Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդունեց Բանաձեւ Մը՝ Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան
08 Մայիս 2025
Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մը՝ ի յիշատակ հայոց ցեղասպանութեան, վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը ապագայ սերունդներուն յստակ կրթութիւն շնորհելու, մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւնները կանխարգիլելու նպատակով։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ քաղաքային խորհուրդի անդամ Չարլզ Ալըն եղած է նախաձեռնութեան առաջատարն ու մտայղացման պաշտպանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առթիւ։ Քոլումպիա րջանի հարեւանութեան հարցերու խորհրդատուական յանձնախումբի նախագահ Մեթիու Ճիրարտի խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ալընի, նմանօրինակ հիմնարար քայլի միաձայն բանաձեւումին համար։
Նոյն յանձնախումբը ահազանգ հնչեցուց՝ ուղղուած կրթութեան պետական վերահսկիչ գրասենեակին, կոչ ընելով ապահովելու ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ամուր եւ ընդգրկուն կրթական ծրագիր մը, հանրային բոլոր վարժարաններուն համար։