ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հայ Օգնության Միություն
  • Հարցազրույցներ

ՀՕՄ-ը միշտ արցախահայութեան կողքին է

18 Հոկտեմբեր 2024

ՀՕՄ-ը իր Կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններով, եւ աշխարհատարած մասնաճիւղերով ու անդամներով միշտ պատնէշի վրայ եղած է մեր ժողովուրդի բոլոր տագնապներուն ընթացքին: Այսօր եւս, ՀՕՄ-ը բազմաբեւեռ գործունէութիւն կ’իրականացնէ ձեռք երկարելու արցախահայութեան, լիբանանահայութեան եւ ուր որ մեր ժողովուրդի զաւակները կարիքը ունին աջակցութեան: Այս առթիւ ՀՕՄ-ի իրականացուցած ծրագիրներուն մասին «Հորիզոն» գլխաւոր խմբագիր զրոյց ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեանի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները անդրադարձան վերջին շրջանին ի գործ դրուած նոր ծրագիրներուն:

Խօսելով արցախահայութեան տրամադրուած օժանդակութիւններուն մասին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան յայտնեց, թէ Արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք, ՀՕՄ-ը անմիջապէս փութաց օգնութեան հասնելու մեր արցախցի հայրենակիցներուն եւ իրականացուց աջակցութեան բազմաբեւեռ աշխատանք: «Արցախի բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, մենք անմիջապէս նախաձեռնեցինք արցախցի տեղահանուած ընտանիքներուն անմիջական պէտքերը հոգալու, յատկապէս սննդեղէնի եւ դեղորայքի ապահովմամբ, այս օժանդակութիւններէն մեր հաշուարկով օգտուած է 35-40 հազար արցախցի: Անկէ ետք ստեղծեցինք նոր ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Յոյսի օճախներ», այս ծրագիրը կը ձեռնարկէ հայկական գիւղերուն մէջ բնակարաններ գնել, նորոգել, կահաւորել եւ տրամադրել տեղահանուած ընտանիքներուն: Այս ծրագիրը այժմ անհրաժեշտ կը համարուի, որովհետեւ ձմեռնամուտ է, եւ կարգ մը ընտանիքներ տակաւին կ’ապրին ծանր պայմաններու մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Ունինք նաեւ համալսարանի ուսանողներուն աջակցութեան ծրագիրը, որոնց համար կը տրամադրուին կրթաթոշակներ եւ համակարգիչներ, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը»:

Անդրադառնալով զոհուած զինուորներուն եւ կամաւոր մարտիկներու զաւակներուն յատկացուած օժանդակութեան Կարապետեան յայտնեց, թէ զանոնք հովանաւորելու ծրագիրը վերջերս կը հաշուէ 1700 որբացած երեխաներ, յատկապէս երբ այս ծրագրին միացած են Արցախի պատերազմին, շրջափակման եւ բռնագաղթի ժամանակ իրենց ծնողները կորսնցուցած եւ որբացած երեխաները, որոնցմէ 1100-ը տակաւին հովանաւորներ չունին:

Նոյն նիւթին առնչութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկհ. Փալանճեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը: «ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը 1992 թ. սկսեալ միշտ նեցուկ կանգնած է «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրին եւ մինչեւ երեխային 18 տարեկան դառնալը ստանձնած է անոր խնամակալութիւնը: Մինչեւ օրս մեր շրջանի կողմէ հովանաւորուած են աւելի քան 350 երեխաներ: Շրջանը նաեւ կը հովանաւորէ ուսման հետեւող որբ ուսանողներ, տարեկան միջին հաշուով 52 ուսանողի օժանդակութիւն շնորհելով»: Ընկհ.Փալանճեան շարունակեց իր խօսքը ըսելով, որ ծնողազուրկ երեխայի մը հովանաւորութիւնը տարեկան 330 ամ. տոլար է, իսկ ուսանողինը՝ 320 ամ. տոլար: Տակաւին ունինք հարիւրաւոր երեխաներ, որոնք կարիքը ունին հովանաւորներու: Եթէ ոեւէ մէկը կը փափաքի ստանձնել «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ»ու ծրագրէն երեխայի մը հովանաւորութիւնը, թող բարեհաճի գրել մեր ե-նամակի հասցէին [email protected]:

Լուսին Փալանճեան յայտնեց, թէ Արցախեան հակամարտութեան 2023 թուականի իրադարձութիւններէն եւ արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը անմիջապէս կազմակերպեց նուիրահաւաք, զօրաշարժի ենթարկելով ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի բոլոր մասնաճիւղերն ու անդամները: «Սոյն հրատապ վիճակէն մեկնելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի «Թիկունք կանգնինք Արցախի ընտանիքներու» միջ-միութենական Միացեալ Մարմինին, անսակարկ նուիրումով, լայնածաւալ հանգանակային արշաւ ծրագրեց օգնութեան ձեռք երկարելու տեղահանուած ու տնտեսական ծանր պայմաններ ապրող Արցախցիին։ Կազմակերպեց նաեւ առցանց աճուրդ մը եւ մինչեւ Յունուար 2024-ի աւարտը այս դրամահաւաքի արշաւէն հանագանակեց աւելի քան $550,000 տոլար:

Լուսին Փալանճեան յայտնեց նաեւ, թէ Գանատայի շրջանը այս նիւթական օժանդակութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ ասկէ անկախ որոշ քանակով ձմեռնային վերարկուներ ալ նուիրեց փոքրերու եւ պատանիներու, եւ արցախցի դպրոցական կամ համալսարանական երիտասարդներու տասը համակարգիչներ տրամադրեց գրասենեակներէ ներս: Ան նաեւ տեղեկացուց, թէ Գանատայի շրջանը առաջինը հանդիսացաւ «Յոյսի օճախ» ծրագրին նիւթապէս օժանդակելու գործին մէջ: Այսպիսով, շրջանը ստանձնեց 6 բնակարաններու նորոգութիւնն ու կահաւորումը Ախուրիկ գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Ախուրեան գետի ափին, Գիւմրիէն ոչ շատ հեռու,:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ սանձազերծուած պատերազմին եւ լիբանանահայութեան ապրած տագնապներուն, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան ըսաւ. «Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ՀՕՄ-ը թիկունք կանգնած է Միջին Արեւելքի մեր այն գաղութներուն, որոնք կը գտնուին տագնապահար իրավիճակի մէջ, ըլլա՛յ քաղաքացիական պատերազմ, ըլլա՛յ տնտեսական: Այսօր Լիբանանը վերստին կը գտնուի դաժան պատերազմի բոցերուն մէջ, հետեւաբար առաջնահերթութիւնը սննդեղէնի, դեղորայքի եւ անմիջական կարիքներու ապահովումը պիտի ըլլայ: Հանգանակութիւնները սկսած են ամէն տեղ, եւ Արեւելեան շրջանը արդէն 20 հազար փոխանցեց, որուն շուտով կը հետեւի Գանատայի յատկացումը»:
Կարապետեան նշեց նաեւ, որ վերջերս Բիւրականի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ, Արցախի վարչութիւնը բանակում մը կազմակերպեց 7 օրուան տեւողութեամբ, որուն մասնակցեցան 87 արցախցի պատանիներ, 12-14 տարեկան, եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հովանաւորեց ամբողջ ծախսերը, որուն ընթացքին դասախօսութիւններ տեղի ունեցած են ՀՕՄ-ի գործունէութեան մասին:

Մոնթրէալի մէջ վերջերս տեղի ունեցած վազքարշաւին (մարաթոն) մասնակցեցան մոնթրէալահայ երկու երիտասարդներ, համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան: Այս մասին Փալանճեան ըսաւ. «Յաճախ հարց տրուած է մեզի, թէ ինչ ունի տալիք այսօրուան երիտասարդը ՀՕՄ-ին եւ ինչ կ՛ակնկալէ ՀՕՄ-ը հայ երիտասարդէն: Շատերս կը խորհինք, որ գործունեայ եւ հեռատես անդամներն են միայն, որոնք կազմակերպութեան մը յաջողութեան եւ վերելքին կը նպաստեն: Կան նաեւ անձինք որոնք համոզուած են, թէ այսօրուան հայ երիտասարդը անտարբեր է ու անպատասխանատու: Հետեւաբար, ան ոչինչ ունի տալիք իր պատկանած համայնքին ու ազգին:

Սակայն, այս դրամահաւաքը եկաւ փաստելու բոլորովին հակառակը: Այս բացառիկ յաջողութեամբ պսակուած դրամահաւաքը, երիտասարդներու կողմէ ծրագրուած նախաձեռնութիւնը, եկաւ մեզի ապացուցելու, որ նօսր թիւով երիտասարդներն անգամ կրնան հզօր բանակի նման հրաշքներ գործել: Մոնթրէալահայ երկու երիտասարդներու՝ Շանթ Շահինեանին եւ Արէն Իմամէճեանին հրաշալի գաղափարը ունեցան «Մոնթրէալ Մարաթոն 2024»ի վազքարշաւին մասնակցիլ եւ դրամահաւաք կազմակերպել, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնել ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահութեան կեդրոնի կրծքաշողանկարային նոր սարքի գնման: Այս երկու երիտասարդները քարոզչական լայնածաւալ արշաւի մը լծուեցան եւ անձամբ պատրաստեցին ու հրապարակեցին այս նպատակին համար ստեղծուած նիւթեր: Յաճախակի ներկայութիւն ունեցան իրենց կողմէ ստեղծուած ընկերային հարթակներու էջերու վրայ եւ քարոզչական այլ միջոցներով տեղեկութիւններ փոխանցեցին առողջապահական կեդրունին մասին, ինչպէս նաեւ շաբաթներ շարունակ ազդու կերպով քաջալերեցին դրամահաւաքի նպատակը հայ թէ օտար շրջանակներէ ներս: ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնն ալ դիմեց իր ընկերական շարքերուն, որ թիկունք կանգնին իրենց եւ մասնակից դառնան քարոզարշաւին: Այսպիսով երկու երիտասարդները յաջողեցան իրենց նպատակադրած թիրախէն երեք եւ նոյնիսկ չորս անգամ աւելին գոյացնել հասցնելով հաւաքուած գումարը 62000 տոլարի: Անծանօթներ հաւանաբար հարց տան, թէ արդեօք ո՞վ են այս տղաքը: Այս երկու երիտասարդները՛ Առէնն ու Շանթը եղած են Սուրբ Յակոբ վարժարանի ամէնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ եւ Համազգայինի անդամ: Անոնք իրենց շուրջը հաւաքեցին 85 հոգիներէ բաղկացած վազողներու պատկառելի խումբ մը: Այսօր իրենց յարատեւ աշխատանքի արդիւնքով գոյացած 62000 տոլարը կու գայ վկայելու, թէ ՀՕՄ-ը պատրաստ է միշտ նեցուկ կանգնելու երիտասարդութեան կողմէ եկած որեւէ ազգօգօւտ առաջարկներու: Այո: ՀՕՄ-ը հայ երիտասարդին կողքին է եւ հայ երիտասարդը իր կողքին:

Փալանճեան անդրադարձաւ երիտասարդ նոր սերունդի կողմէ կատարուած ուրիշ մէկ շատ յատկանշական նախաձեռնութեան մը եւս յայտնելով, որ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բասդրմաճեան երկրորդականի աւարտական դասարանի աշակերտներն ալ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են իրենց կազմակերպած ձեռնարկներէն գոյացած շահէն մաս մը՝ 5400 տոլար, յատկացնել արցախցի որբ մը հովանաւորելու ծրագրին: «Անոնք փափաք յայտնած են, -աւելցուց Փալանճեան, որ այս ծրագիրի մասնակցութիւնը շարունակական ըլլայ եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ իրենց սկսած գործը աւարտական դասարանի աշակերտները շարունակեն»:

Աւարտին խմբագիրը նաեւ նշեց, որ ՀՕՄ-ը միշտ զօրավիգ կանգնած է «Հորիզոն»ին եւ յայտնեց, որ «Հորիզոն»ի առաջին համակարգիչները հովանաւորած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 1991-1992 թուականներուն, իսկ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը արդէն 25 տարիէ ի վեր կը հովանաւորէ «Հորիզոն»ի Մանկապատանեկան յաւելուածը:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ակնարկ. Իրան-Մագատէ յարաբերութիւնները

Վիեննայում, երէկ՝ նոյեմբերի 19-ին կայացած Միջազգային ատոմային էներգիայի գործակ

20 Նոյեմբեր 2025
Չակերտեալ հայկականը…

Հայաստանում իշխող վարչախմբի բոլոր կարգի հասարակա-տնտեսական յայտարարութիւններն

20 Նոյեմբեր 2025
Թուրքիան շահագրգռված է, որ Հայաստանը լ

Պարզապես Թուրքիան կրկնում է այն, ինչը Հայաստանի իշխանությունն արդեն մի քանի տա

20 Նոյեմբեր 2025
«Ազատությո՛ւն բոլոր քաղբանտարկյալներին

Այսօր՝ նոյեմբերի 20-ին, Գլխավոր դատախազության առջեւ տեղի ունեցավ բողոքի ակցիա՝

20 Նոյեմբեր 2025
Պաքուի «Դատագոյժ»-ը

«Եթէ մենք չպահպանենք արդարութիւնը, արդարութիւնը մեզ պիտի չպահպանէ»։ Ֆրանսիս Պ

20 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Ներդրում Եւ Սպառազինում

Միացեալ Նահանգներու նոր գործարքի վերաբերեալ կը հրապարակուին աստղաբաշխական թիւե

20 Նոյեմբեր 2025
Սոցիալական պայթյունի շեմին․ պարտքերի մ

Նախորդիվ անդրադարձել էի պետական պարտքին։ Վիճակագրություն էի ներկայացրել, թե եր

19 Նոյեմբեր 2025
Բարոյականութիւն. Ո՞ւր Կը Ծախուի…

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբերի կանուխ յետմ

19 Նոյեմբեր 2025
Բողոքի ակցիա՝ ի պաշտպանություն բոլոր ք

Նոյեմբերի 20-ին, հինգշաբթի օրը` ժամը 15:00-ին ՀՀ Դատախազության դիմաց տեղի կուն

19 Նոյեմբեր 2025
Կոչ եմ անում բոլորիդ՝ մասնակցել բողոքի

ՀՀ-ում արդեն կա երեք տասնյակից ավելի քաղբանտարկյալ։ Այս չարիքի իշխանության կող

19 Նոյեմբեր 2025
Հայ ազգը 2100 թուականին եւ անդին…

Յ.Պալեան Ազգը՝ որ ի Հայաստան, բազմանուն Սփիւռք(ներ), նոր, հին, պատմական, Ռո

19 Նոյեմբեր 2025
ՀՅԴ Գլենդելի «Ահարոնեան» Կոմիտէութեան

Քալիֆորնիա- Գլենդելի ՀՅԴ Ահարոնեան Կոմիտէութեան այս տարուայ հանդէսը նուիրուած

19 Նոյեմբեր 2025
Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը մասնակց

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16-ին, Գանատայի Պահպանողական Կուսակցութեան (Conservatives part

19 Նոյեմբեր 2025
Հայաստանի բնակչության երկու երրորդը չի

Տարիների ընթացքում ես հետևել եմ բազմաթիվ հարցախույզերի, որոնք ուսումնասիրել են

18 Նոյեմբեր 2025
Երբ աշխատած ամեն 3 դրամից 1 դրամը վճար

Եվ նորից պետական պարտքի մասին։ Երբ աշխատած ամեն 3 դրամից 1 դրամը վճարում ես պա

18 Նոյեմբեր 2025
2026 թվականի պետական բյուջեի նախագիծ․

Հաջորդ տարի ավարտվում է այս կառավարության հնգամյա ծրագրի ժամկետը։ Այլևս ար

18 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ.Դիւանագիտական Խողովակներ Եւ Շահ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները հիւլէական օրակարգով Ուաշինկթ

18 Նոյեմբեր 2025
Մի քանի կարևոր արձանագրում Վաղարշապատի

Նախ, պետք է արժևորել շուրջ 15000 (47 %) քաղաքացիների դիրքորոշումը, ովքեր տեղի

17 Նոյեմբեր 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարարութ

Վաղը՝ նոյեմբերի 18-ին մարտի 1-ի թեմայով հերթական ձեռնածությունն է  բեմադրելու

17 Նոյեմբեր 2025
Վաղարշապատը դաս էր

Վաղարշապատում 50 տոկոսից պակաս մասնակցությունը ցույց է տալիս, որ ընտրողների զգ

17 Նոյեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company