Ակնարկ. Առանձին ահազանգերը վերածել համանուագի
26 Հունիս 2025
Աշխարհի բեմերը նուաճող Հայաստանի պետական նվագախումբը
25 Յունիսը նոր «նուաճում» մը արձանագրեց Հայաստանի ՔՊ-ապետին ու իշխանականներուն տարեգրութեանց մէջ: Ընդդիմադիր ղեկավարներու, նահատակներու ընտանիքներու եւ Հ.Յ.Դ.-ի ու այլ կուսակցութեանց անդամներու դէմ հալածանքի, տուներու խուզարկութեան, կալանաւորման եւ շինծու՝ կաթիլ մը ջուր չվերցնող մեղադրանքներու նոր «ջրհեղեղ» մը ծայր տուաւ: Մանրամասնութիւնները ողողեցին լրատու աղբիւրներու պաստառներն ու էջերը:
Ֆրանսախօսը պիտի ըսէր. Déjà vu, այսինքն՝ յաճախ տեսնուած բան: Փաստօրէն, նման հալածանք ու հետապնդում ո՛չ աննախընթաց է, ո՛չ ալ անկրկնելի, այնքան ատեն որ…
Ու բնական է, որ ընդդիմադիր ու չէզոք մեկնաբաններ այս բոլորին մէջ տեսան իշխանաւորներուն սարսափահար ու անկայուն վիճակին մէկ – ո՛չ միակ – արտայայտութիւնը: Քիչեր յիշեցին, որ նախընթացները ընդհանրապէս անփառունակ վախճանի հասած են, մեղադրանքները չեն փաստուած, ձերբակալուածները ազատ արձակուած են որոշ ժամանակ ետք, սակայն նոյնինքն հալածանքին ազդեցութիւնը մնայուն ալիքներ յառաջացուցած է զանգուածին մէջ, զայն մատնած է ահ ու սարսափի (չմոռնանք ցուցարարներու վրայ ձայնային ու արցունքաբեր ռումբերու արձակումները), կրկին ու կրկին ցուցահանելով իշխանաւորներուն ամէնէն մաշած ու սնանկ «մարտավարութիւնը»:
***
Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ այս նորագոյն արշաւին ազդանշանը տրուած է ՔՊ-ապետին Թուրքիա այցելութենէն անմիջապէս ետք, որքան ալ անոր քարոզչամեքենան փորձէ ծածկել որոշ իրականութիւններ: Օրինակ, իբրեւ թէ յեղաշրջական ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ մը բացայայտուած է վերջերս, սակայն արդէն յայտնի է, որ այդ «ծրագիրը»… 2024-ի կէերուն բացայայտուած էր, եւ անցեալ մէկ տարուան մէջ, ո՛չ իշխանութիւնը «զսպիչ-կանխարգելիչ» գործողութիւն կատարած է, ո՛չ ալ, մանաւանդ, մեղադրեալ ընդդիմադիրները այդ «ծրագիր»-ին որեւէ մէկ կէտը իրականացուցած են: Եւ ահա անգամ մը եւս կ’արդարանան իշխանութեան ուղղուած այն մեղադրանքները, թէ ՔՊ-ի ամբողջ համակարգը կը գործէ թուրք-ազերիական հրահանգներով, պատրաստ է ենթարկուելու – եւ Հայաստանն ալ ենթարկելու – թշնամիին ծրագիրներուն, որոնք Ո՛Չ ՄԷԿ ՇԱՀ կը խոստանան Հայաստանին ու հայութեան: Մէկ խօսքով՝ հաճոյանալ ու քծնիլ թշնամիին առջեւ, «առիւծ կտրիլ» իր վնասարար քայլերը ցուցահանողներուն դիմաց…
Խորքին մէջ, իշխանաւորներուն թրքահաճոյ, թրքանպաստ վարքագիծին դրսեւորումներն ալ նորութիւն չեն, աչք-ականջ-դատողութիւն ունեցող ոեւէ հայ (խօսքը ինքնակամ բթացեալներուն մասին չէ, ի Հայաստան եւ Սփիւռքի ափերուն) կրնայ եղածը տեսնել՝ մտաբերելով ո՛չ միայն վերջին շաբաթներու, այլ առնուազն 44-օրեայ պատերազմէն ասդին եղածները, առանց անտեսելու պատերազմը կանխող ժամանակաշրջանն ալ: Երկար(ող) շղթային նորագոյն օղակները եղան բարերարի մը ձերբակալումը, Եկեղեցւոյ դէմ դարձեալ շղթայազերծուած արշաւը, նաեւ «մանրուքներ», ինչպէս՝ լրագրողներու դէմ բռնարարքներ եւ մասամբ նորին:
***
Հալածանքի եւ ապօրինի հետապնդումներու դիմաց, անգամ մը եւս ահազանգեր հնչեցին ու կը շարունակեն հնչել:
Ահազանգեր կը հնչեն Եկեղեցւոյ դէմ հալածանքին հետեւանքով:
Ահազանգեր կը հնչեն ընդդիմադիրներու նախընթաց կալանաւորումներուն եւ դատավարութիւններուն առիթով (ո՞վ կը յիշէ ընդդիմադիր քննադատի մը դատարանին մէջ մահանալը):
Ահազանգեր կը հնչեն, քաղաքական բեմէն անդին՝ տնտեսութեան նահանջին ի տես, Հայաստանի յաւելեալ պաշարման իրականութեան լոյսին տակ (մաս մըն ալ մեզմէ անկախ՝ ծանօթ պայմաններու բերումով):
Ահազանգեր կը հնչեն, յաճախ հնչած են Արցախի դատին թողլքման դիմաց: Այդ ահազանգերէն մաս մը կապ ունին արցախցի պատասխանատուներու՝ Պաքուի մէջ սնամէջ դատավարութեան մատնուելուն պատճառով, Արցախի մեր մշակութային ժառանգութեան փոշիացման դէմ (եւ այդ ահազանգերը երբեմն համապատասխան՝ հայանպաստ արձագանգ կը գտնեն արտաքին աշխահի մէջ), ՔՊ-ական իշխանաւորներուն անտարբերութեան դէմ (Արցախի մասին ահազանգերու ամբողջ նուագախումբ մը կայ):
Ահազանգեր կը հնչեն սահմանային գիւղերէ, ուր ազերիական ուժերը յաճախակի կրակոցներով ահ ու սարսափի մէջ կը պահեն բնակիչները (իշխանաւորներուն պատասխանները ունին հետեւեալ թարգմանութիւնը. «Դեռ չվարժուեցա՞ք…»):
Ահազանգեր կը հնչեն իշխանաւորներու քարոզած՝ «խաղաղութեան խաչմերուկ»- ին (որքան ալ ցնորական ըլլայ) հասնող իւրաքանչիւր հարուածի դիմաց: Վերջինը՝ Իսլամական երկիրներու Պոլսոյ խորհրդաժողովէն բխած հակահայ ծանուցագիրն էր…: Ահազանգեր կը հնչեն Երեւանի իշխանաւորներու դիւանագիտական ամլութիւնը փաստագրող իւրաքանչիւր դրսեւորումէ ետք:
Ահազանգերու ամբողջ համանուագ մը կը հնչէ բանակը ջլատումի տանող իւրաքանչիւր քայլէ ետք (նորագոյններէն էր բանակի ծառայութենէն փաստացի կաշառքով զերծ մնալու տխրահռչակ օրինագիծը: Իսկ ո՞վ կը յիշէ խումբ մը բանակայիններու ողջակիզման «մանր» դէպքը, սպանութիւնները, անձնասպանութեան դէպքերը…):
Ահազանգերու այլ համոյթ մը կայ ոստիկանան բռնարարքներու դէմ, ի տես Հայաստանը ոստիկանական բռնապետութեան վերածելու ՔՊ-ականներու աննահանջ արշաւին:
Ահազանգեր… ահազանգեր… ահազանգեր…
***
Եւ համայն հայութիւնը՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի մօտակայ ու հեռաւոր օճախներ, անձկութեամբ կը սպասէ, որ այս ահազանգերը դադրին ԱՌԱՆՁՆԱԲԱՐ հնչելէ, կը սպասէ՝ որ անոնց ղօղանջները միանան-միաձուլուին իրարու, որպէսզի իրականանայ առանձին-առանձին հետապնդուած միեւնոյն նպատակը՝ թշնամիին կամակատար ծառան դարձած – ու քանիցս փաստուած է սա – իշխանութեան հեռացումը երկրի ղեկէն:
Ստեղծուած է մօտաւորապէս հետեւեալ վիճակը: Երբ նուագախումբ մը համերգ պիտի տայ, յայտագիրը սկսելէ առաջ, նուագախումբի անդամները կը սկսին լարել իրենց նուագարանները, մասնաւորաբար լարային գործիքներ նուագողները կը ճշդեն լարերուն ձայները, կը ստեղծուի խժալուր «համանուագ» մը. ճիշդ է, հանդիսականը կրնայ լսել այս կամ այն նուագարանին ձայնը, սակայն ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ կը մնայ բացակայ: Կու գայ պահը, երբ խմբավարը՝ մայէսթրոն ցպիկը կը զարնէ ձայնագրութիւնը կրող սեղանիկին, լռութիւն կը տիրէ, ապա, նոյն ցպիկին շարժումներուն վրայ, ՀԱՄԱՆՈՒԱԳԸ կը սկսի, հանդիսականը լիարժէք երաժշտութիւն կը վայելէ: Ամէն մարդ բնական կը նկատէ, որ իւրաքանչիւր նուագող իր բաժինը կը կատարէ՝ համաձայն ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ, ՄԷԿԸ ՄԻՒՍԸ ԼՐԱՑՆՈՂ ձայնագրութեան, այսինքն՝ լաւապէս «բանաձեւուած» ծրագիրին: Համանուագը կը ձախողի, երբ մէկն ու մէկը թերանայ, լիարժէք մասնակցութիւն չբերէ մատուցման:
Մեր ակնարկած ահազանգերն ալ ցարդ նման են համանուագը կանխող՝ առանձնակի հնչող նուագարաններու ձայնին: Բոլորս ալ գիտենք, որ իւրաքանչիւր նուագարան, մինչեւ իսկ փոքրագոյն սրինգը իր դերն ու տեղը ունի համանուագին մէջ, մենակատարները՝ նմանապէս: Հետեւաբար, անգամ մը եւս կը շեշտուի ահազանգերը միացեալ համանուագի մը եւ արդիւնաւոր երաժշտութեան վերածելու հրամայականը: Կրկնենք. անհատները՝ խմբավար թէ նուագողներ, իրենց դերը ունին, սակայն համանուագը կ’իրականանայ բոլորին հնչեցուցածին միացումով, ներդաշնակ միաձուլումով, ո՛վ որ ալ ըլլայ խմբավարը: Վերջին 5-7 տարիներու գահավէժ ընթացքը փաստ է, որ ահազանգերու միացման իւրաքանչիւր յետաձգում (երբեմն ալ իշխանաւորներու կողմէ խափանում) դուռ պիտի բանայ նոր անկումներու, վնասներու, կորուստներու:
Ահազանգերուն միացումը ե՞րբ պիտի իրականանայ: Պատասխան՝ այսօ՛ր իսկ, հայրենիքը փրկող նախաձեռնութեան մը ճամբով, վերջ տալով իշխանաւորներու «նախաձեռնութիւններուն»: Մինչեւ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները, այս ձախաւերները պիտի շարունակեն թրքահաճոյ ծրագիրներու իրե՛նց «համանուագը», փանջունիական բարիքներ բերելով Հայաստանի ու հայութեան գլխուն: Հետեւաբար, պէտք է կտրել չարիքի ծառն ու բոլոր արմատները, իբրեւ կարճագոյն ճամբայ լուծումի:
Իսկ թէ սփիւռքեան նուագարանները պէ՞տք է բաժին ունենան փրկարար համանուագին մէջ՝ ո՛չ մէկ կասկած:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Յունիս 2025