Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
08 Մայիս 2025
Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած «Ժամանակը հասած է» ցանկի անդամները` գլխաւորութեամբ Օկիւսթ Պախոսի: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին նաեւ շրջանի ընտրուած թաղապետներ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընտրական-քաղաքական մարմինի անդամներ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած եւ ընտրուած Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մեսրոպեան եւ թաղապետ Մհեր Արոյեան:
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան յայտնեց, որ ցանկին ամբողջական յաղթանակը հետեւանք է դաշնակից եւ ցանկի տեսլականին աջակից կողմերուն թափած հաւաքական ճիգին` շրջանը բարգաւաճեցնելու նպատակով: Ան նաեւ նշեց, որ շրջանի բնակիչներէն ցանկին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը զայն կը դնէ մեծ պատասխանատուութեան առջեւ` առանցք ունենալով քաղաքապետական աշխատանքի աշխուժացման կարեւորութիւնը եւ շրջանի բարգաւաճման կարիքներուն ընդառաջելը:
«Ժամանակը հասած է» ցանկը գլխաւորող Օկիւսթ Պախոս շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան, այլ քաղաքական ուժերու եւ բնակիչներուն կողմէ ցանկին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար, ան նաեւ իր հիացմունքը արտայայտեց Դաշնակցութեան ընտրական մեքենայի ճշգրտութեան եւ արդիւնաւէտութեան նկատմամբ: