Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ներ)ը
14 Մայիս 2025
1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն շարունակական ժխտումի եւ ոչնչացումի քարոզարշաւներուն։ Վերջերս, Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած արցախահայութեան ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային զտումը արձանագրուած էին ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ընդմիջումի ճամբով տարածուելով ընկերային ցանցերով։ Սակայն, նոյն «քաղաքակիրթ» աշխարհը, որ ճանչցած էր 1915ի Ցեղասպանութիւնը եւ բազմիցս խոստացած՝ «այլեւս երբեք», կանգ առաւ եւ դիտեց, երբ Արցախը դատարկուեցաւ իր բնիկ հայ բնակչութենէն։ Անգամ մը եւս «քաղաքակիրթ» աշխարհի տնտեսական շահերը, առեւտրական ճամբաները եւ նաւթատարները աւելի կարեւոր նկատուեցան, քան՝ մարդու իրաւունքները, բնիկ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը ու իրենց պատմական հողերուն վրայ ազատ ապրելու իրաւունքը։
Այս վերջին Ցեղասպանութիւնը նոր չէ, այլ՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է՝ նոյն նպատակներով. փանթրքական ձգտումներ՝ ստեղծելու նոր թրքական կայսրութիւն մը՝ որ կ՛երկարի Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա՝ սնունդ առած նոյն ատելութեան հռետորաբանութեամբ եւ կրօնը գործածելով իբրեւ միջոց ծայրայեղականները շարժումի մէջ դնելու՝ ընդդէմ իրենց միակ արգելքին՝ Հայաստանին։
Փանթուրքիզմը ծագեցաւ 19րդ դարու վերջաւորութեան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, իբրեւ քաղաքական շարժում՝ միացնելու համար Կովկասի, Վոլկա-Ուրալի, Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական ժողովուրդները, ստեղծելու համար մեծ Թրքական կայսրութիւն մը։ Անիկա լրջօրէն ազդեց թրքական ազգայնականութեան եւ ազգային գիտակցութեան վրայ, եւ այսօր ալ անիկա կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ Թուրքիոյ մէջ։
Այսպէս, Հայոց Ցեղասպանութիւնը երբեք չէ աւարտած. անիկա Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 20րդ դարու ընթացքին շարունակուած է տարբեր ձեւերով՝ զանգուածային սպանութիւն, ցեղային զտում, ժխտում եւ մշակոյթի ոչնչացում, իսկ 21րդ դարու առաջին քառորդին,անիկա նոյն ձեւով Արցախին մէջ շարունակուած է։
Նոյնպէս, փանթրքական ծրագիրը երբեք չդադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ եւ անիկա մինչեւ այսօր կը շարունակէ սպասարկել՝ գլխաւոր պատճառը հանդիսանալով թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն համար գործադրելու Հայոց Ցեղասպանութիւն(ներ)ը՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա իրենց ճամբան բանալու համար, եւ այս պատճառով է որ Ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան 20րդ եւ 21րդ դարերու Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրողներն են։ Անոնք կը մերժեն ընդունիլ իրենց ոճրային պատասխանատուութիւնը եւ կը ղեկավարեն ատելութեան, ժխտումի եւ ոչնչացումի քարոզարշաւները։
Կան նաեւ մեղսակիցներ, որոնք յաճախ գառնուկի կերպարանքով կը ներկայացնեն իրենq զիրենք, սակայն իրենց վարքով անոնք գայլեր են։ Անոնք կը փորձեն նսեմացնել կատարուած ոճիրներուն ծանրութիւնը։ Անոնք կը քաջալերեն հայերը մոռնալ անցեալը, երթալ յառաջ եւ արդարութիւն, փոխհատուցում կամ բռնագրաւուած հայկական հողերու վերադարձ չպահանջել, ինչպէս յստակացուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի կողմէ։
Այս մեղսակիցներուն շարքին կան միջազգային եւ տարածաշրջանային ուժեր, կառավարութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ ընկերութիւններ, որոնք Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի պետութիւններուն հետ տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական շահեր ունին։ Կան նաեւ անհատներ, որոնք դրամական, իշխանական կամ համբաւի անձնական շահեր կը հետապնդեն։
Արդ՝ Ցեղասպանութիւնը ժխտողները եւ անոր մեղսակիցները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը նպաստեն փանթրքական քաղաքականութեան ու կը շարունակեն ցեղասպանութիւնը՝ ի վնաս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին։
Դժբախտաբար, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները եւս մեղսակից են. անոնք կը մերժեն Արցախի պաշտպանութիւնը, կը վարեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը խաղաղեցնելու քաղաքականութիւնը եւ կը զիջին անոնց պահանջներուն դիմաց։ Անոնք գործուն եւ յարձակողական կերպով Հարաւային Կովկասի մէջ կը խթանեն փանթրքական եւ «քաղաքակիրթ» աշխարհին օրակարգը։ Եթէ իրենք անկեղծօրէն կը կարծեն, որ այս յառաջացումները Հայաստանի Հանրապետութեան համար օգտակար են, եթէ իրենց անձնական շահերը առաջնահերթ կը նկատեն՝ արդիւնքը նոյնն է՝ փանթուրքիզմի յառաջխաղացում եւ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւն։
Բարեբախտաբար, Սփիւռքը միացած է եւ այս հարցերուն մէջ հաստատակամ է՝ Արդարութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան համար, ներառեալ փոխհատուցում եւ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերու ազատագրում. արդարութիւն Արցախի ժողովուրդին, իրենց բնիկ հողերը ապահով կերպով վերադառնալու եւ ինքնորոշման իրաւունքով. արդարութիւն հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն, որոնք անօրէն կերպով կը պահուին Պաքուի մէջ, անոնց ազատ արձակումով եւ վնասներու հատուցումով։
Ի՞նչ կը մնայ. Հայաստանը եւ Սփիւռքը պէտք է միանան եւ գործեն միասին՝ ի շահ այս համահայկական օրակարգին։ Պէտք է միացնենք մեր ուժերը, Հայաստանի եւ հայ ազգի ապահովութեան եւ արդարութեան համար մեր պայքարը շարունակելու։
Վերջապէս, մենք միայն ցեղասպանութիւն վերապրողներու ժառանգորդները չենք։ Մենք Սերոբ Աղբիւրի եւ Գէորգ Չաւուշի, Արամ Մանուկեանի եւ զօրավար Դրոյի, Արմէն Գարոյի եւ Ահարոն Սաչագլեանի, Թաթուլ Կրպէեանի եւ Շահէն Մեղրեանի, Պետոյի եւ Բեկորի եւ բազմաթիւ այլ հայ հերոսներու ժառանգորդներն ենք…