ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

14 Մայիս 2025

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէջ, որպէսզի ժողովուրդը չմոռնայ իր «սխրանք»ները եւ անոնց կերտումին մասնակիցները, զանոնք գովաբանողները, քարոզողնե՛րը:

Հնարքներէն մէկը՝ «Հանրային հեռուստակայան» կոչուող պատկերասփիւռի պատուհանին օր-աւուր օգտագործումն է՝ իշխանութեան անցեալի եւ շարունակուող ձախաւերութիւնները, վնասարարութիւնը քողարկելու, զանոնք իբրեւ դրական իրագործում ներկայացնելու համար: Իբրեւ «գործիք» կը ծառայեն իշխանութեան շահակիցները (մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ) եւ դրածոյ-պաշտօնակատարները: Եւ պատահական չէ, որ կարգ մը «դէմք»եր որոշ հերթականութեամբ ու պարբերականութեամբ հարցազրոյցի կը բերուին, հանրութեան ուղեղներն ու յիշողութիւնը, պատմութեան մասին գիտցածները շոգիացնելու, բթացնելու նպատակով:

Այդ «հերոսներէն» մէկը կը կոչուի Արծրուն Յովհաննիսեան, որ հռչակաւոր դարձաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, հանրութիւնը ամէն օր «յաղթելու ենք»ներով (եւ մարդիկ ամբողջ հոգիով հաւատացին թէ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ), մինչեւ որ սուտին փուչիկը պայթեցաւ եւ դաժան ու սարքովի պարտութիւնը ծանր ապտակի պէս իջաւ իւրաքանչիւր հայու երեսին: Հարուածին ցաւը զգացին բոլոր անոնք, որոնք Արցախն ու Հայաստանը կը նկատէին – եւ կը նկատեն – հայապատկան, հիմնաքար-մեկնակէտը՝ մեր բոլոր իրաւունքներուն կենսագործման: Մնացեալին մասին խօսիլ չ’արժեր:

Ստախօս վարչախումբին այս բանբերը յետոյ պահ մը՝ կարճ ժամանակ մը հեռու մնաց հրապարակէն, ապա ի յայտ եկաւ, որ բանակայիններու դաստիարակութեան մարզին մէջ պատասխանատու պաշտօնի կոչուած է, աւելի ուշ, սկսաւ յաճախ երեւիլ պատկերասփիւռի յիշեալ կայանէն եւ ամբողջ ուժով, գիտցածով-չգիտցածով լծուեցաւ իշխանախումբին ի նպաստ քարոզարշաւի: Անոր նորագոյն «փայլատակումները» տարածուեցան քանի մը օր առաջ, Բ. Աշխարհամարտի իրադարձութիւնները մեկնաբանողի պատմուճանով, իբրեւ թէ պատմական խեղաթիւրումները ուղղելու եւ ժողովորդը ուղեղալուացքէ փրկելու մօտեցումով:

Խելամիտ հայուն համար, կայ երկու հարց. նախ այն, որ ձախաւերութեան բանբեր մը, մասնակից մը ինչպէ՞ս կրնայ պատասխանատու պաշտօնի վրայ պահուիլ, յետոյ, զանգուածը ինչպէ՞ս կրնայ հանդուրժել խաբեպատիր-խեղաթիւրող քարոզչութիւնը: Այս վիճակը չ’արդարանար ըսելով, որ ժողովուրդը շա՜տ աւելի ահաւոր եւ վնասարար «շքերթ» մը կը հանդուրժէ, Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ հողերու կորուստէն ետք, կարծէք թէ տրամադիր է նոր կորուստներ հանդուրժելու, մինչեւ իսկ Սահմանադրութեան եւ այլ էական արժէքներու կորուստը կուլ տալու…

***
Արծրուն Յովհաննիսեանի եւ անոր պատուիրատուներուն ըսած-չըսածին մասին երկար խօսելու նպատակ չունինք, ո՛չ թէ անոր համար, որ շա՜տ երկար սիւնակներ պէտք է արձանագրել՝ ստաբանութիւններն ու իրականութիւնները ծուռ հայելիի մէջ ներկայացնելու «հնարքները» հերքելու, ուղղելու համար, այլ որովհետեւ վերջին օրերուն, հայրենի բանիմաց պատմաբաններ, քաղաքական դէմքեր եւ, մէկ խօսքով՝ սուտը մերժողներ բաւական սպառիչ բացատրութիւն տուին պատմութեան հոլովոյթին մասին, ցոյց տուին, որ ան ինչպէ՛ս վերիվայր կը շրջէ փաստերը, քանի մը վայրկեանի տարբերութեամբ, եւ ինչպիսի՜ «հմտութեամբ» ինքզինք կը հակասէ: Անմիջապէս աւելցնենք, որ սա միայն այս արարածին մենաշնորհը չէ, այլ բոլոր ՔՊ-ականներն ու անոր կողքին քալողները վարակուած են իրենց շէֆ-ին նոյն «արժանիքներով»:
Այս սիւնակին մէջ կ’ուզենք եղածը դիտել տարբեր անկիւնէ եւ յիշեցնել, որ հայրենիքին ու ժողովուրդին դաւաճանողները միայն ՔՊ-ականներու շարքերէն չեն ծնիր, անոնց նմանները կան այլ երկիրներու, գերպետութիւններու մէջ, որոնք կը մնան խարանուած (եւ բնականաբար չ’արդարանար նման շահամոլներէ օրինակ վերցնելը): Աղաղակող եւ պատմական օրինակ մըն է Օլիվըր Նորթ անունով ամերիկացի զինուորականը, որուն անուան կապուած է «Իրան-Քոնթրա» կոչուած գայթակղութիւնը:

Ո՞վ է Նորթ, ի՞նչ էր Իրան-Քոնթրա-ն:

70-ական եւ 80-ական տարիներու աշխարհի ելեւէջները յիշողները վստահաբար չեն մոռցած «աշխարհացունց» այդ դէպքերը (պայմանաւ, որ չեն վարակուած «Նոր Հայաստան եւ համապատասխան նոր պատմութիւն» ախտով):

Պատմութիւնը շա՜տ երկար է. շահեկան է միայն արձանագրել, եւ ամփոփ կերպով, որ Իրանի սերտ դաշնակից Միացեալ Նահանգները՝ Շահին զէնքի գլխաւոր մատակարը (եւ Իրանը պաշտօնապէս կողոպտողը, ինչպէս որ Թրամփ եւ նախորդները հիմա կ’ընեն Ծոցի երկիրներուն մէջ) օր մը «երես դարձուց» իր զինակիցէն, որ տապալեցաւ ու երկրէն հեռացուեցաւ Այաթոլլա Խումէյնիի յեղափոխութեան ճամբով: Երէկի դաշնակիցները դարձան ոխերիմ հակառակորդներ: Օրուան նախագահը՝ Ճիմի Քարթըր որոշեց զէնք չծախել Իրանի: Թեհրանի ամերիկեան դեսպանատունը գրաւուեցաւ «Յեղափոխութեան պահակներ»ու կողմէ եւ աւելի քան 50 պաշտօնատար պատանդ պահուեցան մօտաւորապէս 1.3 տարի, դարձան… Քարթըր-Տանըլտ Ռեկըն ընտրապայքարի գլխաւոր խաղաքարտերէն մէկը եւ ազատ արձակուեցան՝ Ռեկընի Սպիտակ Տուն մուտքի օրերուն:

Կարճ ատեն մը ետք, ամերիկացի «խելամիտներ» (այսինքն՝ զէնքի վաճառորդներ) յանկարծ իմաստնացան եւ տեսան, որ քարիւղով հարուստ Իրանին զէնք չծախելը այդքան ալ շահաւէտ բան չէ (այդ գործօնը, ի շարս այլոց՝ զգալի է նաեւ այսօր, երբ ամերիկացիք եւ իրանցիք բանակցութիւն կը վարեն): Եւ ահա, իբրեւ թէ Ռեկընէն գաղտնի՝ խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մշակեցին «հնարամիտ ծրագիր» մը, երկու թռչուն մէկ քարով զարնելու դիտաւորութեամբ: Անոնք սկսան «սեղանին տակէն» զէնք հասցնել Իրան, զայն համոզելու՝ որ Լիբանանի մէջ (կարճ ատեն մը առաջ ուշագրաւ ուժ դարձած) «Հըզպալլա»ն համոզեն, որպէսզի ազատ արձակէ ամերիկացի պատանդներ: Զէնքերը տեղ հասան, փոխարժէքն ալ ի՛ր տեղը հասաւ եւ օգտագործուեցաւ երկրորդ թռչուն մը որսալու համար: Նիքարակուայի մէջ, ամերիկացիներուն դրածոյ-դաշնակիցը՝ Սոմոզա, իշխանութիւնը կորսնցուցած էր համայնավարական գունաւորումով ծանօթ՝ սանտինիսթներու յեղափոխութենէն ետք, ուրեմն, Իրանէն շահուած գումարները օգտագործուեցան սանտինիսթներուն դէմ պայքարին համար:

Կրկնակի գայթակղութեան «դդումը» պայթեցաւ Վիեթնամի պատերազմի վեթերաններէն՝ Օլիվըր Նորթի գլխուն, որ Ազգային Ապահովութեան անձնակազմի մէկ անդամն էր եւ բանալի դեր խաղացած էր զուգահեռ գործառութիւններուն մէջ: Քննութիւն բացուեցաւ եւ ծալք-ծալք քակուեցան գայթակղութեան մանրամասնութիւնները: Ի յայտ եկաւ, որ «գործողութեան» ուղղակի կամ անուղղակի մասնակից եղած են պաշտպանութեան նախարար Քէսփըր Ուայնպըրկըր, արտաքին գործոց նախարար Ճորճ Շուլց, Ճորճ Պուշ (հայր) եւ ուրիշներ: Պոչը հասաւ նախագահին, սակայն ան զերծ մնաց հետապնդումէ: Մեղադրեալները դատապարտուեցան, աւելի ուշ՝ Ճորճ Պուշ իր նախագահութեան վերջին օրերուն ներում շնորհեց բոլորին, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, ինք ալ կար մեղսակիցներու ցանկին վրայ:

Յետոյ ի՞նչ: Յետոյ մեղադրեալներն ու անպարտ հռչակուածները պաշտօնի բերուեցան, Նորթ դարձաւ… ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի («Ֆաքս»ի) մեկնաբան, իշխանաւորներու քարոզչութեան մէկ շեփորը: Ան մինչեւ իսկ ժպրհեցաւ 90-ականներուն թեկնածու ներկայանալ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն (հապա՜, կը կարծէիք որ միայն Հայաստանի՞ մէջ վատահամբաւները նման պաշտօններու կը յաւակնին եւ… կը հասնին), ձախողեցաւ, յետոյ դարձաւ Հրացաններու Ազգային ընկերակութեան (ամերիկեան քաղաքական կեանքի մէջ շատ ազդեցիկ կազմակերպութիւն) նախագահը…
***
Ինչպէս նշեցինք, Իրան-Քոնթրա երկակի գայթակղութիւնը իր անմոռանալի տեղը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նորագոյն պատմութեան մէջ (եւ հոն կան մարդիկ, որոնք նախկիններու-նորերու, պատմական եւ նոր հայրենիքի երգերով չեն զբաղեցներ հանրութիւնը): Մեղադրանքները կարճ ատեն ետք հանուեցան, բայց խարանը մնաց:

Ինչո՞ւ յիշեցինք Նորթն ու այդ օրերու «խունթա»ն (որ Նիքարակուայի մէջ ուրիշ խունթայի մը պաշտպանն էր. մոռնանք նաեւ, թէ սանտինիսթներու ղեկավարը՝ Նորիեկա, ինչպիսի՜ դիմաշրջումներ կրեց): Ցոյց տալու՝ որ հզօր Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ ատենին (նաեւ այսօր) կան գայթակղութիւններ սարքողներ, որոնց նպատակը իբրեւ թէ իրենց հայրենիքին ծառայելն է, հոգ չէ թէ այդ կ’ընեն ընկալեալ օրէնքներու ոտնակոխումով, իբրեւ թշնամի ճանչցուածներու հետ գործակցութեամբ (արդա՞րօրէն թէ անտեղի կերպով՝ այլ հարց), յանցաւոր կը նկատուին, յետոյ կ’արդարանան… պաշտպանելաներու ձեռքով: Արծրուններ եւ նման բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարբեր ընթացք չունին, սակայն անոնք մինչեւ իսկ զերծ են տարրական հետապնդումէ, հոգ չէ թէ օր-ցերեկով աղաղակող ապօրինութիւններ կ’ընեն, ազգը կը խաբեն, ժողովրդավարութեան քողի տակ մինչեւ իսկ ոճիրներ կը գործեն: Նորթերու գայթակղալի գործունէութիւնը, յամենայնդէպս, չի հասնիր հայրենիքի հողերու կորուստի կամ ժողովուրդի թշուառացման:

Բաղդատութեան եզրեր չկան, սակայն ապօրինութիւններու եւ հայրենավնասութեան մէջ դասակարգումները աղաղակող են: Մեր պարագային, ՔՊ-ական խունթային հասցէին չքմեղանքներն ու անպարտ թողուիլները չեն կրնար երկար հանդուժուիլ:

Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Հայերի կարծիքով՝ միայն իրենք են անմիաբ

Հայերը հաճախ գանգատվում են, որ իրենք պառակտված ազգ են՝ սխալմամբ կարծելով, որ մ

13 Մայիս 2025
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քնն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց

13 Մայիս 2025
Ո՞վ է տիրական ուժը ԱՄՆ -Իրան բանակցութ

Թրամփեան վերջնագրի պայմանաժամը կ՚աւարտի այսօր, Մարտի 12-ին։ Յիշեցնենք, որ

13 Մայիս 2025
Իսրայէ՞լ… Մարդկային օրենքնե՞ր

Իսրայէլի նախագահը՝ Իցհակ Հերցոկ, Երկուշաբթի, 12 Մայիսին Պերլին այցելեց, նշելու

13 Մայիս 2025
ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհնարի

2025 թ․ Մարտ 13-ին, ըստ էութեան մերժելով պաշտօնական Երեւանի՝ համատեղ յայտարարո

12 Մայիս 2025
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company