ունեցող եւ իր կամքին պատմութիւնը հպատակեցնող երիտասարդութիւն… լայնախոհ, արդարամիտ, անդադար վերանորոգուող ու երբեք չսպառուող երիտասարդութիւն… մեծ տեսլականներով. լայն հորիզոններով, մաքուր նկարագրով, գաղափարական մարդու նուիրուածութեամբ եւ անկոտրելի վճռակամութեամբ տոգորուած երիտասարդութիւն…», հաստատած է Զէյթլեան:

Աւարտելով իր խօսքը` Յ. Այնթապլեան շեշտեց, որ այդ կիսանդրին ապրող ու շնչող ներկայութիւն պիտի ըլլայ ժողովրդային տան մէջ, երբ գործի լծուի յեղափոխական հայու տիպարը` իր ժողովուրդին ճակատագիրը յանդգնութեամբ փոխող, իր լեռներու ժայռերուն պէս ամուր ու կամքի տէր հայը:

Ապա հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը աղօթք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելու` ի յիշատակ նահատակ ընկերոջ` Սարգիս Զէյթլեանի:

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ կիսանդրիի քողազերծում:

Յակոբ Այնթապլեան շնորհակալական խօսքերով հրաւիրեց Մուսա Լեռ Այնճարի զաւակ, արուեստագէտ-քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեանը, որուն կը պատկանի կիսանդրիի զետեղման նախաձեռնութիւնն ու մտայղացումը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը:

Յակոբ Ճանպազեան իր խօսքը սկսաւ վկայակոչելով յիշատակը Դաշնակցութեան գաղափարական մտքի դրօշակակիր, պայքարի խրոխտ ղեկավար եւ հայ ժողովուրդի անմահանուն զաւակներէն Սարգիս Զէյթլեանը, որուն ի պատիւ կը կայանայ այդ համախմբումը: Ան դիտել տուաւ, որ Մուսա Լերան հերոսասիրտ զաւակ, ՀՅ Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուած եւ անոր ռահվիրաներու շունչով լիցքաւորուած Սարգիս Զէյթլեան անձնուիրաբար եղաւ հաւատարիմ ջահակիրը իր բնօրրանին ու պաշտած կուսակցական երդումին:

Շարունակելով` ըսաւ. «Խոնարհաբար կը բարձրաձայնեմ, որ հոգեկան ներքին մղումներուս, աստուածատուր տաղանդիս ու ձիրքերուս արուեստի արտայայտութիւնն ու արդիւնքը եղաւ Դաշնակցութեան, հայ ազգին ու հայրենիքին զինուորագրեալ մեծ առաքեալին` ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի այս կիսանդրիի քանդակագործութիւնը: Ի խորոց սրտի փափաքս է, որ պրոնզաձոյլ այս կոթողը դառնայ նուիրաբերումի եւ ծառայութեան կենարար փարոս եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն Այնճար հայաւանի Սարգիս Զէյթլեան կեդրոնի շրջափակէն ներս, ան դառնայ մեր թանկագին զաւակներուն կեանքերը հարստացնող անանձնական նուիրումի գեղեցկագոյն ցուցանիշ»:

Ճանպազեան հաստատեց, որ ինք կը պատկանի այն սերունդին, որ մօտէն գործած է Ս. Զէյթլեանի հետ ու ճանչցած է զայն` գաղափարապաշտ իր նկարագիրով խոնարհ, խստապահանջ, խիզախ ու անբացատրելիօրէն տիպար կուսակցական ղեկավարը, որուն ղեկավարած հնոցին մէջ դաստիարակուեցան Դաշնակցութեան նորահաս սերունդները հայկական մաքրամաքուր շունչով, մագնիսացնող դասախօսութիւններով, հայրենիքը չտեսած` հայրենիքներ կերտուեցան անոնց հոգիներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ Զէյթլեան եղաւ մեսրոպաշունչ լեզուի ջինջ ղօղանջը, Դաշնակցութեան հաստատ համոզումներու ուղղամիտ երդուեալը, եղաւ մեր ժողովուրդի արդարութեան եւ պահանջատիրութեան, ծառայութեան ու նուիրումի ոգին շեփորող խիզախ հրապարակախօսն ու բազմութիւններ խանդավառող հռետորը, իր կոչումին տէր կրթական մշակն ու տնօրէնը, աննկուն կամքով Դաշնակցութեան խիզախումներն ու գաղափարախօսութիւնը քաջաբար հրապարակագրող խմբագիրը` դառնալով մերօրեայ յեղափոխական գրականութեան իսկական զինանոց-դպրոցի մը կերտիչ մտաւորականը, որ իր հաւատքը վերածեց գործի եւ տուաւ իր լաւագոյնը:

Աւարտելով իր խօսքը` Ճանպազեան ըսաւ. «Սարգիս Զէյթլեանի անմեռ յիշատակին կանգնեցուած կիսանդրիի քողազերծման առիթով կ՛ուխտենք շարունակել անոր կիսատ թողած ազգանուէր գործը եւ վերանորոգել մեր սրբազան ուխտը, որ Հայ դատին հանդէպ ունեցած նուիրումի ոգին վարակիչ դառնայ գալիք սերունդներու հոգիներուն մէջ: Խոնարհումս եւ բի՜ւր յարգանք քեզի գաղափարի Մարտիկ անգին ընկեր»:

Այնուհետեւ, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահ Յարութ Զէյթլեան յուշանուէրով մը պատուեց Յակոբ Ճանպազեանը:

Արուեստագէտի խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ իր խօսքը սկսաւ նշելով, որ դժուար պիտի ըլլայ խօսիլ Սարգիս Զէյթլեանին մասին, որ եղած է իր դպրոցի տնօրէնը, գաղափարի դաստիարակը, կուսակցական ղեկավարը ու գործակից ընկերը, հետագային նաեւ` բարեկամն ու նոյնիսկ մտերիմը: «Սակայն չեմ կրնար չխոստովանիլ, որ ան ոչ միայն հետք ձգեց կեանքիս վրայ, այլ նաեւ ամբողջ սերունդի մը օրինակ ծառայեց իբրեւ տիպար կուսակցական, տիպար ՀԱՅ ու մանաւանդ տիպար ու ամբողջական գլխագիր Մարդ», ըսաւ ան:

Հերկելեան դիտել տուաւ, որ Ս. Զէյթլեան ազգային ու կուսակցական շահերը անհատական ու հատուածական շահերէն վեր կը դասէր, կը հաւատար ազգային ուժ ստեղծելու անհրաժեշտութեան ու յոյսը կը դնէր միասնակամութեան ու սեփական ուժին վրայ:

Ան նշեց, որ Զէյթլեան կը հաւատար ընտանեկան սրբութեան ու հայեցի դաստիարակութեան: «Ան էր, որ առաջին անգամ ստալինեան խժդժութիւններուն տուաւ ցեղասպանութեան կարգավիճակ, թելադրեց, որ «Բագին»-ը քաղաքականանայ ու քաջալեր հանդիսանայ այն բոլոր գրողներուն ու արուեստագէտներուն (յատկապէս նորարարներուն), որոնք տէրն էին ու պաշտպանը ազգային ու համամարդկային արժէքներու… Շատ կարեւոր կը համարէր հայրենի մտաւորականութեան հետ կապը, յատկապէս անոնց, որոնք մեծ համարում ունէին ՀՅԴ-ի վրայ», ըսաւ Հերկելեան:

Ապա, դրուատական խօսքեր արտասանելէ ետք, պատուանդանի հեղինակ ճարտարապետ` Կարօ Անտոնեանի ու մասնաւորապէս կիսանդրիի հեղինակ կերպարուեստագէտ` Յակոբ Ճանպազեանի հասցէներուն, Հերկելեան` բարձր գնահատելով վերջինին ստեղծագործական տաղանդը, ըսաւ. «Թէեւ Ճանպազեանի սկզբնական շրջանի քանի մը գործերը սկսնակի տպաւորութիւն կը ձգեն շատ բնականօրէն, սակայն վերջինները, որոնք տասնեակէ մը աւելին են, ինչպէս` Լեւոն Շանթի, Արամ Մանուկեանի, Տէր Վահանի եւ յատկապէս Եդուարդ Պոյաճեանի կիսանդրիները, կայացած ու ինքզինք հաստատած արուեստագէտի մը առկայութիւնը կ՛աւետեն: Անոնք, որոնք լաւապէս կը ճանչնային, ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը, կրնան վկայել, որ այս ստեղծագործութեան ընդմէջէն, պինդ նկարագրի տէր յեղափոխականն ու ազգային գործիչը եւս վերակենդանացած կը թուին ըլլալ»:

Ապա Մ. Հերկելեան յիշեց, որ Յակոբ Ճանպազեանի ստեղծագործութիւնները զետեղուած են Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի տարածքին, որոնց մէջ ամէնէն ուշագրաւն ու յաջողը կը թուի ըլլալ Արամ Մանուկեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով, Սարդարապատի համալիրի ծիրին մէջ զետեղուած յուշակոթողը, որ թէ՛ իր ոճով ու արտայայտչաձեւերով կը մերուի յուշահամալիրի հետ, եւ թէ միաժամանակ կը տարբերի անկէ, իբրեւ ուրոյն յղացք:

Իր խօսքը եզրափակելով Մ. Հերկելեան լուսարձակի տակ առաւ քանատական մակարդակի վրայ եւս քանդակագործին վաստակը. «Բնաւ պատահական չէ, որ արուեստագէտը յաջողած է կերտել ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի այն կերպարը, որուն ամուր ու ինքնավստահութիւն ներշնչող հայեացքը պիտի շարունակէ հետագայ սերունդներուն փոխանցել ազգային բարոյականութենէ մղուած իր համամարդկային պատգամները», ըսաւ ան:

Ապա Արմէն Թաշճեան ընթերցեց Սարգիս Զէյթլեանի ընտանիքին խօսքը, որուն մէջ յատկապէս շեշտուեցաւ. «Այսօր, իր կիսանդրիի զետեղումով, Մուսա Lերան Խըտըր Պէկ գիւղը ծնած Սարգիս Զէյթլեան ազգային ղեկավարի յիշատակը արդարօրէն կը նուիրագործուի Այնճարի իր համագիւղացիներուն կողմէ: Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կազմակերպած այս ձեռնարկով եւ այս կիսանդրիի զետեղմամբ, Սարգիս Զէյթլեան մշտական ներկայութիւն կը դառնայ Այնճարի մէջ, որ իր կեանքի երկայնքին միշտ անոր համար եղաւ ամէնէն հոգեհարազատ միջավայրը, հոն ուր կը փափաքէր վերադառնալ միշտ: Սարգիս Զէյթլեան իր նկարագիրով եղաւ մուսալեռցի եւ այնճարցի լեռնական հայու տիպարի խտացումը»:

Ընտանիքի խօսքին մէջ նշուեցաւ, որ կեանքի բոլոր փուլերուն` Սարգիս Զէյթլեանի դաւանանքը եղաւ Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դասել: Իր գործած բոլոր գաղութներուն մէջ, վճռական ղեկավարութիւն ցուցաբերեց եւ Հայ երիտասարդութիւնը համախմբեց` յանուն ազգային կեանքի կազմակերպման եւ հայութեան վերելքին:

«Միշտ իրա՛ւ ղեկավարի յատկանիշներ ցուցաբերելով, Սարգիս Զէյթլեան երիտասարդութիւնը համախմբեց եւ ազգային վերափոխիչ ներկայութիւն եղաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի հայկական բաժնին համար: Իսկ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի իր հերթապահութեան շրջանին, իր ղեկավարութեամբ Լիբանանի խորհրդարանական պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայութեան երեսփոխաններուն թիւը հինգի բարձրացուց եւ երկու նախարարական պաշտօններ ապահովեց: Աւելին, դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով, Երեսփոխանական գրասենեակ հաստատեց` մեծապէս աւելցնելով հայութեան քաղաքական կշիռը», նշուեցաւ Զէյթլեան ընտանիքին խօսքին մէջ, ուր նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ 1972-էն սկսեալ, իբրեւ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Զէյթլեան եղաւ տիրական ներկայութիւն իբրեւ ազգային ղեկավար, որ` տարբեր գաղութներ այցելելով, հզօրացուց Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութեան ինքնակազմակերպումը:

Այնուհետեւ ներկաները ունկնդրեցին Սարգիս Զէյթլեանէն ձայնագրութիւն մը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Տիգրան Ճինպաշեան, որ անդրադարձաւ Ս. Զէյթլեանի առեւանգման ու նահատակութեան հանգամանքներուն եւ շեշտեց, որ Սարգիս Զէյթլեան ծառայեց Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին իր բոլոր միջոցներով, նոյնիսկ` կեանքին գնով: Ան շեշտեց, որ իբրեւ կուսակցական ղեկավար, Սարգիս Զէյթլեան առնուազն քսանամեակ մը տիրական ներկայութիւն եղած է թէ՛ Լիբանանի, եւ թէ՛ ընդհանրապէս կուսակցական հարթակի վրայ: Ճինպաշեան անոր գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները նկատեց հետեւեալները. հայ կեանքի մաքրագործումը շահագործող ցեցերէ ու այլ վնասակար տարրերէ, դաշնակցական շարքերու բիւրեղացումը, երիտասարդութեան կազմակերպումը, դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան ամրագրումը, գաղափարական բիւրեղացման աշխատանքը:

Ճինպաշեան յատկապէս շեշտը դրաւ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան մէջ շատ կարեւոր նկատուող Դաշնակցութեան անկախ քաղաքականութեան որդեգրման կեցուածքին վրայ` հայկական արեւելումին նկատմամբ անշեղ հաւատարմութեան: Այս ծիրին մէջ պատգամաբերը յաւելեալ բացատրութիւն տուաւ այս արեւելումին մասին` նշելով, որ անոր գլխաւոր ուղղութիւններն են` հայ ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւն, ապազգային գաղափարներու մերժում, Հայաստանի ժողովուրդի ազգային դիմագիծի պահպանման պահանջ, ներքին ճակատի հզօրացում, տեղայնութեան մերժում, հայեցի կրթութիւն, Հայ դատի պայքար, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարց, Սեւրի դաշնագիրի արժեւորում, թրքական հակահայ արշաւի դիմագրաւում, ամէն տեսակի պահանջներու ստորադասութիւն` ազգային պահանջատիրութեան դիմաց:

Իր խօսքը եզրափակելով` Տ. Ճինպաշեան ըսաւ. «Սարգիս Զէյթլեան մարդը, դաշնակցականը, գաղափարի մարտիկը եւ պայքարողը, յանձնառու մտաւորականը վտանգաւոր համարուեցաւ Հայ դատի հետապնդման հակադրուած ուժերուն կողմէ: Հակադաշնակցական պայքարի լծուած ուժերը, ուրիշներու կարգին, որոշեցին զայն եւս վերացնել` կարծելով, թէ կը խափանեն Դաշնակցութեան երթը»:

Ապա Արինա Աբրահամեան երգեց Սարգիս Զէյթլեանին նուիրուած երգ մը:

Այնուհետեւ Եսայի Հաւաթեան ընթերցեց ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը, որուն մէջ յատկապէս շեշտուեցաւ. «Կիսանդրին, բեղուն ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալած հայորդիի մը յիշատակը յաւերժացնելու նիւթեղէն վկաներէն մէկը ըլլալէ անդին, իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ ունի նաեւ հասնող սերունդներուն ուղղուած դաստիարակչական առաքելութիւն:

«Սարգիս Զէյթլեան ամէն բանէ առաջ հրապարակախօս էր. ան բացարձակօրէն գիտակից էր իր առաքելութեան. այսինքն` ան կը ներկայացնէր իր կուսակցութեան գաղափարաբանութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ միաժամանակ կը կատարէր անոնց խորքային քարոզչութիւնը: Իր թիրախը առաւելաբար երիտասարդութիւնն էր, որ կը հանդիսանար իր յատուկ գուրգուրանքի առարկան. նաեւ` Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ խօսքը անձկութեամբ ակնկալող ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջան ապրող գիտակից ուսանողութիւնը:

«Ս. Զէյթլեանի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնուող հիմնական գաղափարներէն մէկը ազգային ներքին համերաշխութեան իրականացման ու պահպանման գաղափարին անհրաժեշտութիւնն է: Սարգիս Զէյթլեան իր հրապարակագրական նուաճումներուն կողքին ունեցաւ կուսակցական- կազմակերպական բեղուն գործունէութիւն:

«Անոր կեանքի թելը բրտօրէն կտրուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի շղթայազերծումէն առաջ: Հայութիւնը, Սարգիս Զէյթլեանի մահէն հազիւ տասնամեակ մը ետք, ազատագրեց Արցախը դաշնակցական գործօն եւ վճռական մասնակցութեամբ: Սարգիս Զէյթլեան իր տարած սուրբ պայքարին ընթացքին իբրեւ միակ աւետարան գործածեց ՀՅԴ Կանոնագիրը եւ յաղթանակեց: Անոր պայքարի յաջողութիւնը վարակիչ պէտք է ըլլայ»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ Սարգիս Զէյթլեանը նկատեց Դաշնակցութեան հազուագիւտ ղեկավար մը` բազմաշնորհ, բազմահմուտ, գաղափարական ուժեղ կարողութեամբ, քաղաքական խորաթափանց եւ կանխատեսող միտքով, բծախնդիր եւ յարատեւ աշխատանքի յատկութեամբ օժտուած: Ան դիտել տուաւ, որ Սարգիս Զէյթլեան իր քալուածքով, շարժուձեւերով, արտայայտած միտքերով փոթորիկ կը ստեղծէր հոն, ուր մուտք կը գործէր:

Ապա ան դիտել տուաւ, որ Սարգիս Զէյթլեան առեւանգուեցաւ, որովհետեւ ուժեղ էր, եւ որովհետեւ կը ղեկավարէր ուժեղ կուսակցութիւն մը. ինք եւ գործակիցները վտանգ էին բոլոր անոնց, որոնք չէին ուզեր հայութիւնը ուժեղ տեսնել եւ կը ձգտէին սադրանքներ իրականացնել, իսկ Դաշնակցութիւնը հարուածել կը նշանակէ հարուածել հայութիւնը:

Լուսարձակի տակ առնելով կիսանդրիի զետեղումը Այնճարի ժողովրդային տան մէջ` Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա պարզ գեղարուեստական կոթող մը չէ, այլ յուշարար է, զգաստութեան հրաւէր, ներշնչման աղբիւր: Անիկա հրաւէր է` խիզախութեան, խրոխտ կեցուածքի, քաղաքական հասունութեան, հայկական արեւելումի, հայ ժողովուրդի շահերը գերադաս նկատող աննկուն պայքարի, նաեւ` ուղի է դաշնակցականութեան: «Այս արձանը բազմիմաստ, խորախորհուրդ արժէք է: Զգաստութեան հրաւէր է` իրաւ դաշնակցական աւանդի վերականգնման, իրաւ հայու արի տիպարի վերընձիւղման», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՀԵՏ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱԿՈՂ ՊԱՀ ՄԸ
( ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Յակոբ Հաւաթեան
Ազդակ, երեքշաբթի, 8 օգոստոս 2023

Անոնք, որոնք ուրբաթ, 3 օգոստոս 2023-ին Այնճարի մէջ ներկայ գտնուեցան հակադաշնակցական պայքարի զոհ դարձած, առեւանգուած ու ապա նահատակուած դաշնակցական խոհուն մտաւորական, եզակի ղեկավար ու հանրային գործիչ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութեան, վստահ եմ, որ իրենք ալ անվարան պիտի հաստատեն, որ ապրեցան ներշնչումի եւ վերալիցքաւորման անզուգական պահ մը:

Պատանին, ԼԵՄ-ականը, կուսակցական ընկերը, հարազատը եւ ժողովուրդը հոն էին: Յայտագիրին ընթացքին բոլորին աչքերը սեւեռած էին դէպի կիսանդրին եւ մեծագոյն ներկան ի՛նքն էր` ընկեր Սարգիսը, որ մուտք գործած էր իր անունը կրող ժողովրդային տան բակը, համախմբած էր բոլորը եւ իր ձայնով, պատգամով ու նայուածքով մագնիսացուցած էր շրջափակին մէջ ներկայ եղող բազմութիւնը:

Արտասանուած խօսքերը` ընկեր Սարգիսին եւ անոր մեծ վաստակին մասին ըլլալով հանդերձ, Դաշնակցութեան աւանդներուն, գաղափարական արեւելումին, կազմակերպական արժեհամակարգին, յեղափոխական մարտական կերտուածքին ու վերջապէս դաշնակցական տիպարին ու անոր զոհաբերութեան, անանձնական նկարագիրին եւ բարոյական վեհ արժէքներու ու վերարմատացման ուղենշային յստակ պատգամներ էին, որոնց կենսական նշանակութիւնը մեր օրերուն խորհրդածութիւններու առիթ կը ստեղծէ անտարակոյս:

Ա.- Ընկ. Սարգիս դարձեալ կը յիշեցնէր բոլորիս: Դաշնակցական յախուռն մտաւորականի եւ գործիչի տիպարը մեր հաւաքական կեանքին մէջ ճառագայթող ներկայութեան վերածելու եւ այդ ճամբով դաշնակցական խօսքը ամէնուրեք հասանելի դարձնելու եւ անշո՛ւշտ` գաղափարական շունչով, ոգիով, համոզումով եւ նաեւ քաջութեամբ ու անկեղծութեամբ արտայայտելու պահանջը:

Բ.- Երիտասարդութիւնը միշտ շարժման մէջ պահելու, հայութեան ներկան ու ապագան հոն երաշխաւորուած տեսնելու եւ մեր յարատեւ կռուի հաւատամքը հզօրացնելու համար Սարգիս Զէյթլեան դարձեալ եկած էր վճռակամութեամբ ու արձագանգող ձայնով ըսելու իր խօսքը ու բոլորը դնելու պատասխանատուութեան դիմաց: Այո՛, ան ներկայ էր պահանջելու, որ Դաշնակցութեան հնոցը մեր ազգին ու հայրենիքին այս բախտորոշ ժամանակահատուածին յաւելեալ թափ տայ մարդուժի պատրաստութեան ու Հայ դատի հետապնդման պայքարին:

Գ.- Տեսլապաշտութեան եւ հեռանկարային գործունէութեան ռահվիրայ, ազգային ռազմավարական տեսութիւններ յստակօրէն բանաձեւող ընկ. Սարգիս հակազդողի դիրքը մերժել ու նախաձեռնութեան ոգին կենսաւորող ու ամրագրող ուժն ու կամքն էր, որ կը փոխանցէր մեզի: Այդ կենարար ուժին մեր կեանքը խիստ կարիքը ունի այսօր, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակալել հայրենազրկումի, այլասերումի եւ անձնատուութեան բոլոր համաճարակները, որոնք կը սպառնան հայ կեանքին ու հայրենիքի անսասանութեան:

Մեր միջավայրը հականեխելու, տեղատուութիւնը մերժելու ու նահանջը կասեցնելու, ազգային մտածողութիւն վերադարբնելու համար գաղափարի մարտիկի ծաւալած պայքարը հարկ է, որ վերընձիւղուի մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Դ.- 3 օգոստոսի երեկոյեան կրկին անգամ հայութեան բարեկամն ու թշնամին ականատես դարձան, որ հակադաշնակցական պայքարը ոչ մէկ ատեն յաջողած է Սարգիս Զէյթլեանի պաշտած կուսակցութիւնը շեղեցնել իր նպատակէն ու առաքելութենէն: Այլ ընդհակառակն, հայրենանուիրումի ու պայքարի ջահը մնացած է անմար, եւ այդ ջահը ահաւասիկ կը բոցավառի անոր կիսանդրիէն, անոր գաղափարներն ու համոզմունքները կը լուսաւորեն հայ կեանքն ու մեր գոյերթը:

Պատմութեան բոլոր փուլերուն ձախողած հակադաշնակցական պայքարը աւելի ազդու ու տիրական կը դարձնէ Սարգիս Զէյթլեանի բացած ուղին` մեր ուղին, դաշնակցական պատմական հարուստ կենսափորձ նուաճած ուղին, եւ անոր յեղափոխական կտակին ընդառաջ հարազատ տուն կը կանչէ բոլորը:

Ե.- Հայկական արեւելումի անխորտակ գաղափարախօսութիւնը այժմէական իր երանգներով իմաստաւորեց Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին: Հայութեան եւ Հայաստանի շահը ամէն բանէ գերադասելու, ճշմարիտ ուղիին փարոս դարձած է այսօր այս կիսանդրին: Շնորհիւ այդ փարոսին ու անկէ բխող գերագոյն զոհաբերութեան վեհ իտէալին, հայ մարդը նոր յաղթանակներու ընդառաջ առաջին հերթին պարտաւոր պիտի զգայ հայկական ինքնութեան վերակերտումին ու իր կեանքի հայրենացման, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի:

3 օգոստոսին Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին խօսեցաւ բոլորին ու պիտի շարունակէ խօսիլ մի՛շտ ու պատգամէ մեզի.

«Դեհ սեւ օրեր բողոք դարձէ՛ք,
Արիւն քրտինք երկունք մտէ՛ք,
Տանջանք, զրկանք լեզու առէ՛ք,
Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանի հրավերն ընդունելով՝ Մակրոնը

Հուլիսի 14-ին Նիկոլ Փաշինյանը Ֆրանսիայի Հանրապետության նախագահ Էմանուել Մակրոն

16 Հուլիս 2025
Յեղափոխութիւնը Դէմ Է Կոյր Ահաբեկչութեա

Ձերբակալուած եօթը երիտասարդներէն հինգը դուրս եկան բանտէն, 72 ժամուան պայմանակա

16 Հուլիս 2025
Էներգետիկ համակարգը կհայտնվի կոլապսի մ

ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցությունները ՍԴ դիմում են ներկայացրել՝ վիճարկելով ՀԷՑ-ը «խլ

16 Հուլիս 2025
Իրանը դիմակայում է «հրեշավոր դիպլոմատի

1- Առարկայօրէն ու բազմապիսի ապացոյցներով երիցս փաստւեց, որ իրանական ժողովուրդը

15 Հուլիս 2025
Քոչարյանը դատի է տվել Փաշինյանին զրպար

Բոլոր երկրներում հանցագործությունների մեջ մեղադրվող անձանց դատական հայցեր են ն

15 Հուլիս 2025
Ազգային Ճակատ շարժման հանրահաւաք՝ Գլեն

Հետևելով Ազգային Ճակատ շարժման հրաւէրին հարիւրաւոր հայեր կիրակի Յուլիս 13ի կէս

15 Հուլիս 2025
ՀՅԴ-ն բոլորին կմիավորի՝ հայության և հա

Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձը կլինի, ռազմագերիների վերադարձը կլինի, մենք ժողովրդ

15 Հուլիս 2025
Նեմեսիսի հուշաքարը լուռ վկան է մեր հավ

«Նեմեսիսի հուշաքարը լուռ վկան է մեր հավերժական պայքարի, բռնաճնշումներով մեզ չե

15 Հուլիս 2025
Հայ երիտասարդը չի համակերպվի պարտությո

«Կարևոր և խորհրդանշական է, որ մեր պետության ու ժողովրդի այս ծանր օրերին աշխարհ

15 Հուլիս 2025
«Պիտի վերադառնանք». ՀՅԴ Երիտասարդական

Այսօր, հուլիսի 15-ին Երեւանում, Նեմեսիսի հուշարձանի մոտ տեղի ունեցավ ՀՅԴ Երիտա

15 Հուլիս 2025
Այս համահայկական բանակումը վառ օրինակ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի խօսքը Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական

15 Հուլիս 2025
Ազգային անվտանգության հարցերում մենք չ

Aravot.am-ի զրուցակիցն է ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ֆրանսահայ կազմակերպությունների հ

15 Հուլիս 2025
Օրվա իշխանությունները մտել են աշխարհա

Արդեն մի քանի օր է առանց ողջամիտ բացատրության արգելվել է ՀՀ-ից ծաղկի արտահանու

15 Հուլիս 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունե

15 Հուլիս 2025
Ես կսպասեմ արդարադատությանը

Անազատության մեջ գտնվող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ազատամարտիկ Իգոր

14 Հուլիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրոն սրտի անհուն կսկիծով կը ցաւակցի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՅԴ Արեւ

14 Հուլիս 2025
Տեղի կունենա ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսա

Հուլիս 15-ին՝ ժամը 14:00-ին, Երեւանում, Նեմեսիսի հուշարձանի հարևանությամբ տեղի

14 Հուլիս 2025
Շինծու գործերով ձերբակալված ՀՅԴ երիտաս

Այսօր՝ Հուլիսի 14-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացյան» կենտրոնում տեղի ունեցավ ՀՅԴ անդամներ

14 Հուլիս 2025
Ահաբեկչության կազմակերպման մասին պնդու

Սիրելի հայրենակիցներ, տեղեկացնում ենք, որ այսօր՝ հուլիսի 13-ին, ՁՊՎ-ից ազա

13 Հուլիս 2025
7 ձերբակալվածներից 5-ն ազատ արձակվեցի

Ձերբակալվածների պահման վայրից այսօր ազատ արձակվեցին հուլիսի 10-ին «ահաբեկչությ

13 Հուլիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company