Խմբագրական. Երկու Ցուցատախտակներէն Մէկուն Ուղղութեան Ընտրութեան Գերխնդիրը
22 Օգոստոս 2025(Անկախութեան Հռչակագիրի Օրուան Առիթով)

Քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ Անկախութեան հռչակագիրին օրուան նշումը որոշ դիրքորոշումներու մասին ընդգծումներ կը կատարէ:
Պարզ է, որ Պաքուն կը ճնշէ Երեւանի վրայ, որպէսզի փոխուի սահմանադրութիւնը: Պաքուն շահագրգռող բաժինը Անկախութեան հռչակագիր-սահմանադրութիւն իրաւական կապն է: Անկախութեան հռչակագիրը չի կրնար չեղարկուիլ: Պատմական փաստ է, փաստաթուղթ, որուն հիմնադրոյթներուն վրայ հիմնուած է Հայաստանի վերանկախացած Հանրապետութիւնը: Այդ դրոյթները վերափոխուեցան իրաւադրոյթի, որովհետեւ սահմանադրութեան նախաբանը յղում կատարեց այդ պատմական փաստաթուղթին: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պահանջն է, որ իրաւական այդ յղումը չեղարկուի, վերանայ: Այստեղ կան Արցախի վերամիաւորման, համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ Ցեղասպանութեան` միջազգային մակարդակով սատար կանգնելու հրամայականները ամրագրող հիմնադրոյթներ:
Երբ նկատենք, որ «Իրական Հայաստան»-ի ապագաղափարախօսութեամբ Երեւանի իշխանութիւնները եւս միեւնոյն նպատակը կը հետապնդեն, կը հետեւցնենք այն, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը այսօրուան պայմաններուն մէջ թէ՛ պաշտօնական Երեւանի եւ թէ՛ Պաքուի միացեալ առաջադրանքն է:
Մնացեալը շղարշ է, առ այն, որ գործող սահմանադրութիւնն ու նախորդ տարբերակները չեն ստացած ժողովուրդին քուէն, հետեւաբար անհրաժեշտ է հիմնովին փոխել սահմանադրութիւնը եւ ապահովել ժողովուրդի կամքով հաստատուած սահմանադրութիւն:
Պաքուն չէ բաւարարուած խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած փաստաթուղթի 12-րդ յօդուածի հետեւեալ բաժինով. «Կողմերը իրենց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կ՛առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով եւ սոյն համաձայնագիրով: Կողմերէն ոչ մէկը կրնայ վկայակոչել իր ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները` իբրեւ սոյն համաձայնագիրի չկատարման հիմնաւորում»:
Սկզբունքով այս մէկը բաւարար պէտք է ըլլար, որ Երեւանը պարտաւորուած չդիմէր սահմանադրութեան փոփոխութեան կամ չընդառաջէր Պաքուի նախապայմանին: Բայց խնդիրը այն է, որ «Իրական Հայաստան» ստեղծելու կեղծ օրակարգին տակ վարչապետին գլխաւորած ուժը կը փորձէ համոզել, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է խաղաղութիւն ստանալու համար: Ինչպէս որ անհրաժեշտ էր Արցախի յանձնումը խաղաղութիւն ստանալու համար: Ինչպէս որ անհրաժեշտ էր Սիւնիքի անցքի տրամադրումը խաղաղութիւն ստանալու համար, հիմա ալ անհրաժեշտ է սահմանադրութիւնը փոխել, հրաժարիլ Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներէն, համազգային բոլոր իրաւունքներէն, խաղաղութիւն ստանալու համար:
Այս երթը կրնայ շարունակուիլ: «Իրական Հայաստան»-ի կայացման համար կրնան նոր զիջումներ եւս պահանջուիլ: Այս բոլորին արանքին, ԵԱՀԿ-ի լուծարումը, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքէն հրաժարումը, ռազմագերիներու ազատ արձակումը խաղաղութեան գործընթացէն տարանջատումը եւ մասամբ նորին, կրնան համալրուիլ նոր նախապայմաններով եւ նոր զիջումներով:
Հիմա յայտարարուած է, որ սահմանադրութիւն պիտի փոխուի հանրաքուէով: Ժողովուրդը կանգնած է կարեւորագոյն ստուգատեսի դիմաց: Ճակատագրորոշ ճամբաբաժան է, որուն ցուցանակներուն մէկ ուղղութեան վրայ գրուած է կառչած մնալ Անկախութեան հռչակագիրին եւ համազգային իրաւունքներուն, իսկ միւս ցուցատախտակին վրայ` «Դէպի Իրական Հայաստան»:
Խաչմերուկի այս երկու ցուցատախտակներէն մէկուն ուղղութեան ընտրութենէն կախեալ է ժողովուրդին, ազգին, հայրենիքին, պետականութեան եւ Հանրապետութեան հետագայ ճակատագիրը:
Անկախութեան հռչակագիրի օրը այս վճռորոշ փուլի նախապատրաստութեան մասին կը յուշէ ամէն բանէ առաջ:
Ազդակ