Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրնական վարչութեան յայտարարութիւնը
16 Հունիս 2025
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ արձանագրուող վերջին իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն, որոնց կիզակէտը դժբախտաբար Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին է։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տուեալ պահուն մարմնացումն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատմական, ազգային եւ կրօնական առաքելութեան։ Վեհափառին անձին դէմ արձանագրուող իւրաքանչիւր կեցուածք եւ հասցէագրուած վերագրում՝ խորքին մէջ հարուած մըն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան եւ Մայր Աթոռին։
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը՝ թարգմանը հանդիսանալով իր հազարաւոր անդամներուն, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ թշնամին կանգնած է հայրենիքին դարպասներուն, կոչ կ՛ուղղէ՝ հրաժարելու մեր ազգին միասնականութիւնը վտանգող ազգավնաս քայլերէ, ինչպէս նաեւ՝ կ՛ակնկալէ, որ խոհեմութեամբ եւ զգօնութեամբ դէմ դրուի առաջին հերթին մեր հայրենիքին գոյութեան վտանգներուն դէմ, փոխանակ քաղաքական ակնյայտ հաշիւներով երկպառակութիւն սերմանող քայլերու։ Պահը ամբողջ հայութիւնը կը պարտաւորեցնէ ըլլալ խոհեմ եւ հեռատես, յատկապէս՝ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնց առաջնահերթութիւնը այս հանգրուանին գլխաւորաբար պէտք է ըլլան մեր ազգին եւ պետութեան գոյութեան սպառնացող վտանգներուն վնասազերծման գործողութիւնները։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իր համահայկական կառոյցով, ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ կոչ կ՛ուղղէ ազգային համախմբման եւ ուժերու միաւորման՝ ի շահ համայն հայութեան, Հայաստանի պետութեան եւ Արցախի վերատիրացման։
Հ.Օ.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ