Մեծ, Գեղեցիկ Հաշուեցոյց․․․
04 Հուլիս 2025
Գլխապտոյտի մէջ է Աշխարհը, իր բիւրաւոր բնակիչներով։
Կացութիւնը յար եւ նման է իտալացի «Չինեչիթա»-ի չաստուածներէն՝ Ֆետերիքօ Ֆելինիի բեմադրած մէկ երգիծական՝ «Prova d’orchestra» (Նուագախումբի փորձ) ժապաւէնին, ուր ղեկավարը չի կրնար կացութեան տէր դառնալ, նուագող արուեսագէտներ իրար չեն հանդուրժեր եւ ամբարտաւան կերպով կը բողոքեն։ Անդորրութիւնը այնքան մը կը խանգարուի, որ պահ մը մաէսթրոն կը փոխարինուի չափահարով (metronome), ի վերջոյ, խարխլած շէնքեր քանդող վիթխարի պողպատեայ գունդ մը կը հարուածէ երաժշտանոցը․․․։
Նմանօրինակ իրավիճակ մըն է, որ կը տիրէ աշխարհ մոլորակին վրայ։
Ապիկարութիւն, անիշխանութիւն, նենգամտութիւն, զեղծարարութիւն․․․ Շարքը երկար է։ Մտահոգիչն ալ այն է, որ նոյնինքն «Մեծ»-երը փուլ եկած են, «շնորհիւ» իրենց ղեկավարներուն։
Իւրայատուկ է (թէեւ ոչ բոլորովին իւրայատուկ) Սպիտակ Տան պարագան, ուր ո՛չ թէ հերթական կամ օրական, այլ ժամական յաջորդականութեամբ նորութիւններ կը սփռուին, հետաքրքրութիւն ստեղծելով նոյնիսկ քաղաքականութենէն հեռու անձերու մէջ։ Հաւանաբար պոլսահայ գրողներու մէջ բառը գործածելով՝ մարդիկ «էյլեմիշ» կ՛ըլլան (անիմաստ բաներով ժամանակ կ’անցընեն), տարուելով նախագահ Թրամփի մե՛րթ իրար հակասող եւ մե՛րթ ամբոխահաճ արտայայտութիւններով, որոնցմէ որեւէ բարիք չի սպասուիր:
Իրանի վրայ «Սթիլթ»-եան թաքուն յարձակումները կարծէք թէ ընդօրինակուած էին հոլիվուտեան գիտաերեւակայական կամ «ռամպօ»-ական ժապաւէնի մը շարքէն, հեռու – եւ անբաղդատելի – բրիտանացի Սթանլի Քիւպրիքի երեւակայած եւ բծախնդրօրէն պատրաստած «2001 Space Odyssey»-էն։
Հիմա, 4 Յուլիսի՝ Ա․Մ․Ն․-ի անկախութեան տօնի օրերուն, Սպիտակ Տան «մեծ եւ գեղեցիկ» նախագահին կիզակէտը՝ երկրի տնտեսական վիճակի «բարելաւման» հարթակն է, ուր ըստ իր հաւաստիքներուն՝ պիտի կրճատուին հարկային տուրքերն ու յաւելեալ մսխումները։
Հաւանաբար, Իրանի վրայ կատարուած արագ յարձակումը (որուն որոշման գծով, մինչեւ օրս հարցադրումի տակ կ՛առնուի նախագահին կանաչ լոյս տալու իրաւասութիւնը) աւելի դիւրին եւ հեզասահ ընթացաւ, համեմատած այս օրերուն քննարկուող «Մեծ, գեղեցիկ հաշուեցոյց»-ին, որ կը բաղկանայ աւելի քան հազար էջնոց թղթածրարէ մը եւ իր կարգին մեծ եւ գեղեցիկ վիճաբանութեան հարթակ մը ստեղծեց Ծերակոյտին մէջ, եւ բազում հարց-պատասխաններու դուռ բանալէ ետք, մազապուրծ որդեգրուեցաւ, շնորհիւ փոխ նախագահին թրամփանպաստ քուէին։ Իսկ թէ բանավէճերն ու 50-50 քուէի հասած արդիւնքին մէջ, որքա՞ն անկեղծութիւն կայ եւ որքա՞ն նախօրօք սարքուած բեմադրութիւն՝ կարելի է միայն ենթադրութիւններ ընել: Նոյնն է պարագան, յաջորդ ժամադրավայրին՝ Ներկայացուցիչներու Տան:
Եւ այս «գեղեցիկ հաշուեցոյցը» ժողովուրդին կը մատուցուի իբրեւ բարի՜ք, երբ յստակ է, որ անիկա ըստ էութեան բարիք պիտի բերէ… հարուստ «օլիկարխ»-ներուն, մինչդեռ պիտի կրճատէ համեստ ընտանիքներուն նպաստները եւ պետութեան պիւտճէն պիտի մխրճէ յաւելեալ պարտքերու ճահիճին մէջ:
Պահ մը մէկդի դնենք Ա․Մ․Ն․-ի «գեղեցիկ հարցերը», երթանք Կովկասեան բարձրաւանդակի հարաւային ծայրը նստած մեր Հայաստանը, ուր տեղի կ’ունենան բոլորովին այլ տեսակի «գեղեցիկ դէպքեր»: Բնականաբար մեր սիւնակները բաւարար չեն ներկայացնելու հրապարակը գրաւող նիւթերը, նկարագրել կացութիւններ եւ մելան հոսեցնել, պատշաճօրէն յարգելով մայրենի լեզուն, կրօնքը, սովորութիւնը, մէկ խօսքով հայութիւնն ու հայոց պատմութիւնը։
Երեւանեան «մեծ ու գեղեցիկ» հաշուեցոյցին կամ աճող մուրհակին ժամադրավայրը՝ 19 Բաղրամեանն է, ուր մեծամասնութիւն կազմող ՔՊ-ականներուն առած քայլերն ու որդեգրած «կրթութեան ձեւերը» մէկ այլանդակ տարբերակն են Ուաշինկթընի (եւ այլ մայրաքաղաքներու ) մէջ պատահածներուն:
Չխօսինք տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան քաոսային պատկերին ու անոնց հասնող հարուածներուն մասին, այլ կեդրոնանանք Օրուան Հարցին վրայ: Արդէն շաբաթներէ ի վեր թիրախաւորուած է եկեղեցին, եւ էդ էլ ո՜նց։ Հայն ու աշխարհը կը տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ միջոցներ կիրարկուած են, սրբապղծելու համար Էջմիածինը, նոր հարուածներ հասցնելու ԱԶԳԱՅԻՆ ամէն բանի, իբրեւ շարունակութիւն՝ պատմութեան ու գիրին դէմ բացուած արշաւներուն, եւ այս բոլորը՝ հաճոյանալու համար թուրք-ազերի թշնամիին: Միջազգային մամուլն անտարբեր չէ ՔՊ-ականներու ստեղծած խայտառակութիւններուն հանդէպ ու չի ծածկեր մտահոգութիւնը, իսկ ազերիական շրջանակները… ցնծութեան մէջ են:
ՔՊ-ականներ լրբութեան ամէն սահման ասֆալթին փռած են ու օր ըստ օրէ կը գերազանցեն… իրենք զիրենք։ Բարերար մը, հոգեւորականներ, ընդդիմադիրներ, արցախցիներ եւ նահատակներու ծնողներ ձերբակալուած եւ բանտարկուած են՝ իբրեւ ահաբեկիչ ու խռովարար մեղադրուելով: Ամէնէն ընդվզեցուցիչը՝ հոգեւոր առաջնորդ մը ձերբակալելու համար, «Հայաստանի Ոստիկանական Հանրապետութեան» Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան յատուկ փաղանգ մը փորձեց մուտք գործել Էջմիածին․․․։ Ստեղծուեցաւ արտասովոր եւ արտառոց կացութիւն մը, ուր բարձրացող խունկի ծուխը, մոմերուն շողն ու զանգերու ղօղանջ ուղիղ հակադրութինն էին այն արտայայտութիւններուն, որոնք արձանագրուեցան Մայիս 1918-ին, Սարդարապատի օրերուն, իսկ եթէ ժամացոյցը աւելի ետ տանինք՝ 450-451-ի աւարայրեան օրերուն։ Ու պատահեցաւ հազուադէպ բան մը. ժողովուրդը ետ մղեց թրքաբարոյ արշաւողները…
Բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորումն ու անոր դէմ բարձրացած մեղադրանքները այլանդակութեան այլ գագաթնակէտ մը կը կազմեն: Գործարար եւ երկրի ելեկտրականութեան ցանցի սեփականատէրը եղող այս մարդուն ստացուածքները պետականութեան, դուք հասկցէք՝ իշխանաւորներու գրպանը փոխադրելու օրինագիծ մը հասած է Ազգային ժողով (նախընթացները բազմաթիւ են):
Կարապետեանի ձերբակալութեան նախօրեակին իսկ, խօսք դարձած էր, որ այս կալուածը կրնայ նուէր տրուիլ թրքական ընկերութեան մը: Զարմանալի չէ պատահածը։ Արցախը յանձնելէն ետք, աւելի դիւրին է ելեկտրականութեան ցանցն ալ աւելցնել նուէր տրուելիքներու ցանկին…
Այս ենթապատկերին դիմաց, Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս «շնորհ չըրաւ» Էջմիածին այցելելու, եւ իր կարճ ու միակողմանի այցելութեամբ, հակաժողովրդավարական եւ հակազգային այս արարքներուն դիմաց կուրութիւն խաղալով՝ խրոխտ հպարտանքով հաստատեց, թէ «Եւրոմիութիւնն ու Հայաստանը երբեք այդքան մերձ չեն եղած, որքան այսօր»։ «Եւրոպա պիտի մտնենք» ըսողները հրճուեցան, սակայն Եւրոպայի դուռներուն բացուելու ճռինչը չի լսուիր տակաւին…
Արդեօք ժամանակը չէ՞ եկած, որ Ֆելինիի յիշեալ ժապաւէնին մէջ ներկայացուցած՝ խորհրդանշական վիթխարի գունդը հարուածէ Կովկասեան բարձրաւանդակի «մեծ ու գեղեցիկ» հաշուեցոյցը՝ ՔՊ-ականներու ստեղծած լաբիւրինթոսը, որպէսզի հայրենիք ու ազգ վերագտնեն փրկութեան ուղին։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական