Յեղափոխութիւնը Դէմ Է Կոյր Ահաբեկչութեան
16 Հուլիս 2025
Ձերբակալուած եօթը երիտասարդներէն հինգը դուրս եկան բանտէն, 72 ժամուան պայմանական կալանաւորման աւարտին: Չորսը դաշնակցականներ են, վերջինը` պատահաբար տեղւոյն վրայ գտնուող աշխատաւոր մը, որ չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ երեք օր զինք պահած են Քննչական կոմիտէի արգելարանին մէջ: Բանտարկուած կը մնան երկու երիտասարդներ: Մէկը, 18 տարեկան տղայ մը, ունեցած է նռնակի (ձեռնառումբի) նմանողութեամբ խաղալիք մը: Հապճէպով զայն ներկայացուցին դատաւորին, որ առանց երկար ու բարակ մտածելու` երկու ամսուան պայմանական կալանաւորման դատապարտեց: Միւսը` տան մէջ իբրեւ յիշատակ պահած է անգործածելի նռնակ մը, ան եւս նոյն ճակատագրին ենթարկուած է: Երկուքին ալ պարագային, սկզբնական ահաբեկչութիւն նախապատրաստելու ամբաստանութիւնը վերցուած է եւ մնացած միայն արգիլուած զէնք ու զինամթերք ունենալու անհեթեթ մեղադրանքը:
Թէ՛ եկեղեցականներու, թէ՛ ուղղակի եկեղեցւոյ եւ թէ՛ աշխուժութիւն ցուցաբերող ընդդիմադիրներու նկատմամբ ձեռք առնուած այս բիրտ միջոցառումները զգուշութեան հրաւէրներ են: Իշխանութիւնը, բռնատէրի վերածուած Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրականացման ուղղութեամբ նոր զիջում կատարելու ընթացքի մէջ է: Զանգեզուրի միջանցքը բանալու շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, հայկական գերիշխանութիւնը ձեւականօրէն պահելով, ճամբու հսկողութիւնը այսպէս կոչուած չէզոք ուժի մը վստահելու մասին շշուկներ կը լսուին: Գործնապէս Սիւնիքէն եւս հանգրուանային եղանակով հրաժարելու նախանշաններ կ՛երեւին: Լոյս իջնէ հոգիիդ Գարեգին Նժդեհ. իշխանութիւնները կ՛ուզեն կանխել հաւանական որեւէ բողոք, ըմբոստութիւն: Իսկ ո՞վ կրնայ ըմբոստութիւն հրահրել. անշուշտ բարոյապէս` եկեղեցին, գործնապէս` Դաշնակցութիւնը:
ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ պայքարը Դաշնակցութեան չափ հին է: Այս պայքարը սկսած է Դաշնակցութեան ստեղծման օրէն: Իր անունին կցուած յեղափոխական կոչումը կը սարսափեցնէ ամէն տեսակի պահպանողականները, գոյութիւն չունեցածով գոհացողները, յարմարուողները, բարեկեցութեան անունին տակը զիջողները, ինքնիշխանութիւնը իրաւունքէ հրաժարումով շփոթողները:
Յայտնի լրագրող մը խօսակցութեան մը ընթացքին դիտել կու տար, որ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը նպատակասլաց է, օգտակար, նպաստաւոր ազգի ու հայրենիքի բարգաւաճման համար: Սակայն յեղափոխական մակդիրը կը վախցնէ. յեղափոխութիւնը բռնութիւն կ՛ենթադրէ եւ բռնութեան գաղափարին ընդունումէն դէպի ահաբեկչական գործունէութիւն` մէկ քայլ է: Տակաւին «թաւշեայ» եւ «գունաւոր» յեղափոխութիւնները նորարարութիւն չէին:
Ի՞նչ է յեղափոխութիւնը: Բառացիօրէն` ճանապարհ դէպի «եղած»-ի, գոյութիւն ունեցածի, փոփոխութիւն: Մեր, հայերուս պարագային, եղածը` գոյութիւն ունեցողը ընդունելի՞ է: Բռնագրաւուած հայրենիք, ցրուած ժողովուրդ, ձուլումի վտանգ, իր գոյութիւնը պահպանելու համար մարտնչող փոքր պետութիւն եւ դեռ շատ անպատեհութիւններ: Փոփոխութեան, գէթ բարելաւման արժանի չէ՞ այս կացութիւնը: Ճիշդ է, որ շատ աւելի վատէն, 800 տարիներու ստրկութենէն ետք այժմ տիրացած ենք անկախ Հայաստանի մը, մեր հայրենիքի մէկ փոքր հողակտորին վրայ: Հողակտոր, որ վտանգուած է, որ կրնանք կորսնցնել, վերադառնալով 1918 նախորդած ժամանակաշրջանէն աւելի վատ վիճակի մը: Պէտք է հանդուրժե՞նք այս վիճակը ու համակերպի՞նք:
Հայութեան մէջ միշտ ալ եղած է հատուած մը, ոչ արհամարհելի կարեւոր հատուած մը, որ վերի հարցումին դրական կը պատասխանէ. կ՛ուզէ հանդուրժել, կ՛ուզէ համակերպիլ: Աւելի փոքր հատուածը կը մերժէ ընդունիլ ճակատագրական անուրը եւ կ՛ըմբոստանայ: Եղածը փոխել կ՛ուզէ, բարելաւել կ՛ուզէ: Յեղափոխութիւն կ՛ընէ:
Յեղափոխութիւնը կապ չունի բռնութեան հետ, ոմանց պարսաւելի արարքներուն բերումով ժխտականացած ահաբեկչութեան հետ: Յեղափոխութիւնը ազգին ու հայրենիքին անընդունելի վիճակը փոխելու կոչուած ազնիւ պայքարին խորհրդանիշն է: Ան նոյնիսկ կապ չունի ընդդիմութեան հետ: Յեղափոխութեան միջոցով է, որ ազգերը կը տիրանան իրենց իրաւունքներուն, ամբողջական կամ մասնակի, որմէ կ՛օգտուին բոլորը` յեղափոխականները եւ անոնց հակառակորդները:
Մի՛ փորձէք Դաշնակցութեան վիզին փաթաթել ժխտական, աննպատակ ու կոյր ահաբեկիչի խարանը. դաշնակցականը ահաբեկիչ չէ. դաշնակցականը ազնիւ յեղափոխական է:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ