Արտապատուիրակում. Վարձո՞ւ, Թէ՞ Ծախու Հող
24 Հուլիս 2025
«Այսուհետեւ երբե՛ք, երբե՛ք եւ երբե՛ք պիտի չըլլայ այնպէս՝ որ այս հողը դարձեալ եւ բռնի կերպով ճնշման ենթարկուի»։
Նելսըն Մանտելա (1918-2013, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ)
Այսօր արդեօք ո՞վ կը յիշէ ու կը լսէ Մանտելայի այս խօսքը, որ անոր բազմաթիւ այլ իմաստուն հաստատումներու շարքին է: Բայց վստահաբար չէ մոռցուած, որ ան տասնամեակներու պայքարէ ետք, յաղթանակ տարաւ ցեղային խտրականութեան՝ «ափարթէյտ»-ի վրայ։
Մերօրեայ Հայաստանին մէջ, շնորհի՜ւ ՔՊ-ական վարչախումբին, Հարաւային Ափրիկէի գինիի արտադրութեան եւ արտադրութեանց մակարդակին մասին տեղեկութիւնները հաւանաբար աւելի տարածուած են, քան արդարութեան, արդարադատութեան եւ մարդկայնութեան հերոս Մանտելայի կեանքի պատգամները եւ սխրանքը։
Եզակի է Փաշինեանի «Նորաձեւ Կրթութեան» եւ այլ հնարքներուն նշաձողը, որ ամէն օր ոլորտէ ոլորտ կ’ոստոստէ: Մերթ Էջմիածին, երբեմն «Զանգեզուրի միջանցք», յետոյ՝ նոյնինքն «Նորաձեւ կրթութիւն» (թէեւ իսկապէս հեռուէն կամ մօտէն աղերս չունի կրթութիւն հասկացութեան հետ) եւ․․․ անշուշտ ամառ է, շոգ, հետեւաբար՝ արձակուրդ։
«Պատմական» էր, նախքան արձակուրդի մեկնիլը, աւելի քան չորս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ եղան քանի մը տասնեակ հլու կամակատարներ, որոնց հարցումներն անգամ, աղաղակող էր, որ նախապէս պատրաստուած էին: Զարմանալի՞ պիտի ըլլար, եթէ պատասխաններն ալ հարցումներէն առաջ տրուէին…։
Հնացող հարցի մը մասին դարձեալ աւելի մելան կը հոսի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին, որ յայտնապէս համաձայնային կարգի (stereophonic) ոճով, ամէն կողմէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ Հայաստանի մթագնող ապագայով մտահոգ հայորդին (թէեւ ՔՊ-ապետը շարունակ կը յոխորտայ, որ «կա՛յ․․․ապագայ կա՛յ»), մանաւանդ որ Ալիեւն ու Արեւմուտքն ալ հետզհետէ աւելի կը խօսին այս նիւթին շուրջ եւ կը մերկացնեն թաքուն իրականութիւններն ու անցուդարձերը։ Ողբերգականը այն է, որ Հայաստանի հասնելիք պատուհասներուն մասին «աւետողները» դարձեալ թուրքն ու ազերին են, իսկ Երեւանի իշխանութիւնը՝ ժողովուրդէն գաղտնի բան չընելու խոստումը տուողը, հաւատարիմ կը մնայ «գաղտապահութեան» եւ… մոլորեցնելու, քնացնելու իր սկզբունքներուն:
Եւ դարձեալ գլուխ կը բարձրացնէ հարցումը. որո՞ւ ապագային մասին կը խօսի ՔՊ-ապետը, հայո՞ւն, թէ՞ թուրքին ու ազերիին…: Պատասխանը յստակ է. ան Հայաստանի ու հայութեան ապագան կը դիտէ թուրք-ազերիներու ակնոցով եւ, ուրեմն, անշո՛ւշտ որ ապագայ կայ անոնց համար:
Անցեալ շաբաթավերջին, Ստեփանակերտի (այժմ Խենկենտի հռչակուած) մէջ, մամլոյ ասուլիս մըն ալ Ալիեւը տուաւ, ուր «թափանցիկ»-ութեան կարիք չկար: Ան բառերը առանց ծամծմելու յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վրայ, ատրպէյճանական բեռները եւ քաղաքացիները պէտք չէ հայ սահմանապահներու հետ աղերս ունենան: Ան շեշտեց, որ անոնց ներկայութիւնը անբաղձալի է, եւ թէ՝ յստակ հիմերու վրայ դրուած ապահովութեան միջոցներով՝ ժողովուրդն ու բեռները ազատօրէն պիտի շրջագային։ Աւելի ազդեցիկ տպաւորութիւն ձգելու համար, ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանէն դէպի Ատրպէյճան (այսինքն՝ Նախիջեւան) երթեւեկը պէտք է ըլլայ ապահով։ Մանուկն անգամ կրնայ հասկնալ, թէ Ալիեւ ինչի՛ մասին կը խօսի, իսկ Հայաստանի մէջ, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ Սփիւռքի, կան թերաճ միտքով մանուկներ…
Փաշինեան, իր մարաթոնային հարցազրոյցին պահուն, այս գծով յայտարարած էր, որ Հայաստանի տարածք մուտք գործող բոլոր բեռներն ու քաղաքացիները, ներառեալ տարանցիկները, պէտք է անցնին մաքսային եւ սահմանային վերահսկողութենէ՝ միջազգային ընդունուած չափանիշներով, աւելցնելով, որ Երեւան չի կրնար անտեղեակ ըլլալ, թէ ո՞վ մուտք գործած եւ ո՞վ դուրս եկած։ Աւելի գլխապտոյտ յառաջացնելով, ան նոր բառ մըն ալ գործածեց՝ արտապատուիրակում (outsourcing), որուն մասին փորձեց աւելի յստակացումներ կատարել, ոչինչ ըսող եւ մոլորեցնող բացատրութիւններով։
Արեւմուտքին համար, յստակ է, թէ տնտեսական այլ կարեւոր եւ բարդ հարցեր պիտի լուծուին։ Այսպէս, հեռաւոր Ասիայէն, առանց ռուսական, չինական եւ իրանական խոչընդոտի, քարիւղն ու այլ հում նիւթեր պիտի հասնին Եւրոպա, եւ այսպիսով պիտի մեկուսացնեն ու տնտեսապէս պիտի տկարացնեն յիշեալ երկիրները։ Անշուշտ, անոնց համար, ներառեալ Ուաշինկթընի պատուիրակ եւ Թուրքիոյ մէջ Ա.Մ.Ն.-ի դեսպան Թոմ Պարաքի՝ «համաթուրանականութիւն» գոյութիւն չունի: Նմաններ շուտով պիտի հասկնան, թէ այդ «միջանցք»-ին քարտէսը ինչպիսի արհաւիրք մըն է ո՛չ միայն Հայաստանի համար:
Հայաստանցին, գոնէ փաշինեանական սուտերու մէջ հանգի՜ստ լողացող զանգուածը դեռ կը մնայ թմբիրի մէջ։ Ամէնադոյզն զգացումը չունի թէ, իր հայրենիքին գլխուն ինչե՜ր կը նիւթուին, երբ վարչախումբը արտապատուիրակման դռները թակած է։ Յստակ ալ չէ հայրենիքը վարձո՞ւ պիտի տրուի, թէ՞ ծախու հանուած է։ Իշխանաւորներուն համար դժուար պիտի չըլլայ, նոր կորուստներէ ետք, յայտարարել, որ ի՞նչ կրնանք ընել, ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ կը պահանջեն նշաձող իջեցնել, եւ այդ օրը, մարդիկ, եթէ ձեւը գտնեն թմբիրէ դուրս գալու՝ իրենց գլխուն պիտի զարնեն, երբ նշաձող ըսուածը չգտնեն:
…Եւ այս բոլորը կը պատահին յուլիսեան այս շոգ օրերուն, երբ կը յիշենք, որ 42 տարի առաջ, հինգ երիտասարդներ, Լիզպոնի մէջ, ցեղասպան թշնամին սասանող սխրալի գործողութեամբ մը՝ թմբիրէ դուրս բերին անտարբեր աշխարհը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական