ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Փաշինեանի վարչախումբը հայութեան միասնականութեան աւելի մեծ հարուած հասցուց, քան՝ Խորհրդային Միութիւնը իր իշխանութեան 70 տարիներուն ընթացքին

25 Հուլիս 2025

Ընկերական Զրոյց

«Ասպարէզ». Մեր ընթերցողներուն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ ազատ երկխօսութեան հարթակ մը տրամադրելու նպատակով՝ կը սկսինք զրոյցներու շարքի մը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեանի հետ: Այնուհետեւ, մեր ընթերցողները եւս առիթը պիտի ունենան յղելու հարցումներ, որոնց Մատէնլեան ամսական դրութեամբ պիտի պատասխանէ:

Իբրեւ նախաբան՝ «Ասպարէզ»ը հետեւեալ հարցազրոյցին միջոցաւ կը ներկայացնէ Մատէնլեանի տասնամեակներու վրայ երկարող քաղաքական, համայնքային եւ Հայ Դատի գծով վրայ տարած գործունէութիւնը։

Մեր ընթերցողները կրնան իրենց հարցումները ուղարկել [email protected] ե-նամակի հասցէին, կամ զանոնք գրել մեկնաբանութիւններու բաժինին մէջ, մեր ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր սոյն զրոյցը տեղադրուած է։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Տեղեկութիւններ կու տա՞ք ձեր եւ ձեր ընտանիքին մասին:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Ծնած եմ Հոլիվուտ: Ծնողքս՝ Ռազմիկ եւ Ալիս, իրարու ծանօթացած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամուսնացած են Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, որ այն ատեն կը գտնուէր Հոլիվուտ: Հայրս ծնած է Պէյրութ, իսկ մայրս՝ Ալեքսանտրիա, Եգիպտոս: Անոնք երկուքը գործօն անդամներ էին ՀՅԴի եւ անոր գաղափարակից կազմակերպութիւններուն՝ ՀՕՄի, Ազգային վարժարաններու եւ այլն, ինչպէս նաեւ կենսական դեր ունեցած էին Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը հիմնելու եւ անոր բարգաւաճումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նաեւ հայրենիքի մէջ: Հօրս ծնողները Եոզկաթէն եւ Բալուէն եղած են, իսկ մօրս՝ Պիթլիսէն (Բաղէշէն):

Երկու տարեկանիս ընտանիքիս հետ Մոնթեպելլօ հաստատուեցանք, որմէ ետք ծնաւ քոյրս՝ Շուշանը: Յաճախած եմ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, նախամանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարան: Այդ տարիներուն անդամակցեցայ «Վահան Քարտաշեան» պատանեկան միութեան, ապա ՀԵԴի նոյնանուն ուխտին: Իրաւաբանութեան վկայականս ստանալէ ետք, մօտիկ ընկերներէս մէկուն հետ գործակցաբար հաստատեցինք փաստաբանական մեր հաստատութիւնը:

Ունիմ զաւակ մը՝ Գէորգ, որ անդամ է ՀԵԴի Օրենճ Քաունթիի «Աշոտ Երկաթ» ուխտին եւ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ անցար ՀՅԴի շարքերը:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- ՀՅԴի շարքերուն միացայ 18 տարեկանիս, որմէ առաջ արդէն իսկ անդամակցած էի «Վահան Քարտաշեան» պատանեկան միութեան, որմէ ետք անդամակցեցայ ՀԵԴին: Ուրեմն, շարքերը անցնիլը բնական շարունակութիւնն էր այս ընթացքիս, իբրեւ երկրորդական վարժարանը աւարտած ուսանող, որ իր ուսման կողքին կը փափաքի ծառայել Հայկական Հարցի ջատագովման:

Ծնողքիս կողքին, անոնց քոյրերը եւ եղբայրները նոյնպէս ՀՅԴի գործօն ընկերներ, կամ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ համայնքային այլ կազմակերպութիւններու անդամներ էին, ինչպէս նաեւ մեծ հայրերս եւ մեծ մայրերս՝ իրենց ծննդավայրներուն մէջ:

Կանուխ տարիքէս ականատես էի Հայկական Հարցի ջատագովման՝ անոնց տրամադրած ժամանակին եւ ջանքերուն, ինչպէս նաեւ իրագործումներուն, տեղական, շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ՝ իբրեւ անդամներ ՀՅԴի մեծ ընտանիքին: Անոնք լուսարձակներ կամ անձնական շահ չէին փնտռեր: Անոնք միշտ պատրաստ էին ծառայելու, բան մը՝ որ ինծի համար օրինակ ծառայեց:

ՀՅԴի մասին տունէն եւ ՀԵԴէն սորվածներուս կողքին, շատ կարդացած եմ կուսակցութեան հիմնադրութեան պատմութեան, իրագործումներուն եւ ժամանակակից գործունէութեան մասին: Ամէնէն կարեւորը՝ լաւ ուսումնասիրած եմ ՀՅԴի Ծրագիրը, որ մինչեւ օրս կը մնայ կուսակցութեան մղիչ ուժը, ուր յստակօրէն կը խօսուի մեր նպատակներուն, մասին եւ կը ներկայացուի մեր բարոյական կողմնացոյցը: Գիտակցեցայ, որ ՀՅԴն ունի բոլոր միջոցները, նպատակները, գործելու կարելիութիւնները, նպատակները, պատմութիւնը եւ կարողականութիւնը, որոնց միջոցաւ կրնամ ազգիս ծառայել:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Նշեցէք ձեր իրագործումները եւ փորձառութիւնները ՀՅԴի եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւններուն կամ համայնքային այլ մարմիններու մէջ:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Մեր կազմակերպութեան մէջ չենք խօսիր անհատական իրագործումներու մասին, այլ՝ կը նախընտրենք, որ գործը եւ մեր հաւաքական իրագործումները իրենց խօսքը ըսեն: ՀՅԴի ամէնէն արժէքաւոր հարստութիւնը իր ընկերներն են, որոնց մէջ կան անոնք, որոնք իրենց յատուկ տեսլականով առաջնորդութիւն կը ստանձնեն, մինչ ուրիշներ կ՛օժանդակեն այդ տեսլականին իրականացման: Ինքզինքս առաջիններէն մէկը կը համարեմ եւ անոր համար երբեմն կղզիացած կը զգամ: Այդպէս էի պատանեկանի եւ ՀԵԴի օրերէն, ըլլալով վարչութիւններու անդամ, ապա՝ վարիչ, որմէ ետք նաեւ ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:

Անդամակցեցայ նաեւ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան եւ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէութեան եւ երկար տարիներ եղայ կոմիտէի անդամ, քանի մը առիթներով նաեւ ստանձնելով ատենապետի պաշտօնը: Երբ Օրենճ Քաունթի փոխադրուեցայ՝ փոխանցուեցայ տեղւոյն «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան, ուր նոյնպէս երկար տարիներ եղայ կոմիտէի անդամ եւ ատենապետ: Քանի մը առիթներով եղած եմ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ ներկայիս անոր ներկայացուցիչն եմ:

Երկար տարիներ եղած եմ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Ազգային վարժարանի ուսումնական մարմինի անդամ:

Ինծի համար ամէնէն հաճելին ՀԵԴի ճամբարին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրելն է՝ իբրեւ համավարիչ վերջին քանի մը տասնամեակներուն, երբ իմ մօտիկ ընկերներուս հետ ամէն ամառ առիթը ունեցած եմ ժամանակ անցընելու հայ երիտասարդ բանակողներու եւ անոնց խորհրդատուներուն հետ:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կարելի՞ է ըսել, թէ արդիւնքն էք Միացեալ Նահանգներու Հայկական Սփիւռքին:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Ես ինծի կը համարեմ ծնողքիս, ազգականներուս, բարեկամներուս եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՅԴի կողմէ կազմակերպուած Հայկական Սփիւռքի ջանքերուն արդիւնքը: Կ՛ընդգծեմ «կազմակերպուած» բառը՝ զայն զանազանելու համար ընդհանուր սփիւռքէն, որ պարզապէս տարբեր պատճառներով իր հայրենիքէն հեռացած անձերու հաւաքականութիւն մըն է:

Միւս կողմէ, կազմակերպուած Սփիւռքը կազմուած է պաշտօնական կառոյցներով, յստակ նպատակներ ունեցող աշխատանքներ կ՛իրականացնէ եւ անդրազգային յարաբերութիւններ կը մշակէ: Անիկա կը ներկայացնէ հաւաքականութեան հետաքրքրութիւնները, կը պահպանէ եւ կը զարգացնէ անոր մշակոյթը եւ պատմական ժառանգը, կը ջատագովէ անոր քաղաքական կամ մշակութային շահերը ու եթէ առիթը ունենայ, յարաբերութիւններ կը մշակէ հայրենիքի հետ:

Արեւմտեան Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին, Ցեղասպանութենէն ետք տարագիր դարձած հայութիւնը կազմակերպող հիմնական ուժը ՀՅԴն է, առանց մոռնալու այլ կազմակերպութիւններու ունեցած շինիչ դերակատարութիւնը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ որո՞նք են այդ պաշտօնական կառոյցները եւ յստակ նպատակներ հետապնդող աշխատանքները:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Ունինք զանազան միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հիմնարկութիւններ, որպէսզի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով հայերու հետաքրքրութիւնները գոհացնել: ՀՅԴն ունի իր երիտասարդական թեւը՝ ՀԵԴն եւ ՀԵԴ կրտսերները, իսկ սկուատական եւ մարզականը՝ ՀՄԸՄի միջոցով, որ վերջերս աւարտեց իր 48րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը: ՀՕՄը կ՛իրականացնէ բարեսիրական եւ կրթական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութիւններ կը տրամադրէ համայնքին, մինչ Համազգայինը հայ մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու աշխատանքը կը տանի իր պարի, գրականութեան եւ արուեստի զանազան ծրագիրներով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գործէ առաջնորդութեամբ շրջանային վարչութեան մը եւ տեղական մասնաճիւղերով, որոնք սովորաբար կը գործեն Հայ կեդրոններուն մէջ:

Առաւել, մենք ունինք մեր Ազգային վարժարանները եւ եկեղեցիները, որոնց մեծ մասը, եթէ ոչ բոլորը հաստատուած են մեր համայնքներու անդամներուն ժրաջան ջանքերով, առաջնորդութեամբ ՀՅԴ կոմիտէներուն կամ անդամներուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր կառավարող մարմինը, յանձնախումբերը եւ ենթայանձնախումբերը:

Անշուշտ ունինք նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Ուաշինկթընի իր գրասենեակով եւ տեղական մասնաճիւղերով կը ջատագովէ եւ կը պաշտպանէ հայութեան քաղաքական շահերը:

Վերջապէս, կան նաեւ անկախ կազմակերպութիւններ, որոնց հետ կը գործակցինք զանազան ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով, ինչպէս՝ Հայ Իրաւաբանական միութիւնը, որ վերջերս ՀՕՄին հետ համագործակցելով՝ օժանդակեց գաղթականական սպասարկութիւններու կարիքը ունեցող հայերու: Նաեւ, այս տարուան սկիզբը տեղի ունեցած հրդեհներէն ետք, ի մի բերինք հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները՝ աջակցութեան ձեռք երկարելու համար կարօտեալներուն:

Տարիներու ընթացքին, նաեւ կազմած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համագաղութային կազմակերպութիւններ եւ կարեւոր մէկ մասն ենք Հայ-ամերիկեան թանգարանին եւ Համահայկական հիմնադրամին Միացեալ Նահանգներու մարմինին, այլ մարմիններու կողքին:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞սկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Անշուշտ. տարիներու ընթացքին, մեր շրջանը իր պարտականութենէն աւելին ըրած է՝ հասնելու համար Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան հայկական համայնքներու կարիքներուն: Միշտ պատրաստ եղած ենք օգնելու մեր հայրենակիցներուն, բարեսիրական օժանդակութիւն հասցնելով Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու կարիքաւոր հայերուն:

Հայրենիքի մէջ մեր նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է սահմանակից գիւղերու մէջ շարք մը դպրոցներ վերակառուցել: Հաստատեցքին եւ կը շարունակենք գործօն պահել Գիւմրիի Երիտասարդական կեդրոնը, տեղւոյն պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կրթական ծառայութիւններ, ինչպէս նաեւ համալսարանական կրթանպաստներ տրամադրելով: Այդպիսի կեդրոն մը հովանաւորած ենք նաեւ Արցախի Կովսական համայնքին մէջ: Նաեւ, մեր ջանքերուն շնորհիւ, միլիոնաւոր, եթէ ոչ միլիառաւոր տոլարի օժանդակութիւն ապահոված ենք Հայաստանին եւ Արցախին, նախքան վերջին պատերազմը եւ Փաշինեանի վարչակազմին անձնատրութիւնը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».– Յիշեցիք Փաշինեանի վարչակազմը. ի՞նչ կարծիք ունիք Հայաստանի մէջ վերջին հալածանքներուն մասին, որոնց թիրախներուն մէջ կան կղերականներ եւ ՀՅԴի անդամներ:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Դժբախտաբար, Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը չի կրնար կամ չի փափաքիր ստանձնել համայն հայութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի իրաւունքներու պաշտպանը հանդիսանալու իր դերը: Փոխարէն, անիկա ինկած է մէջը հակադրութիւններու, անոնք, լաւագոյն պարագային, առաջնորդած են շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան սխալ արժեւորումներու, որոնք նպաստաւոր են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն: Ամէնէն վատ պարագային, Երեւան մեղսակից դարձած է վերջին 7 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի կրած յաջորդական կորուստներուն, գործնականապէս նպաստելով Հայաստանի Հանրապետութեան աստիճանական անհետացման ջանքերուն:

Հայաստանի ներկայ իրավիճակը բնական շարունակութիւնն է շրջանի քաղաքական դերակատարներուն եւ հզօր պետութիւններուն կողմէ խաղաղութեան գործընթացի մը քօղին տակ հրամցուող անձնատրութեան եւ մաս կը կազմէ ուշադրութիւնը շեղելու բռնատիրական ջանքերուն, յաւելեալ զիջումներու նախօրեակին:

Ինչ կարծիք որ ունենանք նախորդ իշխանութիւններուն մասին, ներկայ կառավարութիւնը ցարդ մեծագոյն վնասը հասցուցած է: Անիկա կրցած է մասնատել Հայաստանի ժողովուրդը, Սփիւռքին եւ Հայաստանի միջեւ վիհը զգալիօրէն ընդարձակած է, ոտնահարած է ազգային արժէքներն ու մեր ազգային իղձերը, որոնց շարքին են Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցում ապահովելը եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելը:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան այն միջոցին, երբ հայութիւնը պէտք է հզօրացնէ իր միասնականութիւնը՝ դէմ դնելու համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գոյութենական սպառնալիքներուն, որոնց նպատակն է ամբողջացնել 1915ին սկսած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն, Փաշինեանի վարչախումբը հայութեան միասնականութեան աւելի մեծ հարուած հասցուց, քան՝ Խորհրդային Միութիւնը իր իշխանութեան 70 տարիներուն ընթացքին:

Արդիւնքը շատ յստակ է եւ կարեւոր հարցումները հետեւեալներն են.

1.- Արդեօք տեղի ունեցածը նախապէս ծրագրուա՞ծ եւ համակարգուա՞ծ է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ արեւմտեան գերուժերուն հետ, որոնք կ՛ուզեն իշխել ուժանիւթի փոխադրութեան եւ առեւտուրի ճամբաներուն, թէ հետեւանք է ամբողջական անատակութեան

2.- Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք կացութիւնը դարմանել եւ վերամիացնել հայութիւնը, յատկապէս սերտացնելով Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կապերը: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք զօրացնել մեր դիրքերը տարածաշրջանին մէջ եւ միջազգային մակարդակով, դարձեալ առաջնահերթ դարձնելով մոր ազգային օրակարգը, որպէսզի վերսկսինք մեր առաջնահերթութիւնները յառաջ մղելու աշխատանքը:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company