Հ.Յ.Դ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Պատգ. Ժողովը
03 Նոյեմբեր 2025
Անցնող շաբաթավերջին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ եղան Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի խումբերու պատգամաւորները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի երիտասարդականի հարցերու ներկայացուցիչը, Պատանեկան միութեան Ընդհ. վարիչ մարմինը, Հայ դատի յանձնախումբի եւ շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»-ը։
Առաջին օրուան ընթացքին, մանրամասն քննուեցաւ անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ լուսարձակի տակ առնուեցան միութեան կատարած աշխատանքները զանազան ոլորտներէն ներս։ Ժողովը իր գնահատականը ուղղեց զանազան իրագործումներուն մասին, ընելով համապատասխան քննարկումներ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան եւ յաջողութեան առնչութեամբ։
Երկրորդ օրը, ժողովը անցաւ նոր տարեշրջանի աշխատանքներու ձեւաւորման եւ կատարեց բազմատեսակ առաջարկներ շարք մը բնագաւառներու մասին, կազմելով նոր աշխատանքներու շրջագիծը։ Անոնց շարքին էին կազմակերպչական եւ դաստիարակչական հնարաւորութիւնները, քարոզչական միջոցները եւ ընկերային ցանցերու առաւել օգտագործումը։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ երիտասարդներու ներգրաւումը, ակմբային կեանքին առաւել ծաղկումը եւ ընկերային մթնոլորտի յարատեւումը։
Ժողովը յատուկ կարեւորութամբ անդրադարձաւ Եւրոպայի Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութիւննրուն հետ գործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ լայնօրէն քննուեցան Հայ դատի հետապնդման, Արցախի հիմնահարցի կապակցութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին քաղաքական ու քարոզչական միջոցառումներու կազմակերպման ուղղութիւնները։
Աւարտին, ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական վարչութեան կազմը, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն՝
Վահրամ Չաքալեան,
Ալեքս Ազալեան,
Փաթիլ Պարղուտեան,
Արա Մանկոյեան,
Ռեկինա Միքայէլեան,
Մարիաննա Ամիրիտու
եւ Սերճիօ Մանկոյեան։
