ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Բյուրո
  • Ելույթներ

Սարգիս Զէյթլեան Իր Տարած Սուրբ Պայքարին Ընթացքին Իբրեւ Միակ Աւետարան Գործածեց ՀՅԴ-ի Կանոնագիրը Եւ Յաղթանակեց*

10 Օգոստոս 2023

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ Մուսա Լեռէն տարագրուած Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացումը: Կիսանդրին, բեղուն ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալած հայորդիի մը յիշատակը յաւերժացնելու նիւթեղէն վկաներէն մէկը ըլլալէ անդին, իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ ունի նաեւ հասնող սերունդներուն ուղղուած դաստիարակչական առաքելութիւն. հարուստ կենսագրութիւններու ներկայացումը խորունկ ազդեցութիւն կը գործէ թարմ ուղեղներու վրայ:

Ի՞նչ պատահեցաւ Սարգիս Զէյթլեանին…

Այդ օրերուն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կ՛ապրէր իր բազմաթիւ փուլերէն մէկը: Ան արդէն անցած էր զանազան փուլերէ` ներքին քաղաքական, ընկերային, տարածաշրջանային քաղաքական ու ապահովական, աշխարհաքաղաքական պայքարի եւ այլ առաւել կամ նուազ չափով ուժգին տագնապներէ: Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած էր լայնածաւալ պատերազմ` երկրէն ներս աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր գործող պաղեստինեան դիմադրութեան ուժերու եւ Լիբանան ներխուժող իսրայէլեան բանակին միջեւ, որուն աւարտին պաղեստինեան ուժերը պարտաւորուեցան լքել երկիրը:

Լիբանանահայութիւնը այդ ամբողջ խառնիճաղանճին մէջ կրցած էր պահել իր ներքին անդորրը` շնորհիւ որդեգրուած «Դրական չէզոքութիւն» անունը կրող քաղաքական կեցուածքին, որ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ հայկական համայնքի ներքին պառակտումի վտանգի չէզոքացման մէջ: Հայութիւնը իր հայեացքը ուղղած էր այն պայքարին վրայ, որ փաստօրէն ծնունդ առած էր Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին գոյացած ներքին համաձայնութեամբ, որ կը նպատակադրէր ցեղասպանութեամբ հայութեան բռնաբարուած իրաւունքներու աստիճանական վերականգնման նպատակը: Այդ պայքարին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը տուաւ զոհեր, որոնց կարգին` մարտական խումբերու գլխաւոր պատասխանատու Աբրահամ Աշճեանը, որ առեւանգուեցաւ 1982-ի վերջին օրերէն մէկուն, եւ զինք գտնելու բոլոր ճիգերը անցան ապարդիւն: Գործողութեան հիմնական կասկածելին, անշուշտ, թրքական պետական սպասարկութիւններն էին, նկատի ունենալով, որ հայութեան տարած պայքարը ուղղուած էր թրքական պետութեան դէմ, որ կը մերժէր ընդունիլ հայութեան դէմ իր նախորդներու գործադրած ահաւոր ոճիրը` այդ ձեւով ժառանգելով անոր մշտնջենական պատասխանատուութիւնը: Տուեալ սպասարկութիւնները յաճախ փորձեր կատարեցին որոմ սերմանել հայկական խմբաւորումներու միջեւ` դիւրացնելու համար իրենց կազմակերպած սադրանքներու յաջողութիւնը:

Այս մթնոլորտին մէջ 1985-ի մարտ 28-ին իր ինքնաշարժով կ՛ուղղուէր դէպի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի հրատարակչականի գրասենեակը, Ճեմարանին կից փողոցներուն մէջ զինեալներու փոքրաթիւ խումբի մը կողմէ առեւանգուեցան ընկեր Սարգիս Զէյթլեան եւ իրեն ընկերակցող երիտասարդ ընկեր Կարօ Գոլանճեանը:

Այդ օրերու պատասխանատու մարմինները շաբաթներու եւ ամիսներու վրայ երկարող անդուլ ճիգով դիմեցին ամէն միջոցի, զարկին բոլոր դուռերը` առանց սակայն շօշափելի արդիւնքի հասնելու: Առեւանգումէն երկար ժամանակ ետք ընկեր Սարգիս Զէյթլեան պարբերաբար նամակներ գրեց, որոնց ձեռագիրը կը վկայէր անոնց հարազատութիւնը: Հետեւաբար ան պատանդ կը պահուէր զինք առեւանգողներուն կամ անոնց հետ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակող հայկական զինեալ խմբակի մը մօտ. այդ խմբակը լուր տարածեց, թէ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան եւ իրենց մօտ գտնուող այլ պատանդ մը` Յակոբ Պարսումեանը, որ առեւանգուած էր այլ հակադաշնակցական վայրենի գործողութեան մը ընթացքին, եւ որուն զոհ գացած էին երեք հաւատաւոր դաշնակցականներ:

Մինչեւ այսօր նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի եւ Յակոբ Պարսումեանի գերեզմաններու ճշգրիտ վայրը կը մնայ անյայտ: Մեր ընկերոջ եղերական, անարդարանալի մահը ստուգուած ու հաստատուած էր պատասխանատու մարմիններու կողմէ, սակայն ընկերներ ու յատկապէս ընտանիքը, շօշափելի առարկայական փաստի մը բացակայութեան, հաւատք չէին ընծայեր փոխանցուած տեղեկութիւններուն. այդ պատճառով երկար ատեն հոգեհանգիստ մը իսկ տեղի չունեցաւ` յարգելով անմիջական սգակիրներու իրենց անհետացած հարազատը կրկին տեսնելու եւ իր ներկայութիւնը վայելելու հաւատքն ու յոյսը:

Վերջապէս, հակառակ այս եւ այլ նոյնքան դատապարտելի նման դէպքերու, ոճիրի հեղինակ շահագրգիռ դահիճները չյաջողեցան պառակտել Լիբանանի մէջ գործող հայկական ազգային ուժերը, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն յարգել հայութիւնը հետաքրքրող հիմնական սկզբունքներու հանդէպ ատենին կնքուած համաձայնութիւնը:

Ո՞վ էր Սարգիս Զէյթլեան. անոր ինքնութեան բնորոշումը տուած է ՀՅ Դաշնակցութեան 25-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ կը հաստատէ.

«Ս. Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է ՀՅ Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ` հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից Կ. Գոլանճեանի հետ միասին), առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով: Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, Դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով եւ օրինակով Ս. Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»:

Այսպէս, 1930-ին Մուսա Լերան Խըտըրպեկ գիւղին մէջ ծնած Սարգիս Զէյթլեան, Լիբանանի Այնճար գիւղը ապաստանած եւ այդտեղ հաստատուած, տեղական նախակրթարանը յաճախելէ, Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ իր մտաւոր կազմաւորման համար անհրաժեշտը ամբարելէ ետք կը նետուի ազգային գործի լայն ասպարէզին մէջ: Ան կը հրաւիրուի Գահիրէ` իբրեւ «Յուսաբեր»-ի օգնական խմբագիր` միաժամանակ հայագիտական նիւթեր դասաւանդելով տեղական ազգային վարժարանի մը աշակերտներուն:

Քառամեակ մը ամբողջ «Յուսաբեր»-ի խմբագիրի պաշտօնը ձեռնհասօրէն վարելէ ետք, 1962-ին իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր առաջին հերթին կը ձեռնարկէ «Յառաջ» երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան գործին, ապա` անոր ղեկավարման, ինչպէս նաեւ` գիւղէն ներս կուսակցական եւ ընդհանրապէս հասարակական կեանքի աշխուժացման:

Գիւղի կրթական ու կազմակերպական կեանքը տեղ մը հասցնելէ ետք անոր շրջագիծը շատ կարճ թուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի նման յախուռն նկարագրի տէր մարդուն: Մայրաքաղաք Պէյրութ փոխադրուելէ ետք ան յաջորդաբար տեղ գտաւ մէկէ աւելի աշխատանքային ծիրերու մէջ. «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, «Դրօշակ»-ի (հրատարակուած` «Ազդակ Շաբաթօրեակ» անուան տակ) նախ խմբագիր, հետագային` աւագ խմբագիր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ անոր Մամլոյ դիւանի վարիչ:

Այս աշխատանքներու կատարման ընթացքին Սարգիս Զէյթլեանի ցցուն կերպով ի յայտ եկող ուժեղ նկարագիրը կը մրցէր անոր պարզութեան ու անմիջականութեան հետ, իսկ իր շիտակութիւնը յաճախ կը վերածուէր խստութեան, ինչպէս կը վկայէ իր երկարամեայ գործակիցներէն մէկը:

Սարգիս Զէյթլեան ամէն բանէ առաջ հրապարակախօս էր, ան բացարձակօրէն գիտակից էր իր առաքելութեան, այսինքն ան կը ներկայացնէր իր կուսակցութեան գաղափարաբանութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ միաժամանակ կը կատարէր անոնց խորքային քարոզչութիւնը: Իր թիրախը առաւելաբար երիտասարդութիւնն էր, որ կը հանդիսանար իր յատուկ գուրգուրանքի առարկան, նաեւ` Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ խօսքը անձկութեամբ ակնկալող ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջան ապրող գիտակից ուսանողութիւնը: Իր ատենին Դաշնակցութիւնը դանդաղօրէն անցում մը կը կատարէր Բ. Համաշխարհային պատերազմի արդիւնք պայմանադրական մտայնութենէն` դէպի հարազատ ազգային արմատներ նկատի առնող ընկերվարական գաղափարաբանութիւնը: Ազգային հարցը, հայութեան բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերումը եւ դաշնակցական յարատեւ պայքարի առհաւական սկզբունքը կը կազմէին իր շարժումները ղեկավարող կողմնացոյցի ցոյց տուած գլխաւոր ուղղութիւնները:

Ս. Զէյթլեանի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնուող հիմնական գաղափարներէն մէկը ազգային ներքին համերաշխութեան իրականացման ու պահպանման գաղափարին անհրաժեշտութիւնն է: Բանաստեղծին ըսածին պէս, հայութեան միակ փրկութիւնը անոր հաւաքական ուժին մէջ կը կայանայ: Ցեղասպանութեան յիսնամեակի նախօրեակին գոյացած ու ժամանակի ընթացքին ամրապնդուած ազգային համաձայնութիւնը կը շարունակէ կազմել Դաշնակցութեան առանցքային կարեւորութիւն ներկայացնող հանգամանքներէն մէկը: Ատենին կայացած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ան դարձաւ լիբանանահայութեան համար փրկութեան օղակը ալեկոծ ովկիանոսի մը մէջ:

Սարգիս Զէյթլեան, իր հրապարակագրական նուաճումներուն կողքին, ունեցաւ կուսակցական կազմակերպական բեղուն գործունէութիւն: Նախորդ դարու վաթսունական թուականներուն կուսակցութեան ներքին կեանքը լուրջ տագնապի մէջ էր: Լիբանանեան քաղաքական, պետական բնագաւառի յոռի բարքերէն տարրեր ներթափանցած էին նաեւ հայ համայնքի կեանքէն ներս. այդ բարքերէն ամէնէն ազդուածը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանն էր, ինչ որ ժխտական ազդեցութիւն կը գործէր կուսակցութեան ներքին կեանքին վրայ: Այդ ժամանակաշրջանին զուգադիպող ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը յանձնարարեց իր ընտրած Բիւրոյին մօտէն զբաղիլ Լիբանանի շրջանով` տնօրինելով անոր հունի մէջ դնել կազմակերպական ներքին կեանքը: Այս հոլովոյթը, իր շարունակութեան մէջ, զուգադիպեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին անդամակցութեան եւ այդ մարմինի ղեկավարութեան ստանձնումին: Այդ Կեդրոնական կոմիտէն համապարփակ ձեւով իրագործեց Ընդհանուր ժողովի որոշումները` միաժամանակ հայկական թաղերը ազատագրելով հայահոծ շրջաններու ժողովուրդին գլխուն պատուհաս դարձած քրէական ու կիսաքրէական տարրերէն: Կազմակերպուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, որ լուրջ դեր ստանձնեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին` տոգորուելով միաժամանակ Հայ դատի աշխատանքներուն գործօն մասնակցութիւն բերելու հաւատքով եւ յանձնառութեամբ: Լիբանանի կուսակցական կառոյցը թեւ առաւ ու բարձրացաւ երկինքները: Աշխատանքը սկսաւ արդիւնք տալ:

Սարգիս Զէյթլեանի ղեկավարած մարմինը իր տքնաջան աշխատանքի եւ գործերու յամառ հետապնդումի շնորհիւ` 1972-ի պետական երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմեց Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն մեծաթիւ` հինգ անդամներ հաշուող հայկական երեսփոխանական խմբակցութիւնը լիբանանեան խորհրդարանէն ներս. այդտեղ ներկայ էին Լիբանանի մէջ գործող բոլոր հայ քաղաքական շրջանակները: Այդ խմբակցութեան անդամները ընտրուած էին միայն մէկ քառամեակի համար, բայց պաշտօնավարեցին ամբողջ քսանամեակ մը` քաղաքացիական պատերազմի պատճառով:

Հազիւ քառամեակ մը տեւած այս կազմակերպական փայլուն գործունէութեան շնորհիւ` պայծառացաւ ո՛չ միայն Լիբանանի կազմակերպական շրջանը, այլ գործի մղուեցաւ Դաշնակցութեան աշխարհատարած ամբողջ կառոյցը, որ այս ձեւով սկսաւ արձանագրել շօշափելի յաղթանակներ Հայ դատի ճակատին վրայ:

Սարգիս Զէյթլեանի կեանքի թելը բրտօրէն կտրուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի շղթայազերծումէն առաջ: Հայութիւնը, Սարգիս Զէյթլեանի մահէն հազիւ տասնամեակ մը ետք, ազատագրեց Արցախը դաշնակցական գործօն եւ վճռական մասնակցութեամբ: Սարգիս Զէյթլեան իր տարած սուրբ պայքարին ընթացքին իբրեւ միակ աւետարան գործածեց ՀՅԴ կանոնագիրը եւ յաղթանակեց:

Այսօր Արցախի շուրջ ագռաւները երկինքի մէջ շուրջպարի ելած են, իսկ հայ ժողովուրդը թմբիրի մէջ է, բայց Արցախը զարթնելու վրայ է: Իսկ Սարգիս Զէյթլեանները տարածուած են ամբողջ հայաշխարհին մէջ. անոնք կը գտնուին մեր մէջ կամ մեր շուրջը` տարբեր անուն-ազգանուններով: Ո՞ւր են անոնք իրենց աւետարաններով: Ասպարէզը բա՛ց է իրենց առջեւ:

Սարգիս Զէյթլեանի պայքարի յաջողութիւնը վարակիչ պէտք է ըլլայ:

Աթէնք, 31 յուլիս 2023

* Խօսք` արտասանուած 3 օգոստոս 2023-ին, Այնճարի մէջ` Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութեան:

«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Յեղափոխութիւնը Դէմ Է Կոյր Ահաբեկչութեա

Ձերբակալուած եօթը երիտասարդներէն հինգը դուրս եկան բանտէն, 72 ժամուան պայմանակա

16 Հուլիս 2025
Էներգետիկ համակարգը կհայտնվի կոլապսի մ

ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցությունները ՍԴ դիմում են ներկայացրել՝ վիճարկելով ՀԷՑ-ը «խլ

16 Հուլիս 2025
Իրանը դիմակայում է «հրեշավոր դիպլոմատի

1- Առարկայօրէն ու բազմապիսի ապացոյցներով երիցս փաստւեց, որ իրանական ժողովուրդը

15 Հուլիս 2025
Քոչարյանը դատի է տվել Փաշինյանին զրպար

Բոլոր երկրներում հանցագործությունների մեջ մեղադրվող անձանց դատական հայցեր են ն

15 Հուլիս 2025
Ազգային Ճակատ շարժման հանրահաւաք՝ Գլեն

Հետևելով Ազգային Ճակատ շարժման հրաւէրին հարիւրաւոր հայեր կիրակի Յուլիս 13ի կէս

15 Հուլիս 2025
ՀՅԴ-ն բոլորին կմիավորի՝ հայության և հա

Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձը կլինի, ռազմագերիների վերադարձը կլինի, մենք ժողովրդ

15 Հուլիս 2025
Նեմեսիսի հուշաքարը լուռ վկան է մեր հավ

«Նեմեսիսի հուշաքարը լուռ վկան է մեր հավերժական պայքարի, բռնաճնշումներով մեզ չե

15 Հուլիս 2025
Հայ երիտասարդը չի համակերպվի պարտությո

«Կարևոր և խորհրդանշական է, որ մեր պետության ու ժողովրդի այս ծանր օրերին աշխարհ

15 Հուլիս 2025
«Պիտի վերադառնանք». ՀՅԴ Երիտասարդական

Այսօր, հուլիսի 15-ին Երեւանում, Նեմեսիսի հուշարձանի մոտ տեղի ունեցավ ՀՅԴ Երիտա

15 Հուլիս 2025
Այս համահայկական բանակումը վառ օրինակ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի խօսքը Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական

15 Հուլիս 2025
Ազգային անվտանգության հարցերում մենք չ

Aravot.am-ի զրուցակիցն է ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ֆրանսահայ կազմակերպությունների հ

15 Հուլիս 2025
Օրվա իշխանությունները մտել են աշխարհա

Արդեն մի քանի օր է առանց ողջամիտ բացատրության արգելվել է ՀՀ-ից ծաղկի արտահանու

15 Հուլիս 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունե

15 Հուլիս 2025
Ես կսպասեմ արդարադատությանը

Անազատության մեջ գտնվող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ազատամարտիկ Իգոր

14 Հուլիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրոն սրտի անհուն կսկիծով կը ցաւակցի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՅԴ Արեւ

14 Հուլիս 2025
Տեղի կունենա ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսա

Հուլիս 15-ին՝ ժամը 14:00-ին, Երեւանում, Նեմեսիսի հուշարձանի հարևանությամբ տեղի

14 Հուլիս 2025
Շինծու գործերով ձերբակալված ՀՅԴ երիտաս

Այսօր՝ Հուլիսի 14-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացյան» կենտրոնում տեղի ունեցավ ՀՅԴ անդամներ

14 Հուլիս 2025
Ահաբեկչության կազմակերպման մասին պնդու

Սիրելի հայրենակիցներ, տեղեկացնում ենք, որ այսօր՝ հուլիսի 13-ին, ՁՊՎ-ից ազա

13 Հուլիս 2025
7 ձերբակալվածներից 5-ն ազատ արձակվեցի

Ձերբակալվածների պահման վայրից այսօր ազատ արձակվեցին հուլիսի 10-ին «ահաբեկչությ

13 Հուլիս 2025
Տեղի է ունեցել ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ և ՀՅԴ

Հուլիսի 12-ին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացյան» կենտրոնում տեղի է ունեցել ՀՅԴ Հայաստանի Գերա

12 Հուլիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company