Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի
17 Մայիս 2025
15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Քրիստինէ Վարդանեանը։
Հանդիպման ներկայ էին՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ տիկին Նորա Արուշեանը եւ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեանը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ներհայաստանեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առընչուող հարցեր։
Անոնք նաեւ անդրադարձան հայութեան դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ