Օրուան հետքերուն հետ. Միջազգային հայանպաստ նախաձեռնութիւններ եւ իշխանական այլամերժութիւն
04 Հուլիս 2025
Հայաստանի ներքաղաքական այլանդակ իրավիճակի լոյսին տակ, միջազգային հարթակներուն վրայ ներկայացուած երկու զուգահեռ նախաձեռնութիւններ կու գան նոր մղում տալու Արցախի հիմնահարցին եւ Պաքուի մէջ անարդար կալանքի տակ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական ղեկավարներու ազատումին ձգտող ջանքերուն։
Զուիցերիոյ խորհրդարանականները պատրաստ են Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսին ներկայացնել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու՝ իրենց սեփական հողերը վերադարձի ապահովման ծրագիրը։ Զուիցերիոյ «Խաղաղութեան նախաձեռնութիւն Լեռնային Ղարաբաղի համար» միջկուսակցական յանձնախումբի աշխատանքները կարեւոր նշանակութիւն ունին Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձին ուղղութեամբ։ 8 Յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսին մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսը հնարաւորութիւն պիտի տայ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու արցախեան հարցին վրայ։ Նախաձեռնութիւնը յատկապէս կարեւոր է, որովհետեւ զուիցերիական դիւանագիտութիւնը աւանդ ունի միջազգային հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման մէջ։
Եթէ Զուիցերիա պաշտօնապէս աջակցի խաղաղութեան հարթակ մը ստեղծելուն՝ Արցախի բնակչութեան վերադարձը երաշխաւորելու համար, այս նախաձեռնութիւնը նշանակալի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Արցախի հարցի միջազգային քննարկման սեղանին վրայ։
Միւս կողմէն, Ե.Ա.Հ.Կ.-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան յստակ քայլեր կ՚առաջարկէ հայ ռազմագերիներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
Ե.Ա.Հ.Կ.-ի 32-րդ խորհրդարանական վեհաժողովին, հայ պատգամաւորի խօսքը ո՛չ միայն Արցախի ողբերգութիւնը լուսարձակի տակ առաւ, այլ նաեւ բացայայտ ցոյց տուաւ, որ «Ատրպէյճանի յարձակումը չի կրնար իբրեւ պատմութեան փակուած էջ դիտուիլ»։ Անոր յստակ պահանջները՝ հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, Ե.Ա.Հ.Կ. միջազգային դիտորդներու մասնակցութիւնը դատավարութիւններուն եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան ուղարկումը Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար՝ անհրաժեշտ միջոցները կը համարուին կասեցնելու համար Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութիւնը եւ արցախեան հիմնահարցը փակուղի տանելու պարտադրանքը։
Սակայն, աւելի քան մտահոգիչ է Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը հայկական օրինաւոր եւ արդար պահանջներուն հանդէպ։ Լիլիթ Գալստեան յայտնեց, թէ Հայաստանի իշխանական պատգամաւորները ոչ միայն զլացան աջակցութիւն ցուցաբերել հայկական առաջարկներուն, այլեւ հակառակը՝ գործակցութիւն հաստատեցին ատրպէյճանական պատուիրակութեան հետ, մերժելով բանաձեւին մէջ ներառնել ռազմագերիներու եւ Արցախի ժառանգութեան վերաբերող կէտերը։ Այս անընդունելի կեցուածքը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, սեփական քաղաքական հաշիւներուն պատճառով, ի վիճակի չէ ցուցաբերել տարրական քաղաքական կամք, կասեցնելու համար Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, խաղի սեփական կանոնները հաստատելու՝ Պաքուի վարչակարգի ախորժակները, տեղահանուած հայրենակիցներու տառապանքը, գերիներու անարդար դատավարութիւնը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։
Հայկական կողմին համար միայն անընդունելի պէտք է համարել ստեղծուած հակասութիւնը, երբ բարեկամ երկիրներու պատուիրակութիւնները քուէարկեցին ի նպաստ հայկական առաջարկներուն՝ ընդգծելով անհրաժեշտութիւնը ապահովելու գերիներու իրաւունքները եւ պաշտպանելու հայկական ժառանգութիւնը, մինչ Հայաստանի իշխանական կողմի ներկայացուցիչները ո՛չ միայն չմիացան միասնական ձայնին, այլեւ դարձան խոչընդոտ որեւէ նախաձեռնութեան, որ կու գար Հայաստանի ընդդիմութենէն։ Մերժողական այս կեցուածքը բարոյական եւ քաղաքական ձախողում մըն է, նաեւ վտանգաւոր նախադէպ՝ ապացուցանելով, որ իշխանութիւններուն համար գերակայ է ներքաղաքական պայքարը, քան ազգային շահերն ու պետական արժանապատուութիւնը։ Ըստ ամենայնի, անընդունելի եւ մերժելի է նման կեցուածք, Հայաստանի ներքին հակամարտութիւնները զետեղելով միջազգային հարթակներուն վրայ։
Այսօր, երբ Արցախի հարցը միջազգային ուշադրութեան կեդրոնացման կարիքը ունի, Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են զերծ մնալ ազգային հիմնահարցերը նեղ քաղաքական շահերուն համար զոհ դարձնելու վտանգաւոր ուղիէն։ Պետական ղեկավարութեան մը պարտքը կը հանդիսանայ կանգնիլ ի սպաս իր ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան, աջակցիլ միջազգային բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը փորձեն վերականգնել պատմական արդարութիւնը։
Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը եւ մեր ռազմագերիներու արժանապատիւ ազատագրումը բարոյական եւ քաղաքական պարտք կը համարուին։ Իր քաղաքական եւ բարոյական բովանդակութենէն ամբողջովին պարպուած իշխանական խումբը պիտի առերեսուի պատմութեան դատաստանին հետ։
ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ