ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Բյուրո
  • Ելույթներ

Գաղափարաբանական խոր պատրաստուածութեամբ այս հսկան ամէն բանէ վեր նկատեց հայ ժողովուրդի շահերը

26 Մարտ 2025

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին .

ՀՅ Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի աւարտէն 3 շաբաթ ետք կը հանդիպինք, սիրելի հայրենակիցներ, ընկերուհիներ եւ ընկերներ, ըլլալու միասին Դաշնակցութեան պատմութեան վերջին 60 տարիներու հսկաներէն մէկուն՝ ընկ․ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով։

Սարգիս Զէյթլեան ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեամբ բարձրացած է նահատակութեան պատուանդանին։

Ընդհանուր ժողովը կ՚ըսէ․«Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցական եւ գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով եւ օրինակով, Ս․ Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»։

Ընկեր Զէյթլեան կ՚արժանանայ նահատակութեան դափնեպսակին, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ՝ «Ամէն կուսակցութիւն պատրաստ պէտք է ըլլայ, պարտաւոր է պատրաստ ըլլալու գերագոյն զոհաբերութեան՝ վասն հայրենեա՛ց․ այ՛ս է հիմնական եւ անփոխարինելի սկզբունքը»։

Եւ ինք՝ այդ կուսակցութեան զինուորն ու ղեկավարը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խոր հաւատքով, աննկուն կամքով, մշտանորոգ խիզախութեամբ գործեց ու ինկաւ գործի ճամբուն վրայ՝ հակադաշնակցական դաւադրութեան զոհ երթալով։

Կուսակցական, հանրային, հասարակական կեանքի իր գործունէութիւնը՝ զանազան բնագաւառներու մէջ, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ բնութագրել, ինչպէս այսօրուան այս հաւաքին բնաբանն է, անվարան պիտի ըսենք՝ հայկական արեւելում։

Ու շատ բնական եւ տրամաբանական կերպով՝ հայկական արեւելում եւ ուրիշ ոչինչ։

Իր ժողովուրդին ծոցէն ծնած, անոր գոյատեւման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար առաւելագոյնը զոհաբերած ու տակաւին զոհաբերող ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէր եւ չի կրնար հայութենէ դուրս այլ արեւելումի մասին մտածել։

Այլ խօսքով, հայակեդրոն, հայրենակեդրոն մտածողութիւնը ինքնաբերաբար պիտի առաջնորդէր հայկական արեւելումի քաղաքականութեան, որուն խորքը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պաշտպանութիւնն է եւ հայութեան ամբողջութեան հաւաքը ամբողջական Հայաստանի մէջ, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականով։

Նահատակ ընկ․ Զէյթլեան իր գործընկերներուն հետ դեռեւս վեց տասնամեակ առաջ խորքային նոր շունչ կու տար հայկական արեւելումի գաղափարին։ Հայաստան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան եւ ենթակայ էր այդ իշխանութիւններուն պարտադրած կաշկանդումներուն, ու, հակառակ գաղափարական եւ քաղաքական անհամատեղելի տարբերութեանց, յստակօրէն առաջնահերթութիւնը կը տրուէր Հայաստան հայրենիքին, համայն հայութեան հայրենիքին եւ անոր հզօրացման՝ անկախ այս երկրի վարչակարգէն։

Տասնամեակներ ամբողջ արեւելքի եւ արեւմուտքի, հիւսիս թէ հարաւի մնայուն պայքարներուն մէջ, ՀՅԴ-ին համար հիմնականը, ճիշդը եւ գերագոյն նպատակը եղած է՝ ապահովել հայութեան շահերը, համայն հայութեան հայրենիք Հայաստանի շահերը եւ աշխատիլ ու ձգտիլ ի խնդիր ամբողջական Հայաստանի եւ հայութեան։ Այսօր ալ նոյնն է հիմնական սկզբունքը։

Սարգիս Զէյթլեան անզիջող պայքարողը եղաւ այս հաւատքին, կուսակցական իր շուրջ քառասուն տարուան աշխատանքին մէջ՝ իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, տնօրէն, կոմիտէի անդամ թէ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ, կամ Բիւրոյի անդամ։

Հայկական արեւելումը խօսք չէր իրեն համար, այլ՝ նպատակ, գործունէութեան ուղեգիծ եւ ամէնօրեայ ապրում։

Եթէ ակնարկ մը նետենք՝ ընկ․ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան ու կեցուածքներու համայնապատկերին վրայ, իր նախաձեռնած աշխատանքներուն կամ իրագործած նպատակներուն վրայ, իր արտայայտած մտքերուն եւ որոշումներուն կայացման մէջ իր դերակատարութեան վրայ, անվարան պիտի տեսնենք, որ հայկական արեւելումի գաղափարը տեւական դաստիարութեան, կազմակերպական թարգմանութեան թէ գաղափարական արտայայտութեան առանցք կազմած է նահատակ ընկերոջ համար։

Հայկական արեւելումը կարիքը ունէր գաղափարական վերաթարմացման։ Ու Սարգիս Զէյթլեան եղաւ առաջատար դրօշակիրը այս ճիգին։

Գործնապաշտ մօտեցումէ անդին՝ գաղափարը հիմքը նկատեց քաղաքական որեւէ կեցուածքի։

Հայկական արեւելումի համար գաղափարական ենթահող պատրաստելու սերմերը ան տեսաւ երիտասարդութեան մէջ։ Ան պաշտեց երիտասարդութիւնը եւ լայն դռներ բացաւ անոր առջեւ։ Ամէն տեղ էր ան իր խրոխտ կեցուածքով՝ պատանեկան միութեան ժողովի թէ երիտասարդական միութեան մասնաճիւղային հանդիպումի, կամ բանակումի։ Արդարօրէն ցանեց երիտասարդութեան դաշտին մէջ, որպէսզի հայութիւնը քաղէ բերքը։

Հաւատաց համահայկական ճիգերուն, հաւատաց սփիւռքեան զանազան գաղութներու փոխադարձ գործակցութեան թէ սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան։ Հակառակ գաղափարական տարակարծութեանց՝ հայկական արեւելումի գերակշիռ արժէքին համար ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ոչինչ խնայեց հայկական միւս կուսակցութեանց հետ երկխօսութեան եւ գործակցութեան եզրեր գտնելու, եւ ասոր լաւագոյն արտայայտութիւնները եղան 1972-ին Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, Եղեռնի վաթսունամեակի համահայկական ոգեկոչումը, կամ լիբանանեան պատերազմին ընթացքին ցուցաբերուած համահայկական յանձնառու եւ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը եւ Լիբանանի հայութեան ինքնուորոյն որոշումի պահպանման համար ինքնապաշտպութիւնը։

Սարգիս Զէյթլեան նոյն նպատակաուղղուածութեամբ անհրաժեշտ նկատեց կազմաւորումը ազատ ու անկաշկանդ մտածողութեան տէր հայ մարդուն, որ ազատագրուած ըլլայ ստրկամտութենէն, տնտեսական թէ հոգեբանական շահագործումէ, եւ որ՝ կարենայ իր շրջապատին մէջ ստեղծել արժէքային հիմունքներով համակարգ, ուր, իր բառերով, անհրաժեշտ է՝ «Թօթափել մեր եսակեդրոն անհատապաշտութիւնը եւ փոխարէնը զարգացնել հաւաքական մեր գիտակցութեան ու գործունէութեան կամքը, ազգային միութեան եւ համազգային իտէալներու կենսագործման ի խնդիր հաւաքական մեր պայքարը»։ Մարդկայնացնելով ընկերվարութիւնը՝ ան հաւատաց ընկերային արդարութեան վրայ Հայաստանի մէջ հիմնուած հասարակարգին, որ ըլլայ հզօր, ամբողջական, ինքնիշխան, ժողովրդավար, եւ ուր պահպանուի հայկական ինքնութիւնը։

Գաղափարաբանական խոր պատրաստուածութեամբ այս հսկան ամէն բանէ վեր նկատեց հայ ժողովուրդի շահերը։

«Իզմ»-երէ անդին՝ ան հաւատաց հայութեան յաւերժութեան, եղաւ ազգայնական, երբեք՝ ազգայնամոլ, ազգայնականութիւնը վերածելով արմենիզմի՝ իբրեւ հայկական արեւելումի լաւագոյն գործիք։

Հաւատաց ուժին, հայութիւնը հաւաքական ուժի վերածելու հրամայականին։ Ընկերային արդարութիւններու, ազատ կամքի եւ հաւասարութեան խորապէս հաւատացող ընկերը յեղափոխական էր իր էութեամբ եւ խոր ջատագովը՝ յեղափոխական մտածողութեան, որ պիտի շրջէր՝ մեր ժողովուրդի պարտուողական հոգեվիճակը, անձնատուական տրամաբանութիւնը, անտարբերութիւնը, ազգայինէն դուրս խուսանաւումները, յուսալքութիւնն ու հիասթափութիւնը։ Յեղափոխական Ս. Զէյթլեան կը հաւատար զէնքին, զէնքը՝ իր տարբեր իմաստներով, գիր ու գրականութենէն մինչեւ ազատագրական զինեալ պայքար։ Հաւատաց ամէն զէնքի գործածութեան՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի նպատակներու իրագործման։

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին ներկայ էին ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին ոգին, հոգին ու գաղափարները, ներկայ էին ինք եւ իր օրուան գործընկերները։

Բայց ահաւորը, ներկայ էին մեր ժողովուրդը կործանումի եւ հայրենիքը թրքացումի տանող տուեալները։

Սարգիս Զէյթլեան չկրցաւ ապրիլ Հայաստանի անկախութիւնն ու Արցախի ազատագրումը։ Ու չտեսաւ Արցախի յանձնումը եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու պարտուողական, յանձնուողական ենթարկուածութիւնը թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին։

Վստահաբար, առաջինին պարագային, ան անվարան պիտի յայտարարէր՝ «Յաղթեցինք, բայց բաւարար չէ, պէտք է շարունակել պայքարը», իսկ երկրորդին պարագային պիտի ըսէր՝ «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր է, իշխանութիւնները կը մեկնին, հայկական արեւելումով պայքարինք Հայաստանի պահպանման ու Արցախի վերադարձին ի խնդիր»։

Ու ճի՛շդ պիտի ըսէր Սարգիս Զէյթլեան։

Այնպէս, ինչպէս ըսած էր խորհրդային օրերուն։

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ճգնաժամային այս օրերուն, որքա՛ն այժմէական են, դաստիարակիչ, ուսուցանող, գօտեպնդիչ եւ առարկայական ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի կարծիքները։

Ու միաժամանակ որքա՛ն պարտաւորեցնող՝ անոր առեւանգնման 40-ամեակին եւ մեր վերջին Ընդհանուր ժողովին ընթացքին տրուող որոշումներուն գործադրութեան կապակցութեամբ։

Պատմութեան մէջ ոչինչ փոխուած է։

Մեր թշնամիները կը մնան նոյնը. Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու համաթուրանականութիւնը։

Բարեկամներ չունինք։ Քաղաքականութեան մէջ առհասարակ չկան բարեկամութիւններ, կան միայն շահեր։

Տկար է ազգային հաւաքական միասնութիւնը։

Ու, հակառակ այս բոլորին, կայ Հայաստանի եւ հայութեան յաւերժութեան հրամայականը։

Պահանջը՝ պայքարելու կամքը վերարծած պահելու։

Հայկական արեւելումով պայքար։

Պարտուողականութեան դէմ պայքար։

Ազատ, անկախ, միացեալ, ինքնիշխան Հայաստանի համար պայքար։

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ինկաւ, որովհետեւ կը խանգարէր մեր թշնամիներուն ծրագիրները։

Ան գիտակցաբար ընտրած էր այդ ուղին։

Ինկաւ դաւադրաբար, հակադաշնակցական ձեռքերով։

Իրմէ առաջ ու իրմէ ետք ինկան ուրիշներ՝ թուրք եւ ազրպէյճանական ուժերու ձեռքերով։

Անոնց արիւնը կ՛ողողէ մեր հայրենի հողը, որ պիտի մերժէ ծնունդ տալ ու ապրեցնել թունաւոր բոյսեր կամ Թուրքիոյ համար պտղատու ծառեր։

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան մեր կուսակցութեան եւ հայ ժողովուրդի մտքին մէջ կը մնայ իբրեւ խրոխտ, խիզախ, համեստ, բծախնդիր, աննկուն կամքի տէր, գաղափարական, քաղաքական, կազմակերպական մարտիկ, Մուսա Լերան ժառանգորդ փոթորիկ։

Ու իբրեւ այս ձեռնարկին վերանորոգ ուխտ՝ այս սրահէն մեկնինք նոյնինքն Սարգիս Զէյթլեանի ռազմավարական թիրախը հիմնական նպատակի վերընձիւղումով՝ «Սեփական պետութիւնն է անխորտակելի զրահը։ Ամէն բանէ վեր են հայրենիքը եւ միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը։ Ահա՛ այն սրբազան իտէալը, որ իբրեւ բեւեռային աստղ՝ պիտի առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի յաւերժական հայութեան լուսապայծառ ապագան»։

Այո՛, սիրելի՛ հայրենակիցներ, ընկերուհիներ ու ընկերներ,

Կա՛մ արժանի ըլլանք այս ուղիին եւ պայքարինք հաւաքաբար անոր իրականացման համար, կա՛մ ընտրենք անձնասպանութեան ուղին, քանդենք հայութիւնը, կործանենք Հայաստանը եւ ազգովին գերեզմանուինք։

24 Մարտ 2025
Պուրճ Համուտ

«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը

«Պատմութիւն ասելով հիմնականում հասկանում ենք այն, ինչ տեղի է ունեցել անցեալում

16 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Մեր պատասխանը՝ գործն է

Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը լաւագոյն վկան է այն իրողութեան, որ ազգային իտէալներ

16 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Եվրոպայի

Բրյուսել աշխատանքային այցի շրջանակում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացո

15 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւա

Վարշաւայի անվտանգութեան ֆորումի շրջածիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարա

15 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Հանա Ջալո

Աշխատանքային այցով Բրյուսելում գտնվող՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայաց

14 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի համաշխարհային գործունէութիւն

«Հորիզոն» Մետիայի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Պէլեանի զրուցակիցն է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դ

14 Հոկտեմբեր 2026
Կեցցե՛ Փաշինյանի «ժողովրդավարությունը»

Նիկոլ Փաշինյանը բացարձակ անհանդուրժող է յուրաքանչյուրի նկատմամբ, որն իր հետ հա

13 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը Մանյատիսի հետ հանդիպ

Իշխան Սաղաթելյանը Մանյատիսի հետ հանդիպմանն անդրադարձել է Բաքվում պահվող հայ գե

13 Հոկտեմբեր 2026
Հետամուտ ենք լինելու Արցախահայության ս

Սեպտեմբերի 23-ին իմ նախաձեռնությամբ տեղի ունեցած, Էթնիկ զտման արդյունքում բռնի

13 Հոկտեմբեր 2026
Սիրանուշ Սահակեան Օթթաուայի մէջ գանատա

ՕԹԹԱՈՒԱ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հոկտեմբեր

13 Հոկտեմբեր 2026
Սիրանուշ Սահակեան Մոնթրէալի մէջ ներկայ

ՄՈՆԹՐԷԱԼ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հինգշաբթի

13 Հոկտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը և խմբակցության քարտուղար Ար

12 Հոկտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները հանդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար, Հայաստան-Իրան բարեկամական խմբի անդամ Աննա

12 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը Փարիզում հանդիպել է

Աշխատանքային այցով Փարիզում գտնվող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցի

10 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դամբան

Ստորեւ կը ներկայացնենք 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, Վանգուվըրի մէջ, հանգուցեալ ընկհ. Մ

10 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Ե

Թարգմանչաց տօնի նշումը դասական առումով մեր մղած ինքնութեան եւ մշակութային պատե

10 Հոկտեմբեր 2026
Փաշինյանը պատմական ճշմարտության խայտառ

«Չէի ցանկանա որևէ ռեպլիկ մեկնաբանել, բայց Բիշքեկում կայացած Փաշինյան-Պուտին հա

09 Հոկտեմբեր 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակ

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչա

09 Հոկտեմբեր 2026
Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափո

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած ազգայիններ յաճախ հարց

09 Հոկտեմբեր 2026
Ռոստոմի «Վնասակար տարրեր» տեսությունը.

«Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնուէր, տոկուն եւ անվճար գործու

09 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company