Հալէպահայութիւնը համախումբ շարքերով տօնախմբեց ՀՀ անկախութեան կերտման 107-ամեակը
03 Հունիս 2025
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՀՈՆ, ՈՒՐ ՄԵՆՔ Կ՚ԸՆՏՐԵՆՔ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՌԱԿՏՄԱՆ ՓՈԽԱՐԷՆ, ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆԳԻՏՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ»
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 107-ամեակի տօնախմբութիւնը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Կաթիղիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւեստիսեան եւ հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Ազգ. իշխանութեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը։
Տօնախմբութիւնը սկսաւ Հայաստանի և Արցախի զոյգ քայլերգներով, կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Ժամկոչեան ու ըսաւ. «107 տարի առաջ հայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Արամ Մանուկեանի շուրջ, հայ ժողովուրդի պայքարը պսակուեցաւ հայոց Ազգային Խորհուրդին կողմէ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեամբ։ Վեց դարերու խաւարէն ետք հայրենիքի անկախութիւնը կերտող փաղանգը հնչեցուց յաղթանակի շեփորը, ծածանեց եռագոյն դրօշը և հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան էջերուն ոսկեայ տառերով արձանագրեց լուսաւոր ու փառապանծ էջ մը»։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՍԵՄ-ի երիտասարդներէ կազմուած երգչախումբը՝ փունջ մը հայրենասիրական երգերով ոգեւորելով ներկայ հանդիսութիւնը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Գահքէճեանի։
«Կիւմրի» հայկական պարով բեմ բարձրացան Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբէն խումբ մը փոքրիկներ, ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ՝ Լիլիթ Նալպանտեանի եւ Ալիսա Լախոյեանի։
Ընթացքին բեմավար Սարգիս Սարգիսեան արտասանեց Միքայէլ Վարդանեանի, Յովհաննէս Քաջազունիի, Լեւոն Շանթի, Յովհաննէս Թումանեանի և Գէորգ Գանտահարեանի Հայաստանի առաջին անկախութեան խորհուրդը ամփոփող խօսքերէն հատուածներ։
Օրուան բանախօս Ներսէս Պարսումեան նախ համառօտ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան նախորդող աշխարահաքաղաքական պայմանները եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ապա անդրադարձաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, հայութեան միասնական պայքարին, լուսարձակի տակ առաւ Արամ Մանուկեանի կերպարը, որպէս մարտունակ ու հայրենասէր ղեկավար, ապա Հայաստանի պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ համարեց.
1. Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի ամրագրումը,
2. Ազգային միասնականութեան վերակերտումը,
3.Արտաքին ճկուն քաղաքականութիւնը՝ առաւելագոյն օգուտը քաղելու աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն:
Պարսումեան դիտել տուաւ, որ «Հզօր Հայաստանի կերտման ճամբուն
իւրաքանչիւր հայ ներդրում պէտք է ունենայ իր մտածումով, ստեղծագործութեամբ ու աշխատանքով։ Հայաստանի յաղթարշաւը կը սկսի հոն, ուր մենք կ՚ընտրենք միասնութիւնը պառակտման փոխարէն, գիտութիւնը՝ անգիտութեան, հաւատքը՝ յուսահատութեան:
Եթէ կ’ուզենք արժանավայել եւ բոլորիս ցանկացած հզօր Հայաստանը տեսնել, մեր հայրենիքին ղեկը ստանձնող որեւէ իշխանութիւն պարտաւոր է վճռահատել ազգային քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները: Ուստի հարկ է՝
1-Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը վերադարձնել ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ։
2- Հայաստանի ժողովուրդին համար գերխնդիր դարձնել Արցախի օրակարգին շուրջ համախմբումը։ Նոյն օրակարգով անյետաձգելի պէտք է նկատել Պաքուի կողմէ դաւադրաբար գերեվարուած արցախցի մեր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը։
3-Հակազդել Ազգային արժեհամակարգին դէմ սանձազերծուած ապազգային արշաւին՝ ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով երիտասարդ մեր սերունդներուն»։
Սուրիոյ Երիտասարդական Միութենէն Համազասպ Շաքարեան, Արինա Պօշկէզէնեան եւ Մարինէ Պալապանեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ներկայացուցին 28 Մայիսի արժէքը պանծացնող քերթուածներու համադրում մը, որմէ ետք Համազգայինի «Շուշի» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ «Արցախ» պարով։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, որ ըսաւ․
«Անկախութեան հերոսները իրենց արիւնը թափեցին հանրապետութիւն պարգեւելու մեզի, ուստի այդ գիտակցութեամբ ապրինք ու պարզապէս տօնական օրերուն չյիշենք այս յաղթանակը։ 107 տարի ետք, մեզմէ իւրաքանչիւրը, ի՛նչ դիրքի եւ պաշտօնի վրայ ալ գտնուի, պարտաւորութիւններ ունի մեր հայրենիքին, ազգին ու մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ։ Այս գիտակցութիւնն է որ կը պակսի մեզի։ Կը մաղթեմ, որ այս տօնակատարութեան խորհուրդին ընդմէջէն մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ առաջին հանրապետութիւնը ստեղծող համեստ ու արի մարդոց գիտակցութեամբ բոցավառի ազատութեան եւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ սէրն ու յարգանքը։ Թեւ թիկունք կանգնինք իրարու ու այս գիտակցութեամբ ընթանանք յանուն հայրենիքին տարուած մեր գործերուն ու մեր
յարաբերութիւններուն մէջ՝ միեւնոյն ատեն մեր ծննդավայրին հաւատարմութիւն ցուցաբերելով, որովհետեւ եթէ հաւատարիմ ես այն երկրին, որուն բարիքները կը վայելես, հաւատարիմ կ՛ըլլաս նաեւ հայրենիքիդ ու Աստուծոյ։ Այս պահուն, կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ իմաստութիւն եւ ճկունութիւն տայ իշխանութեան գլուխը գտնուող մեր բոլոր ղեկավարներուն, պատասխանատուներուն ամէն մակարդակներու վրայ, որպէսզի ճիշդ ժամանակին ճիշդ որոշումներ գոյացնեն եւ ճիշդ մարդիկ դնեն պաշտօնի վրայ ու մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ գերագոյն շահերը նկատի ունենալով միասնութեան ոգիով գործեն, ոչ թէ բաժան-բաժան դարձած, իրարու դէմ ելլելով։ Աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի առաջնորդէ մեր քայլերը, մեր հայրենիքը իր ամբողջականութեան մէջ վերագտնէ իր հզօրութիւնը, Արցախը վերադառնայ եւ համայն հայութեան երազանքը կատարուի», ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը։
Աւարտին Լիբանանէն ժամանած ազգային-յեղափոխական երգերու սիրուած մեկնաբան Ղազար Քէօշկէրեան տօնախմբութեան մթնոլորտը խանդավառեց ազգային-յեղափոխական երգերով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ լիբանանահայ արուեստագէտ Սեդօ Պաղտասարեանի։ Երիտասարդներ, պատանիներ ու մանուկներ Հայաստանի, Արցախի ու Սուրիոյ դրօշները միացան երգիչին։
Քարէն Գատէհճեան