Յայատարարութիւն Հ. Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի 83-րդ շրջանային ժողովի
08 Հուլիս 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպական կառոյցը իր 83-րդ Շրջանային Ժողովը գումարեց 04-06 Յուլիս 2025-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, մասնակցութեամբ Պուէնոս Այրէսէ, Գորտոպայէն, Մոնթէվիտէոյէն եւ Սան Փաւլոյէն ընտրուած պատգամաւորներու, գաղափարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:
Շրջանային Ժողովը խոր մտահոգութիւն արձանագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական զարգացումներուն եւ անոնց ճակատագրական հետեւանքներուն մասին, ի դէմս ներկայ իշխանութիւններու շարունակուող ազգակործան վարքագիծին թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ ալ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ: Ներառեալ՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ ժողովրդավարութեան ամէն չափանիշերու խախտումով ընդդիմադիրներու հալածանք, Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ծաւալած արշաւ, Արցախէն հրաժարում, Պաքուի մէջ արգելափակուած հայ քաղաքական բանտարկեալներու լքում, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ճնշումներուն դիմաց զիջողականութիւն, Ցեղասպանութեան ուրացում եւ ժխտողականութեան դիւրացում:
Շրջանային Ժողովը նաեւ շատ անխոհեմ գտաւ հայրենի իշխանութիւններու կողմէ սփիւռքեան գործօնի թերգնահատումը: Մանաւանդ ներկայ վարչախումբի ներկայացուցիչներու անշնորհակալ արտայայտութիւնները Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքներու քաղաքական զօրաշարժին մասին, զայն որակելով «սխալ»: Քաջ գիտնալով որ այդ զօրաշարժի կիզակէտին եղած է Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արցախի դատը, հայրենիքի զարգացումը եւ Հայաստանի անկախ պետականութեան տարածաշրջանային ներկայութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման նպաստումը:
Դէմ յանդիման հայրենի այս ցաւալի իրականութեան, Շրջանային Ժողովը հրամայական գտաւ Սփիւռքի վերակազմակերպումը, արդիականացումը եւ հաւաքական զօրաշարժը ի խնդիր հաւաքական ինքնութեան պահպանման ու զարգացման եւ Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի հետապնդման:
Շրջանային Ժողովը ընդգծեց Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երկիրներու մէջ համայնքային կառոյցներու դերը, եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը անոնց ամրագրման եւ հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան նկատմամբ: Կարեւորութեամբ ընդգծեց տարածաշրջանին դերը՝ Արցախցիներու վերադարձի իրաւունքն ու Պաքուի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդման ճիգերու շարքին:
Շրջանային Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Սփիւռքի աշխարհագրական եւ սերնդափոխական զարգացումներուն եւ անոնց ծիրին մէջ ամերիկեան ցամաքամասի տարածքին հայկական կազմակերպուած ներկայութեան հսկայական ներուժին եւ զարգացման կարողականութեան, զորս անհրաժեշտ է կազմակերպել եւ աշխուժացնել հիւսիս – հարաւ ցանցային առանցքի մը ընդմէջէն:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ հետեւեալ կազմով՝
Յակոբ Թապագեան
Տիէկո Տէօքմելիեան
Արփի Հօճաճանեան (Ուրուկուայ)
Ուկօ Գույումճեան
Ակուսթին Անալեան
Ռուբինա Նալպանտեան
Կապրիել Իզմիրլիեան
Խուան Փապլօ Սիմոնեան (Գորտոպա)
Նիկոլ Նիկողոսեան (Պրազիլ)
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ 83-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
06 Յուլիս, 2025