74 ԼԵՄ-ականներ Իրենց Աշխուժ Մասնակցութիւնը Բերին ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումին
24 Հուլիս 2025
Այսօր` 24 յուլիս 2025-ին, 74 ԼԵՄ-ականներ կը վերադառնան հայրենիքէն, իրենց աշխուժ եւ արժանի մասնակցութիւնը բերելէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպած ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումին:
14 տարուան դադարէ ետք տեղի ունեցած այս բանակումը բնականաբար խանդավառեցնող երեւոյթ է գաղութային եւ համագաղութային մակարդակներով: Ամբողջ սփիւռքէն շուրջ 340 երիտասարդներ եւ ուսանողներ համախմբուեցան Հայաստան: Պէտք է նշել, որ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութենէն ընկերներ` իբրեւ յաւելեալ հաստատում, որ Արցախի դատը աւարտած չէ եւ Արցախի երիտասարդութիւնը հաստատ քայլերով եւ ազգային սկզբունքներով առաջնորդուող միաւոր է:
Արդէն իսկ համահայկական բանակումի բացումը «Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած յուշարձանին առջեւ ինքնին ապացոյց է, որ ՀՅԴ-ի «Մահ կամ ազատութիւն» սկզբունքը ի զօրու է, թուրք թշնամիին հանդէպ վրէժխնդրութեան բոցը անմար է եւ դաշնակցական երիտասարդին կամքը աննկուն է:
Աւելի՛ն, դաշնակցական երիտասարդութիւնը նաեւ ցոյց տուաւ, որ ինք նաեւ կը գիտակցի ազգային արժէքներու պահպանման արժէքին` այցելելով Ս. Էջմիածին եւ հանդիպելով Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:
Աւարտին, այս բանակումին ընթացքին երդում կատարելով կամ երդում վերանորոգելով, դաշնակցական երիտասարդութիւնը հաստատեց, որ ինք կը մնայ հաւատարիմ ՀՅԴ ծրագիրին եւ նպատակներուն` ի խնդիր Հայ դատի իրագործման եւ մեր ամբողջական յաղթանակի իրագործման:
Վերջապէս, պէտք է արժեւորել բոլոր անոնք, որոնք նիւթապէս կամ բարոյապէս օժանդակեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ին, որպէսզի ապահովէ միութեան պատմութիւնը, կշիռքը եւ արժէքը պարտադրող 74 ԼԵՄ-ականներու մասնակցութիւնը այս բանակումին: