ՀՕՄ-ի 115-ամեակ. Տարիներ շարունակ ՀՕՄ-ը արցախահայութեան կողքին եղած է
05 Մայիս 2025
Այս տարի Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրման 115-ամեակը, 2025-ի Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ մեկնարկում պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի 115-ամեակի տօնակատարութեան։ Նախաատեսուած են շարք մը ծրագիրներ։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան այս եւ այլ աշխատանքներու ու ծրագիրներու մասին «Նոր Հայ Հորիզոն»ը զրոյց մը ունեցած էր Armenian Relief Society – Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի եւ Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի հետ:
Տարիներ շարունակ ՀՕՄ-ը արցախահայութեան կողքին եղած է եւ կը շարունակէ օգնել յաղթահարելու դժուարութիւնները. այսօր ալ իր բազմաթիւ ծրագիրներով կ’օժանդակէ տեղահանուած արցախահայութեան՝ ոտքի կանգնելու։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը տեղահանուած բազմազաւակ ընտանիքներու համար է, որոնք կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ։ Այս ծրագրին մեկնարկով ՀՕՄ-ը նպատակ ունի օժանդակել տեղահանուած ընտանիքներուն, որպէսզի անոնք իրենց ապագան կապեն Մայր Հայաստանի հետ։
ՀՕՄ-ը իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործուն աշխատանք կը տանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ: Իսկ 1998-էն ի վեր, կ’անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC): Վերջերս ՀՕՄ-ի ԿՎ պատուիրակութիւնը մասնակցած է ՄԱԿ-ի Կանանց Իրավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ խորհրդաժողովին՝ ներկայացնելով Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւնները։
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով.