Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը հասաւ իր աւարտին
24 Հուլիս 2025
Յուզիչ էին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի վերջին երկու օրերը, հրաժեշտի պահու անխուսափելի ժամանումը կը տրտմեցնէր մթնոլորտը… Այսուհանդերձ ընկերները առաջին օրուան աշխուժութեամբ ու եռանդով կը մասնակցէին օրակարգերուն:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի հետ ընկերները զրուցեցին դաշնակցական երիտասարդի ու ազգային արժէքային համակարգ ընկալման մասին:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական գրասենեակի եւ միութիւններու ընդհանուր քաղաքականութեան ներկայացում, որ արհեստավարժօրէն ընկերներուն սեփականութիւնը դարձուց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու` Ցողիկ Աշըգեան:
Բանակումին ներկայացուեցան Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական գրասենեակի աշխատանքները, իրակագործուած եւ շարունակաբար իրագործելի երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ծրագիրները, եւ անոնց մասին խումբերը հնարաւորութիւն ունեցան աշխատանոցներ ունենալ եւ ներկայացնել իրենց բարեփոխման առաջարկները:
Բանակողները մեծապէս օգտուեցան առաջին բոյժ օգնութեան (ընկեր Հենրիկ Մարգարեան) եւ պաշտպանողական արուեստի վարժութիւններէն
(Սագօ Չափրազեան, Նարեկ Նարկիզեան) նաեւ քարտէսագրութեան, քարտէսներու ճդգրիտ ընթերցման եւ ընկալման ներկայացումէն (Մհեր Աւետիսեան)։
Բանակողներու համար հաճելի թուաց մարզական խաղերու օրակարգային կէտը, որ ընդգրկեց՝ ճոպանեայ սահք (zip line), անօդաչու թռչող սարքերու ծանօթացում եւ այլ դաշտային կամ հետաքրքրական խաղեր ու վարժութիւններ:
Վերջընթեր օրուան խարոյկի շուրջ բանակողներու միացան մեծաթիւ երիտասարդ ու երէց ընկերներ, նաեւ համակիրներ, որոնք պապակն ունէին ապրելու դաշնակցական խրախճանքներու ազգայնաշունչ ու անկեղծ մթնոլորտը: Ազգային ու յեղափոխական երգերով յեղափոխական երգերու փառատօնը եւ եզրափակիչ խարոյկը հրավառեցին երգիչներ` Ներսիկ Իսպիրեան, Արաբօ Իսպիրեան, Սամուէլ Երանեան եւ Սուրէն Աճէմեան:
Բանակումի ութ օրերը ակնթարթի նման անցան, սակայն այդ ութ օրերուն կուտակուած գտելիքները, յուշերը, ընկերութիւնները եւ դաշնակցականի հարազատութիւնը դեռ շատ երկար պիտի ապրի իւրաքանչիւրի հոգւոյն մէջ, այնպէս ինչպէս ցարդ կ՚ապրին 1983-ին կազմակերպուած Հ․Յ․Դ․երիտասարդական-ուսանողական առաջին համահայկական բանակումին եւ անոր յաջորդող բանակումներուն մասնակցողներու յիշողութեան մէջ։