Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի պետութեան մօտ բարձրացուցած է Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան դէմ սանձազերծուած բռնաճնշումներուն հարցը
04 Հուլիս 2025
Հարցազրոյց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեանի հետ
«Հորիզոն»ի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեան անդրադարձաւ Ապրիլին կայացած Գանատայի դաշնակցային ընտրութեանց արդիւնքներու հիման վրայ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական իր օրակարգը վերասահմանելու հարցին, Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպանատան երկամեայ գործունէութեան եւ Արցախի հիմնախնդրին մասին։
Անդրադառնալով վերջին օրերու Հայաստանի իշխող վարժախումբին կողմէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ բացայայտ ու համակարգուած հալածանքներուն ու ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւններուն, Սեւակ Պելեան յայտնեց. «Իսկապէս պետական մակարդակի խայտառակութիւն է եղածը եւ բրտօրէն դատապարտելի՝ այն ինչ որ իշխանութիւնները կը գործադրեն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ եւ ընդհանրապէս ընդդիմադիր ուժերուն նկատմամբ, երբ անոնք պարզապէս կը բարձրաձայնեն եղած սխալները եւ հայրենիքի շահերը կը պաշտպանեն:
Այս բոլորին ուղղութեամբ բնականաբար Հայ Դատի յանձնախումբը ներայացուցչական որոշ աշխատանք տարած է Գանատայի պետութեան մօտ, կապուելով վարչական բարձրագոյն օղակներուն, ըլլա՛յ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ, ըլլա՛յ վարչապետական մակարդակի վրայ, անշուշտ նաեւ Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատան եւ ուղղակի դեսպանին մօտ եւ շատ յստակ ձեւով արտայայտած ենք մեր կեցուածքը, որ նկատի առնելով մանաւանդ թէ Գանատան ժողովրդավարութեան հաստատման ու խթանման ուղղութեամբ նիւթապէս եւ բարոյապէս որոշ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի, հետեւաբար այս բոլորին ի տես չի կրնար ձեռնածալ մնալ եւ ընդունիլ այն բոլորը, որ կը կատարուի այսօր Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ:
Եւ մենք այս բոլորը նկատի ունենալով յստակ կոչ ուղղած ենք Գանատայի պետութեան եւ դեսպանին, որպէսզի տարբեր միջոցներով այս պատգամները փոխանցեն Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ յստակ բանաձեւեն, թէ ինչ է նաեւ Գանատայի ակնկալիքը, որպէս ներդրում ունեցող կառավարութիւն այդ իսկ գործընթացին մէջ:
Այս բոլորը նաեւ պէտք է շատ յստակ բանաձեւել ոչ միայն վարչական օղակներուն, բայց նաեւ խորհրդարանական մեր բարեկամներուն. աշխատանք մը, որ նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբը ըրած է, ցոյց տալու համար թէ Հայաստանը, որ համեմատաբար այդ տարածաշրջանին մէջ աւելի ժողովրդավար երկիր կը համարուի, բայց այսօր յստակ նահանջ կ’արձանագրուի այնտեղ, եւ բարեկամ խորհրդարանականներ եւս պէտք է բարձրաձայնեն, որ Հայաստանի մէջ եղածը անընդունելի է, իրենց գործընկերներուն դէմ կատարուած հալածանքները անընդունելի են, եւ թէ անոնք ամբողջովին քաղաքական բնոյթ ունին եւ միայն մէկ նպատակ կը հետապնդեն, այն ալ ներկայ ազգադաւ իշխանութիւններուն վերարտադրումն է, որովհետեւ պէտք է նաեւ բացայայտել, որ այս բոլորը այսօր տեղի կ’ունենան յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն ընդառաջ, եւ Փաշինեան յստակ կը փորձէ ինքնիրեն վերարտադրել եւ խեղդել բոլոր այն ձայները, որոնք պատրաստակամութիւնը ունին զինք պատասխանատուութեան կանչելու եւ ամբողջ ժողովուրդի անունով մեր ազգի շահերը պաշտպանելու»: