Խօսելով Ուրբաթ Գիշերուան Դէպքին Մասին` «Դէպքի Հեղինակները Անկարգներ Են. Թող Երթան Եւ Այլ Շրջանի Մէջ Անկարգութիւն Ընեն» Ըսաւ Բագրատունի
15 Հուլիս 2024
«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան իր լուրերուն մէջ անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած դէպքին` նշելով, որ անիկա սկսած է` իբրեւ անձնական դէպք, որուն լուծման համար միջամտած են ՀՅԴ շրջանի ակումբէն տղաք, եւ երկու անձերը իրարմէ բաժնած:
«Էմ. Թի. Վի.»-ն այս ծիրին մէջ զրուցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, որ յայտնեց, թէ շուրջ 60-70 անձերէ բաղկացած խումբ մը եկան ՀՅԴ-ի ակումբին առջեւ եւ սկսան համայնքային կարգախօսներ բացագանչել ու փորձել մուտք գործել:
Ան բացատրեց, որ գոյութիւն ունի խմբակ մը, որ այդ մէկ-երկու թաղին մէջ կը զբաղի ապօրինի տուրքեր գանձելով, ելեկտրականութեան շարժակներ բանեցնելով, աղբահաւաքութեամբ եւ այլ հարցերով:
«Ժողով գումարեցինք Ամալ շարժումի բարձրագոյն ղեկավարներուն եւ Հըզպալլայի հետ, եւ ի յայտ եկաւ, որ այդ խմբակը ո՛չ շարժումին հետ կապ ունի, ո՛չ ալ կուսակցութեան: Անոնք անկարգներ են: Թող երթան եւ այլ շրջանի մէջ անկարգութիւն ընեն», ըսաւ Բագրատունի: