Տեսակցութիւն՝ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Հետ
03 Հունիս 2025
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Շաբաթ, Մայիս 31-ին, Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն, իր կեդրոնատեղիին մէջ, հիւրընկալեց Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը։
Քննարկուեցան շրջանի գաղութներու ներկայ իրավիճակը եւ ընդհանրապէս մարտահրաւէրները, որոնք կը դիմագրաւեն թէ՛ սփիւռքը եւ թէ՛ հայրենիքը։ Զրոյցներուն ընթացքին շեշտուեցաւ միասնութեան, աջակցութեան եւ համագործակցութեան հրատապ կարիքը՝ երկարաժամկէտ համայնքային զարգացման տեսլականով։ Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնը փոխանցեց Կեդրոնական Կոմիտէին՝ յառաջիկայ աշխատանքներուն համար, միաժամանակ ընդգծելով, թէ հայ եկեղեցին եւ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը մէկ ամբողջութիւն են՝ երկու թեւերով, որոնք միասին կը գործեն հայ ժողովուրդին համար։
Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան վերահաստատեց Սրբազան Հօր պատգամը՝ նշելով, թէ Երեւանի որդեգրած վտանգաւոր քաղաքականութիւնը ժխտական՛ազդեցութիւն կ՛ունենայ համայնքներուն վրայ եւ շեշտեց, թէ պէտք է ճկունութիւնն ու տոկունութիւն կիրարկել՝ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։
Հուսկ, կրկին շեշտուեցաւ, թէ յատկապէս ապագայի սերունդին համար, համագործակցութիւնը կարեւորագոյն դեր ունի հայ ինքնութեան պահպանումին եւ անոր երաշխաւորման մէջ։